Էտըմ Շիֆ Հայոց Ցեղասպանութեան Շուրջ Հայերէնով Խօսք Մը Արտասանած Է Քոնկրեսին Մէջ

Ամերիկացի հայամէտ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին վերաբերեալ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան մէջ հայերէնով խօսք մը արտասանելով յայտնած է. «Ձեզի հետ կը խօսիմ այն մարդոց լեզուով, որոնք այլեւս չկան: Անոնք մեզմէ կը խնդրեն զիրենք յիշել»` շեշտելով, որ Թուրքիա կը փորձէ ամէն ինչ ընել, որ աշխարհը մոռնայ 1915-ի ցեղասպանութիւնը:

Շիֆ յոյս յայտնած է, որ Անգարա օր մը կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն լաւ կ՛ընէ, եթէ այդ մէկը շուտ ընէ, որպէսզի այդ խօսքերը լսեն նաեւ ցեղասպանութենէն վերապրածները:

Պաղըշ Կը Մեղադրէ Սփիւռքը` Հայաստանի
Շահերուն
Վնաս Հասցնելու Յանցանքով

«Հապերթիւրք» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցով նախարար եւ աւագ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ, անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի 24 ապրիլի տարեկան ուղերձին, յայտնած է, որ ամէն 24 ապրիլի նախօրեակին Միացեալ Նահանգներու թուրքերն ու հայերը երկրին նախագահին կողմէ «ցեղասպանութիւն» եզրի օգտագործման վերաբերեալ Սպիտակ տան ու արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ լոպիինկ կատարելու համար ամէն ինչ կ՛ընեն:

«Կարծիքովս` պէտք է ելոյթներէն եւ բառերէն վեր նայինք: Միացեալ շահեր ունինք: Ցաւօք, հայկական սփիւռքը Հայաստանի իրական ազգային շահերուն վնաս կը հասցնէ», ըսած է ան եւ յայտարարած, որ իրենք 1915-ին առարկայական ձեւով կը նային եւ այդպէս ալ պիտի շարունակեն: «9 տարի առաջ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Հայաստանի նախագահին նամակ յղած էր: Ան ըսած էր, որ պատրաստ է առերեսուելու պատմութեան հետ: Թերեւս ան այդ խօսքը ըսող առաջին թուրք քաղաքական գործիչն էր», ըսած է ան:

Պաղըշ դարձեալ պնդած է, որ համաշխարհային առաջին պատերազմի տարիներուն ներքաղաքացիական կռիւներ եղած են, սակայն եթէ այլ փաստեր կան, ապա իրենք պատրաստ են զանոնք քննարկելու: «Պատմաբանները, վերլուծաբանները թող ուսումնասիրեն, մենք ալ, իբրեւ քաղաքական գործիչներ, պիտի նայինք եւ որոշում տանք: Սակայն ներկայ Թուրքիոյ մէջ տեղի չունեցած դէպքերուն մեղքը ընդունիլ ստիպելը արդար չէ», ըսած է թուրք նախարարը:

Ան նշած է, որ պէտք է կեդրոնանալ ապագային վրայ եւ հետագային պիտի կարենան լուծել խնդիրները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )