Այնճարի Մէջ Հանդիպում-Զրոյց Փրոֆ. Սալեհ Զահրէտտինի Հետ

Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, շաբաթ, 20 ապրիլ 2013-ին Այնճարի «Մուսա Լեռ» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայ դատին նուիրուած բազմաթիւ հատորներու հեղինակ փրոֆ. Սալեհ Զահրէտտինի հետ:

Բացման խօսքը արտասանեց դոկտ. Կարօ Փիլաւճեան, որ ամփոփ ձեւով ներկայացնելէ ետք փրոֆ. Սալեհ Զահրէտտինին կենսագրականը, բարձր գնահատեց անոր կատարած հայանպաստ աշխատանքն ու բարձրորակ հրատարակութիւնները:

Ապա բեմ բարձրացաւ փրոֆ. Սալեհ Զահրէտտին եւ մեկնելով ներկայ քաղաքական իրավիճակներէն` ներկայացուց հայութեան երէկն ու այսօրը, ինչպէս նաեւ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ իրաւազրկուած ժողովուրդներու հանդէպ կատարուած անարդարութիւններուն:

Իբրեւ երախտագիտութիւն իր կատարած աշխատանքին` համայն Այնճարի բնակչութեան անունով անոր յանձնուեցաւ յուշանուէր մը, ձեռամբ քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանին:

Հանդիպման աւարտին ներկաները օգտուեցան այնտեղ վաճառքի դրուած գիրքերէն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES