Ս. Էջմիածինի Մէջ Պատարագ` Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին
24 ապրիլին Ս. Էջմիածինի մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակի յիշատակին: Պատարագիչն էր Ս. Էջմիածինի Վանորէից տեսուչ Արտակ եպս. Տիգրանեան: Արարողութեան ընթացքին սրբազան հայրը հրապարակեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի միացեալ յայտարարութիւնը, որով Թուրքիոյ պետութեան կոչ կ՛ուղղուի ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, ամբողջական հատուցում տալու հայ ժողովուրդի կրած կորուստներուն եւ մարդկային ու ազգային ոտնահարուած իրաւունքներուն դիմաց, ինչպէս նաեւ անյապաղ հայ ժողովուրդին վերադարձնելու` իբրեւ իրաւատիրոջ, հայկական եկեղեցիները, վանքերը, եկեղեցապատկան կալուածները եւ հոգեւոր-մշակութային արժէքները:
Ապա պատարագիչ Արտակ սրբազան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին: Ան ընդգծեց, որ հայ ժողովուրդին դէմ կատարուածը ապրող, բաբախող եւ պատգամող իրականութիւն է: «Մեր պատմութեան սեւ էջերը, դժբախտութիւնները, աւերն ու կործանումը, գերութիւնն ու աքսորը, գաղթն ու ջարդը մահուան ստուերով մեզի երբեք չեն ծանրացուցած, որովհետեւ կրցանք մեր հոգիները թեթեւ ու պայծառ պահել լուսաւոր տեսիլներով, որովհետեւ մենք եղած ենք եւ կանք իբրեւ կեանքին ու լոյսին նուիրուած ժողովուրդ», նշեց Արտակ եպս. Տիգրանեան:
Արտակ սրբազանը ընդգծեց, որ Աստուած մեզի կը կանչէ զինուելու` ներքնապէս, հոգեպէս եւ հոգեւորապէս ու պայքարելու յանուն արդարութեան:
Ս. պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն նախագահութեամբ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին, Մայր տաճարի շրջափակին մէջ 1915 թուականի Մեծ եղեռնի նահատակներու յիշատակին համար կառուցուած Աղօթքի եւ ուխտի խաչքարին մօտ:

