Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանին Մէջ. Ապրիլեան Նահատակաց Հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագ
Հովանաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին եւ մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններուն, միութիւններուն եւ վարժարաններուն, չորեքշաբթի, 24 ապրիլ 2013-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Էշրեֆիէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի բակին մէջ Ապրիլեան նահատակներու 98-րդ տարելիցին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան սուրբ պատարագ` նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Զմմառու միաբան հայր Մաշտոց վրդ. Զահթերեան, որ ըսաւ, թէ «անգամ մը եւս հաւաքուած ենք ոգեկոչելու 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը: Այսօր, կրկին անգամ հայութիւնը, Լիբանանէն մայր հայրենիք եւ ի սփիւռս աշխարհի, կու գայ իր ձայնը բարձրացնելու բոլորին դիմաց ու իր շարքերը միացուցած «Ո՛չ» կը բացագանչէ»:
Մաշտոց վրդ. Զահթերեան նշեց, որ այսօր Հայոց ցեղասպանութեան 98-րդ յիշատակի օրն է: Ասիկա կը նշանակէ, թէ 97 տարիէ ի վեր ամէն տարի պահանջատէր հայ ժողովուրդը հաւաքուած է, սուրբ պատարագ մատուցած է, հանգուցեալ հոգիներուն հանգիստին համար աղօթած է, ցոյցեր կատարած է, դասախօսութիւններ կազմակերպած է, վիճաբանութիւններ ունեցած է… եւ այսօր երթը կը շարունակուի դէպի 100-ամեակ:
Վարդապետը նաեւ ընդգծեց, որ իրաւամբ հերոսական էր ցեղասպանութենէն ճողոպրած մնացորդացին աշխատանքը, որով ամէնէն դժնդակ պայմաններուն տակ, շրջանցելով ամէն տեսակ խոչընդոտ, հազարումէկ զրկանքներու գնով, տարագիր հայոց խլեակները համախմբուեցան, կառուցեցին հայ եկեղեցիներ, հայ վարժարաններ, հայկական ակումբներ, մշակութային կեդրոններ, հրատարակեցին թերթեր ու հիմնեցին բարեսիրական, մշակութային միութիւններ: Մէկ խօսքով, ապահովեցին ազգին վերականգնումը եւ ստեղծեցին անոր գոյատեւումին համար անհրաժեշտ պայմանները:
«Այսօր, այդ ճանապարհին վրայ կանգնած ենք մենք` նոր սերունդը, որ այնքան տարուած իր ամէնօրեայ մտահոգութիւններով, մերթ իր մէջ կը բոցավառի պահանջատիրութեան կրակը, ու մերթ փախուստ տալով այս անմար կրակէն, դարձեալ ինքզինք կը մխրճէ ամէնօրեայ կեանքի մտմտուքներուն մէջ: Ի՞նչ ապագայ ունինք հոս Լիբանանի մէջ, կ’ըսեն շատեր, իսկ ուրիշներ, իրենց յոռետես մտայնութեամբ կ’աւելցնեն, թէ փոքրիկ հայութիւնը ի՞նչ ապագայ կրնայ ունենալ ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ», հարց տուաւ հայր Մաշտոց` աւելցնելով, որ մեր պատմութեան ընթացքին ունեցած ենք մեծ թագաւորութիւններ, ունեցած ենք սքանչելի հարստութիւններ, զինուորականներ, որոնք քաջաբար ինկած են պատերազմի դաշտերուն վրայ, մղած ենք հերոսամարտեր: Ունեցած ենք նաեւ ողբերգական պահեր, որոնց գագաթնակէտը կը հանդիսանայ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը:
«Այսօր, սիրելի՛ հայորդիներ, ցեղասպանութեան 98-րդ յիշատակին եւ 100-ամեակի սեմին, ի՞նչ պահանջուած է մեզմէ իբրեւ փոքրիկ հասարակութիւն, Լիբանանի մէջ, ինչպէս նաեւ իբրեւ ամբողջական հայութիւն աշխարհի տարածքին:
Նախ, իբրեւ լիբանանահայութիւն, մենք, որ սկիզբ տուած ենք հայկական պահանջատիրական շարժումներուն ի սփիւռս աշխարհի, այսօր, աւելի պէտք է կազմակերպուինք, ջանք պէտք չէ խնայենք, որպէսզի Հայ դատի հետապնդման գաղափարը միշտ վառ մնայ բոլոր երիտասարդներուն մտքերուն մէջ, որպէսզի անոնք չմոռնան իրենց պատմութիւնը, եւ միասնականութեամբ ապրին, միասին շարունակեն պահանջել մեր իրաւունքները, հատուցում ու ամբողջական Հայաստան, եւ անոր կողքին ամբողջական հայութիւն` պայքարելով համաշխարհային բոլոր գաղափարախօսութիւններուն դէմ, որոնք կը ձուլեն մեր ազգը: Այսօր, եկէ՛ք միասին լսենք Տէր Զօրի անապատի հողին տակ հանգչող նահատակներուն կանչը. անոնք մեզմէ կը պահանջեն տէր դառնալ իրենց երազներուն, հայ ազգի միասնականութեան, միասին կերտելու ապագան», ըսաւ Մաշտոց վրդ. Զահթերեան: Օրուան պատգամաբերը ըսաւ, որ ժամն է այլեւս, որ հայը ամէն բանէ առաջ վստահի իր հայ եղբօր: Հայը գործէ իր հայ եղբօր հետ: Հայը իր ազգային ու եկեղեցական շահերը գերադասէ ամէն տեսակ դրամական եւ անձնական շահերէ:
«Այսօր, անգամ մը եւս հաւաքուած ենք իբրեւ մէ՛կ ազգ եւ մէ՛կ իրականութիւն, պատասխանատուներ, հաւատացեալ ժողովուրդ, ինչպէս նաեւ երիտասարդութիւն, աղօթք եւ խունկ բարձրացնելու առ Աստուած, ինչպէս նաեւ անգամ մը եւս յիշեցնելու ամբողջ աշխարհին, հզօրին եւ տկարին, թէ հայութիւնը կը շարունակէ իր դատին պաշտպանութեան հոլովոյթը միացած քայլերով, եւ երթը դէպի 100-ամեակ: Ամեակները մեր սրտերուն եւ մեր մտքերուն մէջ չեն կրնար ջնջել այն, ինչ որ Օսմանեան կայսրութիւնը գործեց 1915 թուականին եւ կը շարունակէ մինչեւ այսօր իր ցեղասպան ձեռքերով վնաս հասցնել հայութեան` օգտագործելով Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմը: Եթէ անցեալ տարիներուն կը զգուշացնէինք մեր արաբ եղբայրակիցները, եւ անոնց կ’ըսէինք` զգուշացէ՛ք, օսմանական մարդասպան գաղափարախօսութիւնը տակաւին թարմ է այսօրուան թուրք պետականներուն մօտ, այսօր անոնց չենք կրնար խրատել, քանի որ արդէն իսկ շա՜տ ուշ է», յայտնեց Զահթերեան վարդապետ:
«Ի վերջոյ, նահատակներուն կանչը Տէր Զօրի անապատներէն, թող ամէն օր հնչէ մեր ականջներուն մէջ, հայեր միացէ՛ք, միացէ՛ք հայեր, արար աշխարհ հայ դատը պէտք ունի մէկ ձայնի` արդար հատուցում: Ուստի, ուխտենք քալել դէպի յաղթանակ, դէպի մայր հայրենիք, դէպի Արցախ, որպէսզի միասնաբար զետեղենք ընդմիշտ հայկական դրօշը` կարմիր կապոյտն ու ծիրանագոյնը Մասիսի գագաթին», եզրափակեց հայր Մաշտոց վրդ. Զահթերեան:

