Հաղորդագրութիւն
Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին առիթով, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, երեքշաբթի, 23 ապրիլ 2013-ին, պատանեկան միութիւններու վարչութիւնները յաջորդաբար այցելեցին Պիքֆայայի ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կառուցուած յուշարձան եւ Անթիլիասի Նահատակաց մատուռ, ուր ծաղկեպսակներ զետեղեցին` յարգանքի տուրք մատուցելով հայ ժողովուրդի մէկուկէս միլիոն անշիրիմ նահատակներու յիշատակին:
Պատանիները վերանորոգեցին իրենց ուխտը եւ յանձնառութիւնը` պահանջատիրութեան երթը վառ պահելու եւ շարունակելու պայքարը, մինչեւ որ Թուրքիան ընդունի ցեղասպանութիւնը եւ վերադարձնէ բռնագրաւուած հողերը իրենց իրաւատիրոջ` հայ ժողովուրդին:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
CATEGORIES Գաղութային

