ՀՄԸՄ-ականներ Ոգեկոչեցին Մէկուկէս Միլիոն Նահատակներուն Յիշատակը

Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին առիթով, ինչպէս ամէն տարուան 23 ապրիլին, այս տարի եւս ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը, ՀՄԸՄ-ի բարձր աստիճանաւոր սկաուտները, ՀՄԸՄ¬ի ֆութպոլի դպրոցի աշակերտները համախմբուեցան Պիքֆայա, ուր Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն նուիրուած յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: Ներկայ էին ՀՄԸՄ¬ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Շրջանային սկաուտական խորհուրդի եւ Շրջանային խմբապետական կազմի անդամներ:

Ապա ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Հայկ Թապաքեան, որ անդրադարձաւ 98 տարիներ առաջ թուրքին գործած ցեղասպանութեան, որուն իբրեւ հետեւանք` հայութիւնը դարձաւ տարագիր եւ տարածուեցաւ ամբողջ աշխարհի  մէջ: Ան նշեց, որ այսօր հայը ամէն տեղ է, բացի իր պապենական եւ հարազատ հողերէն, զորս բռնագրաւած թուրքը կը շարունակէ ուրանալ իր ոճիրը: «Բայց եւ այնպէս, այնքան ատեն որ գոյութիւն ունին պահանջատէր հայու զաւակներ, որոնք գիտակից են իրենց իրաւունքին, ընկրկում չեն ճանչնար իրենց պայքարին մէջ, մեր Դատը պիտի մնայ կենդանի, մեր պահանջատիրական երթը անպայման պիտի հասնի արդար հատուցման»:

Հ. Թապաքեան դիտել տուաւ, որ հայութեան գոյատեւումը արդէն իսկ թուրքին հասած մեծ հարուած մըն է, ամբողջ աշխարհին մէջ սփռուած հայութեան հայապահպանումը, հայոց լեզուին, մշակոյթին եւ հայկական արժէքներուն պահպանումը իսկական վտանգներ են թուրքին համար: «Այսօր անգամ մը եւս կը խոնարհինք մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին առջեւ` ուխտելով հաւատարիմ մնալ իրենց պատգամին, որպէսզի հեռու մնանք մեր մեծ գրող Աւետիս Ահարոնեանի «Կոյր աշուղ»¬ին ծանր անէծքէն.

«Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք,
Թող ողջ աշխարհ հայուն կարդա՛ նախատինք»:

Աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:

Share this Article
CATEGORIES