«Կը Կանգնինք Բոլոր Հայերու Կողքին` Յիշատակելով Մեծ Եղեռնի Մութ Էջերը» Կ՛ըսէ Օպամա

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա հրապարակեց Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին վերաբերեալ իր ուղերձը, որ էականօրէն չէր տարբերեր նախորդ տարուան ուղերձէն, ուր «ցեղասպանութիւն» եզրին փոխարէն ան օգտագործած էր «Մեծ եղեռն» արտայայտութիւնը:

«Հանդիսաւոր կերպով այսօր կը յիշենք 98 տարի առաջ տեղի ունեցած պատմական իրադարձութիւնները, որոնց հետեւանքները դարձան 20-րդ դարու ամէնէն սարսափելի վայրագութիւնները: 1.5 միլիոն հայեր կոտորուած կամ մահուան երթի տարուած են Օսմանեան կայսրութեան գոյութեան վերջին օրերուն: Այս կարեւոր օրը մենք կը կանգնինք բոլոր հայերուն կողքին` յիշատակելով Մեծ եղեռնի մութ էջերը եւ նպաստելով հայ ժողովուրդի առաւել պայծառ ապագայի կերտման», ըսած է Օպամա` աւելցնելով, որ «մեր պարտքն է յարգել զոհերու յիշատակը եւ թոյլ չտալ պատմութեան այդ մութ էջերու կրկնութիւնը»:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը այս առնչութեամբ հրապարակած է ուղերձ մը, որուն մէջ կը նշուի, որ հակառակ նախագահ Օպամայի`  ճշմարտութեան պատշաճ կերպով չանդրադառնալուն, իրենք պիտի շարունակեն իրենց պայքարը յանուն արդարութեան, ցեղասպանութեան ճշմարտացի ճանաչման:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ափսոսանք կը յայտնէ եւ կը նշէ, որ «Օպամայի յայտարարութիւնը կը հանդիսանայ հայկական կողմի տեսակէտը հարցի մը շուրջ, որ ցաւոտ է ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Թուրքիոյ համար»:

Նաեւ կը նշուի, որ Ուաշինկթընի կողմէ այդպիսի յայտարարութիւնները կը խոչընդոտեն 1915-ի դէպքերուն պարզաբանութեան հարցը:

Share this Article
CATEGORIES