Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակի Նշում Այնճարի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին, երեքշաբթի, 23 ապրիլ 2013-ին` երեկոյեան ժամը 8:00-ին Այնճարի «Հետուիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ապրիլեան Նահատակներու 98-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկ: Ներկայ էին գիւղին հոգեւոր պետերը, քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանը, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչները, միութիւնները եւ բազմաթիւ հայորդիներ:

Քայլերգներու ունկնդրութենէն եւ յոտնկայս լռութեամբ զոհերու յիշատակը յարգելէ ետք, բացման խօսքը արտասանեց Ալին Կէօքճեան, որ նկատել տուաւ, թէ աշխարհի չորս ծագերուն այսօր հայութիւնը իր առօրեայ խնդիրները մէկդի թողած` միահամուռ կամքով ու գիտակցութեամբ իր յարգանքի տուրքը կը մատուցէ ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուածներուն:

Ապա հաստատեց. «Մենք այս բոլորը կ՛ընենք պարզապէս տաք շունչ մը, հայրենակարօտ բուրմունք մը, սփիւռքի արաբական այս անկիւնէն հայերէն յաւերժատրոփ սիրտ մը ի սպաս դնելու հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքները բռնաբարող բոլոր երեւոյթները յաղթահարելու տրամադրութեամբ»:

Ալին Կէօքճեան իր խօսքը աւարտեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Մե՜նք…» բանաստեղծութեան ընթերցմամբ:

Ձեռնարկին գեղարուեստական յայտագիրը պատրաստուած էր Այնճարի երեք վարժարաններու աշակերտութեան կողմէ:

Աւետարանական վարժարանի աշակերտական երգչախումբը ներկայացուց հայրենասիրական երգերու փունջ մը, Նարոյ Ադամեան եւ Նայիրի Մսըրլեան ասմունքեցին Սիամանթոյի «Խեղդամահը»:

Կաթողիկէ քոյրերու վարժարանի աշակերտները բեմ բարձրացան կենդանի պատկերի ընդմէջէն ներկայացնելու մեր նահատակ մտաւորականներու կեանքին դժնդակ պայմանները եւ Կոմիտաս վարդապետի կեանքին վերջին հանգրուանը:

Իսկ Ազգ. «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի աշակերտական երգչախումբի ներկայացման յաջորդեց ազգագրական պարերու կշռութաւոր ելոյթը, որուն միացան Սեւան Սարգիսեանի «Ղօղանջ Եղեռնական» եւ Պարոյր Ղուկասեանի «Ափ մը մոխիր» ասմունքները:

«Ամբողջ աշխարհը աչքերը փակեց, խուլցաւ ու համրացաւ, որպէսզի մարդուն կողմէ մարդուն դէմ գործադրուած ահռելի ոճրագործութեան վկան չդառնայ» նախադասութեամբ օրուան պատգամախօս Վարդգէս Խօշեանը սկսաւ իր խօսքը: Ան ըսաւ, թէ ցեղասպանութեան գործադրութենէն ետք չլռեց հրաշափառ Կոմիտասի «Տէր ողորմեա»-ն, եւ անոր զուգահեռ ունեցանք Արամ Խաչատուրեան, Համօ Սահեան, ինչպէս նաեւ իր զանգակներուն ղօղանջը անլռելի դարձնող աննման Պարոյր Սեւակ:

Վերյիշեցնելով Հրանդ Տինքի նահատակութիւնը` Խօշեան ըսաւ, թէ Տինք հանդիսացաւ Գրիգոր Զօհրապի թրքական խորհրդարանի ամպիոնէն միշտ արդարութիւն պահանջող կեցուածքին դրօշակակիրը:

Ապա ըսաւ, թէ մենք այն ժողովուրդն ենք, որ բռնի կերպով իր հայրենիքէն դուրս հանուեցաւ, սակայն ոչ մէկ ատեն ան հայրենիքը իր սրտէն դուրս հանեց ու յուսահատելով աղերսագիրներէ ու թուղթէ շերեփներէ` ան զգաց երկաթէ շերեփին անհրաժեշտութիւնը ու առանց տատամսելու որդեգրեց յեղափոխական գաղափարախօսութիւնը, մարտական գործունէութիւնը` քաջ գիտակցելով, թէ այդ ճամբան փշոտ է ու արիւնոտ:

«Գործածեցինք մեր բռունցքները` եղանք հատու եւ անսխալական», հաստատեց ան:

Ակնարկելով ներկային` Խօշեան ըսաւ, թէ այս ժամանակահատուածը աւելի պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրէ, մանաւանդ որ մենք կը դիմագրաւենք օրէ-օր ծաւալող մարտահրաւէրներ, որովհետեւ Թուրքիան կը փորձէ գազանային իր խառնուածքն ու էութիւնը թաքցնել ոչխարի դիմակին տակ` հանդէս գալով իբրեւ միջնորդ, խաղաղարար, հաշտարար, շինարար, բարեսէր ու մարդասէր:

Վերջապէս խօսքը ուղղելով Այնճարի երիտասարդութեան` բանախօսը թելադրեց, որ անոնք պահպանեն գիւղի ֆիզիքական, հողային, աշխարհագրական ու բարոյական ամբողջութիւնը` յայտնելով, որ ասիկա մեր բոլորին անյետաձգելի ու վսեմ առաքելութիւնը կը հանդիսանայ:

Ձեռնարկի աւարտին բեմ բարձրացաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղի նուագախումբը, որ հայրենասիրական երգերով ստեղծեց իւրայատուկ մթնոլորտ մը:

Ապա, Աւետարանական վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ջահավառութիւն, ուր ԼԵՄ-ական ընկերներ ջահերով կազմեցին «Մահ կամ ազատութիւն» նշանաբանն ու յաւերժութեան նշանը:

ՀՄԸՄ Այնճարի փողերախումբը առաջնորդեց ջահակիր երիտասարդութիւնն ու ժողովուրդը  դէպի Մուսա Լերան հերոսամարտի յուշարձան-համալիր, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում:

 

Share this Article
CATEGORIES