Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակին Առիթով Հայութեան Զօրակցական Կեցուածքներ

ՆԱԶԵՄ ԽՈՒՐԻ

Հրաժարեալ կառավարութեան մէջ կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրի զօրակցութիւն յայտնեց հայութեան, որ իր դէմ գործուած ցեղասպանութենէն գրեթէ 100 տարի ետք կենդանի կը պահէ իր դատը:

«Ցաւ կը յայտնենք ցեղասպանութեան նահատակներուն համար եւ կ՛ողջունենք հայութեան անկոտրում կամքը եւ կառչածութիւնը իր իրաւունքներուն, որոնց շնորհիւ ան կրցաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին աշխարհի մէջ 26 պետութիւններու եւ 43 խորհրդարաններու ճանաչումը ապահովել», շեշտեց Խուրի:

Այս առիթով մենք կ՛ողջունենք լիբանանահայութիւնը, որ օր ըստ օրէ կը մարմնաւորէ իր հողին նկատմամբ իր կառչածութիւնը, ինչպէս նաեւ կիսեց մեր ցաւերը եւ բաժնեց մեր ուրախութիւնները` բարձր պահելով լիբանանեան դրօշը, ինչպէս նաեւ` խաղաղութեան եւ համախոհութեան դրօշը:

ՖԱՅԵԶ ՀԱԺ ՇԱՀԻՆ

Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստի մասնակից դոկտ. Ֆայեզ Հաժ Շահին Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին առիթով զօրակցութիւն յայտնեց լիբանանահայութեան:

Ան նշեց, որ լիբանանահայութիւնը իր զաւակներուն տաղանդին եւ լիբանանեան կեանքին մէջ անոնց աշխուժ մասնակցութեան շնորհիւ` իր հանդէպ յարգանք պարտադրած է:

Հաժ Շահին շեշտեց, որ լիբանանահայութիւնը իր արժանապատուութիւնը բարձր պահեց եւ ձեռքը օտարին չբացաւ:

ՆԻՔՈԼԱ ԺԱՆ ԹՈՒԷՅՆԻ

Նիքոլա Ժան Թուէյնի հեռագիրով մը  ցաւակցութիւն յայտնեց Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերուն համար` պաշտպանելով իրենց ինքնութիւնը: «Ինչպէս ամբողջ մարդկութիւնը, նոյնպէս եւ մենք պիտի չմոռնանք հայութեան զոհերը», ըսաւ ան:

Թուէյնի շեշտեց, որ հայերը, Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ ամբողջ աշխարհի տարածքին, զոհողութեան, յանձնառութեան եւ նորարարութեան ուսանելի օրինակներն են քաղաքական, ընկերային, արուեստի եւ այլ մարզերու մէջ: «Հայութիւնը նաեւ տիպար օրինակն է աշխարհի տարածքին հալածուած ժողովուրդներուն եւ անոր արիւնը յումպէտս չէ հոսած», նշեց Թուէյնի:

Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը, կեցցէ՛ հայ ժողովուրդին արդար պայքարը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ

Լիբանանի երիտասարդական շարժումին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ հայութեան դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ ոճիր է, հակառակ անոր որ տակաւին այդ ցեղասպանութեան նկատմամբ համաշխարհային լռութիւն, անտարբերութիւն եւ ուրացումի կեցուածքներ կը ցուցաբերուին:

Շարժումը պահանջեց, որ թրքական պետութիւնը ճանչնայ Հայոց  ցեղասպանութիւնը եւ հատուցումներ կատարէ հայութեան, ինչպէս է պարագան Գերմանիոյ:

Հաղորդագրութեան մէջ անհրաժեշտ նկատուեցաւ պատմութեան նկատմամբ յիշողութիւնը վառ պահելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ խօսքի եւ յիշողութեան իրաւունքի պահպանումը:

ՆԱՈՒՖԱԼ ՏԱՈՒ

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ընդհանուր քարտուղարութեան անդամ Նաուֆալ Տաու Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին առիթով յղած իր նամակին մէջ անկարելի նկատեց, որ միջազգային արդարութեան դարուն տակաւին մարդկային իրաւունքները թիրախ դարձնող բռնարարքներուն, սպանդներուն եւ ցեղասպանութիւններուն նկատմամբ անտարբերութիւն ցուցաբերուի:

Տաու անհրաժեշտ նկատեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը լուծուի, առանց երկու չափ երկու կշիռի քաղաքականութեան կիրարկման:

Տաու ընդգծեց, որ թրքական պետութեան համար անընդունելի է մնայուն կերպով իր պատասխանատուութիւններէն փախուստ տալը` աւելցնելով, որ ան իբրեւ ժառանգորդ ստիպուած է ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հատուցումներ կատարել:

«Ժամանակն է արդէն, որ թուրք ղեկավարներ անսան իրենց խղճի ձայնին եւ վերջ տան հայ ժողովուրդին դէմ գործուած արհաւիրքներուն ու աղէտին», շեշտեց Տաու:

ՖԱՐԻՏ ԽԱԶԵՆ

Նախկին նախարար Ֆարիտ Հայքալ Խազեն շեշտեց հայութեան արդար իրաւունքին զօրակցելու կարեւորութիւնը: Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ իրենք հայերուն ցաւը բոլորէն աւելի կը հասկնան, որովհետեւ անոնք փոքր, բայց ապահով Լիբանանի մէջ կը գոյակցին իրարու հետ, ինչպէս նաեւ հալածանքէ հեռու առիթ ունին արտայայտելու իրենց կարծիքները եւ հետեւելու իրենց կրօնին ու հաւատալիքներուն:

ՆԵՊԻԼ ՆԻՔՈԼԱ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան

Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայութեան եւ լիբանանցիներուն դէմ գործուած սպանդները մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներ են:

ՄԱՐՈՆԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԼԻԿԱ

Մարոնի համայնքի լիկայի գործադիր խորհուրդը ողջունեց լիբանանահայութիւնը, որ կրցած է շրջանցել իր պատմութեան արհաւիրքները:

Հայոց ցեղասպանութեան ցաւալի յիշատակին առիթով Մարոնի համայնքի լիկան հաստատեց, որ հայ ժողովուրդի նահատակներուն հոգիները հայութեան մէջ դիմադրութեան կրակը վառ պահեցին եւ զայն դարձուցին բարիի նկատմամբ համախոհութեան ջատագով:

ԺՈՐԺ ՔԸՐՏԱՀԻ

Լրագրող, հաղորդավար Ժորժ Քըրտահի, որ մասնակցեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին առիթով կատարուած հսկումին, շեշտեց, որ ինք շատ մօտ կը զգայ հայ ժողովուրդին, նախ այն պատճառով, որ ծնած ու մեծցած է գիւղի մը մէջ, ուր իր դրացիները եւ ընկերները հայեր եղած են, ինչպէս նաեւ այն իրականութեան համար, որ լիբանանցիներուն եւ հայութեան միջեւ գոյութիւն ունին բազմաթիւ հասարակ յայտարարներ:

Պատմութեան ընթացքին այն ջարդերուն, որոնց ենթարկուած են հայերը, ենթարկուած են նաեւ մարոնիները, սակայն աստիճանաբար:

1915-ին հայ ժողովուրդը տուաւ մէկուկէս միլիոն նահատակ, եւ այդ պատճառով ինք ներկայ է հսկումին, առ ի զօրակցութեան հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ ոգեկոչելու հայութեան նահատակներուն յիշատակը: Անհրաժեշտ է, որ ժողովուրդ մը յիշէ իր պատմութիւնը, իր մշակոյթը, որպէսզի կարենայ ապահովել ու պահպանել իր ապագան:

Արաբական աշխարհին ու Լիբանանի մէջ թրքական քաղաքական դերակատարութեան մասին խօսելով` Ժ. Քըրտահի ըսաւ. «Բոլորս` ոչ միայն հայերը, այլ բոլոր ժողովուրդները, անկասկած տառապած ենք թրքական բռնատիրութեան ժամանակաշրջանին: 1914-ին սով կը տիրէր Լիբանանի մէջ եւ ժողովուրդը կ՛ապրէր թրքական շրջափակման տակ: Մեծ թիւով լիբանանցիներ սպաննուեցան թուրքերուն կողմէ: Նահատակաց հրապարակի յուշարձանը վկայ է, թէ ինչպէ՛ս թուրքերը ոճրագործութիւններու ձեռնարկեցին, թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Սուրիոյ մէջ: Իսկ Թուրքիոյ վարած այսօրուան քաղաքականութիւնը վատ քաղաքականութիւն մըն է, որ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կը պատկանի: Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այսօր Թուրքիան ետ կը տանի. անոր վարած քաղաքականութիւնը ոչ միայն վնասակար է Թուրքիոյ ժողովուրդին, այլ ամբողջ արաբական աշխարհին համար: Մասնաւորաբար երբ շատ յստակ դարձած է Սուրիոյ մէջ անոր աւերիչ քաղաքականութիւնը, որուն նպատակն է աւերել ու տապալել Սուրիոյ տնտեսութիւնը, կառոյցը եւ ամբողջ երկիրը»:

Քըրտահի դարձեալ ողջունեց հայերը` հաստատելով անոնց նկատմամբ իր յարգանքը եւ բարձր գնահատելով անոնց գոյատեւելու ու ստեղծագործելու կամքը:

Share this Article
CATEGORIES