Լիբանանեան Մամուլին Անդրադարձը` Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակի Ոգեկոչման

Լիբանանի մէջ 23, 24 եւ 25 ապրիլին լոյս տեսած լիբանանեան օրաթերթերը անդրադարձան Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակի ոգեկոչման եւ այդ առիթով  լիբանանահայութեան կողմէ կատարուած քայլարշաւին:

Իւրաքանչիւր օրաթերթ իր դիտանկիւնէն մեկնելով եւ իր իւրայատուկ վերլուծումներով անդրադարձաւ քայլարշաւին եւ ոգեկոչման պաշտօնական հանդիսութեան` շեշտը դնելով նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած պատարագին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին արտասանած քարոզին ու ցեղասպանութեան 98-ամեակին առիթով անոր յղած պատգամին եւ ներկայացուցած պահանջներուն վրայ:

Գրեթէ լիբանանեան բոլոր օրաթերթերուն կողմէ անդրադարձ կատարուած էր նաեւ քայլարշաւէն ետք արտասանուած խօսքերուն ընթացքին իր մասնակցութիւնը բերած առեւանգուած լիբանանցիներու ընտանիքներուն պատուիրակութեան` նկատի ունենալով, որ այս հանգրուանին անոնք եւս օրական դրութեամբ բողոքի ցոյցեր կը կատարեն Թուրքիոյ եւ Լիբանանի մէջ թրքական շահերուն դէմ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ»

«Ժումհուրիա» օրաթերթը իր կատարած անդրադարձին մէջ կ՛ակնարկէ 98-ամեակին` հաստատելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը կը միասնականացնէ հայութիւնը, որուն վերջնական հայրենիքը Լիբանանն է:

Այս առիթով օրաթերթը հարցազրոյց մը ունեցած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի հետ:

Յ. Մխիթարեան յայտնած է, որ պայքարը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ Թուրքիա ընդունի Հայոց ցեղասպանութիւնը` իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ, եւ նիւթական ու բարոյական հատուցումներ կատարէ հայոց: Ան նշած է նաեւ, որ աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ գտնուող հայկական գաղութները կ՛ոգեկոչեն Հայոց ցեղասպանութիւնը:

«Իբրեւ լիբանանցիներ եւս մենք պէտք չէ մոռնանք, թէ շրջանին մէջ ի՛նչ տառապանքներէ անցանք, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը կը տիրապետէր շրջանին: Մենք Լիբանանի մէջ կ՛ապրինք, ինչպէս մնացեալ բոլոր համայնքները. մենք հայկական արմատներ ունեցող լիբանանցիներ ենք եւ գիտենք արժէքը Լիբանանին, որ մեզի համար վերջնական հայրենիք է», ըսած է ան:

Յ. Մխիթարեան յայտնած է, որ Լիբանան միակ արաբական երկիրն է, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Երէկուան իր թիւով «Ժումհուրիա» անդրադարձած էր Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն համար մատուցուած հոգեհանգստեան արարողութեան, լուսարձակի տակ առած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կեցուածքները, ինչպէս նաեւ քայլարշաւին մաս կազմած 50 հազար հայութեան կամքը:

Օրաթերթը ընդարձակ կերպով անդրադարձած էր նաեւ քայլարշաւին խօսք առնող հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն խօսքերուն, ինչպէս նաեւ ներկայացուցած Տերեք Փլամպլիի փոխանցուած յուշագիրը:

«ՆԱՀԱՐ»

«Նահար» օրաթերթը իր առաջին էջով անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակի ոգեկոչման եւ լիբանանահայութեան քայլարշաւը ներկայացնող լուսանկար մը զետեղած: Անոր կողքին օրաթերթը կատարած է քայլարշաւին եւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած հոգեհանգիստին թղթակցութիւնը:

«Նահար»-ի կողմէ թղթակցութիւնը կը սկսի հետեւեալ կերպով. «Հայերը տարուէ տարի կը փաստեն, թէ իրենց յիշողութիւնը առոյգ է ու վառ կը մնայ, եւ իբրեւ այդպիսին անոնք ուսանելի օրինակ կը դառնան բոլոր ժողովուրդներուն` իրենց պատմութիւնը եւ ազգութիւնը պահպանելու, ինչպէս նաեւ նորահաս սերունդները դաստիարակելու ու ազգին նուիրուած պահելու առումով: Դէպի Նահատակաց հրապարակ տողանցող տարեցները, երիտասարդներն ու երեխաները հայութեան տրոփող զարկերակին կենդանի փաստն են: Իւրաքանչիւր հայ իր դրօշակը առած ուղղուեցաւ դէպի հրապարակ` շեշտելու համար, որ յիշողութիւնը վառ է եւ ոչ մէկ հայ պատրաստ է մոռնալու իր պապերուն դէմ գործուածը»:

Իսկ քայլարշաւին մասնակցող հայոց թիւը օրաթերթին կողմէ գնահատուած է 50 հազարով:

Նշենք, որ «Նահար» օրաթերթը լոյս ընծայած էր նաեւ նախկին նախարար Աբրահամ Տէտէեանի ստորագրութիւնը կրող յօդուածը, որուն խորագիրն էր. «Ապրիլ 24-ի հայկական գարունը ե՞րբ ճանաչումով պիտի ծաղկի»:

Յօդուածը կը բաղկանայ ութ կէտերէ, որոնց ամբողջական ձեւով կ՛անդրադառնանք հետագային:

«Նահար» օրաթերթը անդրադարձած էր նաեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակի ոգեկոչումներուն:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ»

«Մուսթաքպալ» օրաթերթը իր ներքին էջերով անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակի ոգեկոչումին եւ հոգեհանգստեան արարողութեան, ինչպէս նաեւ ընդգծած է, որ հայութիւնը տակաւին ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հատուցում կը պահանջէ:

«Մուսթաքպալ» օրաթերթը անդրադարձած է նաեւ հայութեան զօրակցող լիբանանցի անձնաւորութիւններուն կողմէ արտայայտուած կեցուածքներուն, ինչպէս նաեւ Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքներուն մէկ պատուիրակութեան կողմէ լիբանանահայութեան զօրակցութեան:

«Լ՛ՕՐԻԱՆ ԼԸ ԺՈՒՐ»

Ֆրանսատառ «Լ՛Օրիան Լը Ժուր» օրաթերթը իր առաջին էջին վրայ «Հայոց ցեղասպանութիւնը` հարիւր տարուան կամ գրեթէ հարիւր տարուան ցաւ…» խորագիրով կ՛անդրադառնայ Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակի հաւաքին` նշելով, որ «Լիբանանի հայերը խոր, աշխուժ եւ անվերջանալի ցաւով, զոր ոեւէ հոգի կրնայ հասկնալ, ոգեկոչեցին, ինչպէս ամէն տարի, 1915-ի ցեղասպանութեան յիշատակը»:

Օրաթերթը կ՛անդրադառնայ Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի քարոզին, Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. վեհափառներու ստորագրած յայտարարութեան, քայլարշաւին, ինչպէս նաեւ 23 ապրիլի երեկոյեան Փաղանգաւոր կուսակցութեան կազմակերպութեամբ կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին նուիրուած դասախօսական երեկոյին, որ ուղղուած էր կուսակցութեան քատրերուն, ինչպէս նաեւ ուսանողական եւ երիտասարդական թեւերուն:

«ԱՆՈՒԱՐ»

«Անուար» օրաթերթը ամբողջ էջ մը տրամադրած էր եւ ամբողջական կերպով ու պատկերազարդ կերպով ներկայացուցած 24 ապրիլին կատարուած ձեռնարկները, մասնաւորաբար հոգեհանգստեան արարողութիւնն ու քայլարշաւը եւ անոր յաջորդած հրապարակային յայտարարութիւնները, որոնք կատարուեցան Կեդրոնական Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ:

«Անուար» օրաթերթը իր կարգին շեշտը դրած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ Ամենայն հայոց զոյգ կաթողիկոսութիւններուն կողմէ Թուրքիոյ ներկայացուած պահանջին վրայ` հայկական եկեղեցիներն ու եկեղեցական կալուածները հայութեան վերադարձնելու առումով:

«ՏԻԱՐ»

«Տիար» օրաթերթը անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակի ոգեկոչման, լիբանանահայութեան քայլարշաւին եւ Մեծ եղեռնի զոհերուն հոգիներուն համար մատուցուած հոգեհանգիստին:

Օրաթերթին մէջ լոյս տեսած թղթակցութիւնը կը կրէր հետեւեալ խորագիրը. «Թուրքիա պէտք է հայութեան վերադարձնէ բռնախլուած եկեղեցիներն ու եկեղեցական կալուածները»:

«ՍԱՏԱ ՊԱԼԱՏ»

«Սատա Պալատ» իր առաջին էջին վրայ զետեղած էր հայ մամիկի մը լուսանկարը, որուն դէմքին մօտ կ՛երեւար նաեւ Եռագոյն դրօշը:

Նոյն օրաթերթը իր ներքին էջերուն մէջ անդրադարձած էր Արամ Ա. կաթողիկոսին փոխանցած պատգամին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսութիւններուն կողմէ ներկայացուած միացեալ պահանջագիրին, որ կը վերաբերի հայութեան կալուածներուն:

Թղթակցութեան մէջ անդրադարձ կատարուած էր նաեւ քայլարշաւէն ետք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի յայտարարութիւններուն, որոնց մէջ շեշտուած էր, թէ հայութիւնը պահանջատիրական ամրապնդուած կամքով պիտի շարունակէ իր պայքարը:

«Սատա Պալատ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած էր նաեւ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Յակոբ Թերզեանի ստորագրութիւնը կրող յօդուած մը, որուն մէջ ան կը հաստատէ, որ անցնող 98 տարիները չեն յուսալքած հայութիւնը, այլ զայն աւելի հաստատակամ դարձուցած են իր պայքարին մէջ:

Ան շեշտած էր նաեւ, որ հայուն վէրքին միակ դարմանը պիտի ըլլայ իր իրաւունքներուն վերատիրացումը:

«ՍԱՖԻՐ»

«Սաֆիր» օրաթերթը իր առաջին էջին վրայ զետեղած էր քայլարշաւին մաս կազմած եւ Եռագոյն կրող հայ երեխայի մը լուսանկարը, որուն մօտ հակիրճ բացատրութեան մը ընդմէջէն ներկայացուցած էր, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած է քայլարշաւ մը, որմէ առաջ մատուցուած է հոգեհանգիստ` Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն հոգիներուն համար:

Միւս կողմէ, «Սաֆիր» օրաթերթը 24 ապրիլի իր թիւին մէջ հրատարակած էր յօդուած մը, որուն մէջ ընդգծուած էր, որ հայերը չեն ներեր ցեղասպան թուրքին գործած ոճիրն ու սպանդները:

Յօդուածագիրը` Եուսեֆ Հաժ Ալի կը ներկայացնէ Սուլթանա Թաշճեան անունով հայ մամիկի մը կեանքը եւ ամբողջ կեանքին ընթացքին հայկական իր ինքնութեան կառչած մնալու իրականութիւնը:

Յօդուածագիրը իր շեշտը կը դնէ Հայոց ցեղասպանութենէն 98 տարի ետք հայ մամիկին կողմէ մնայուն կերպով «Ինչո՞ւ մեռցուցին մեզի» հարցումին վրայ:

«ՏԷՅԼԻ ՍԹԱՐ»

«Տէյլի Սթար» օրաթերթը քայլարշաւի տպաւորիչ լուսանկարով մը անդրադարձած էր Լիբանանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակի ոգեկոչումին եւ կազմակերպուած քայլարշաւին, որուն ընթացքին Թուրքիոյ կողմէ ճանաչում պահանջուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան գործադրած կանխամտածուած Մեծն եղեռնին:

Թղթակցութեան մէջ մէջբերումներ կատարուած էին քայլարշաւին մասնակից հայորդիներուն արտայայտած կեցուածքներէն, որոնցմէ դիպուկ էր. «Մեր իրաւունքն է, մեր հողերն են, մեր արժանապատուութիւնն է» յայտարարութիւնը:

«Տէյլի Սթար»-ի մէջ նշուած էին նաեւ քայլարշաւին օգտագործուած քանի մը կարգախօսներ, որոնց շարքին էր` «Էրտողան մի՛ մոռնար, որ Արեւելեան Թուրքիան Արեւմտահայաստանն է»:

«ԱԽՊԱՐ»

«Ախպար» օրաթերթը իր ներքին էջերուն մէջ մէկ պարբերութեամբ անդրադարձած էր Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին առիթով տեղի ունեցած քայլարշաւին:

Սակայն օր մը առաջ, «Ախպար» օրաթերթը հրատարակած էր լիբանանցի գրագէտ Ժորժ Հատտատի մէկ յօդուածը, որուն մէջ ան կոչ կ՛ուղղէր Հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատուութիւնը փնտռելու Արեւմուտքին եւ արեւմտեան գաղութատիրութեան մօտ:

Ան Արեւմուտքը կը նկատէ իսկական յանցագործը եւ այդ սպանդները ծրագրող կողմը:

«ԼԻՈՒԱ»

«Լիուա» օրաթերթը իր կարգին ամփոփ կերպով անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակի ոգեկոչման` ընդգծելով Արամ Ա. կաթողիկոսին ներկայացուցած պահանջները, ինչպէս նաեւ մէջբերելով լիբանանեան անձնաւորութիւններուն կողմէ արտայայտուած զօրակցական կեցուածքները:

«ՇԱՐՔ»

«Շարք» օրաթերթը իր կարգին անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին կազմակերպած քայլարշաւին, ինչպէս նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած հայոց մէկուկէս միլիոն նահատակներուն նուիրուած հոգեհանգիստին եւ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցած պահանջներուն:

«ՊԻՆԱ»

«Պինա» օրաթերթը իր առաջին էջով ընդհանուր անդրադարձ մը կատարեց Հայաստանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակի ոգեկոչումին` շեշտելով Երեւանէն հնչած այն պահանջը, որ Թուրքիա պէտք է իբրեւ պատմական ճշմարտութիւն ճանչնայ Մեծ եղեռնը:

Լիբանանեան լուրերուն նուիրուած իր էջերուն մէջ, «Պինա» լայն բաժին մը յատկացուցած էր Պէյրութի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակի ոգեկոչումին, ինչպէս նաեւ զետեղած էր Նահատակաց հրապարակը տասնեակ հազարաւոր հայերով լեցնող լուսանկար մը` իր հիմնական խորագիրին վերածելով Արամ Ա. կաթողիկոսին պահանջները, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի կատարած յայտարարութեան այն բաժինը, թէ Անգարա` մեղսակցելով թշնամիներուն հետ, կը փորձէ շրջան ներթափանցել:

«Պինա» օրաթերթը նոյն լուրին մէջ անդրադարձած էր նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած եւ Սայֆիի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած դասախօսական երեկոյին, որ դարձեալ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան:

Share this Article
CATEGORIES