Արցախի Ղեկավարութիւնը Յարգեց Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն Յիշատակը
24 ապրիլին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին: Նախագահ Սահակեան Արցախի Հանրապետութեան բարձրաստիճան ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ այցելեց մայրաքաղաք Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղիկներ զետեղեց Մեծ եղեռնի անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան նշեց, որ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ այցելած են յուշահամալիր եւ ծաղիկներ զետեղած:
Բաբայեան յայտնեց, որ 23 ապրիլին տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած ջահերով երթը, որուն բազմաթիւ երիտասարդներ մասնակցեցան: Ան ընդգծեց, որ այս փաստը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ մեր ազգային արժէքները եւ համազգային խնդիրները նաեւ շատ բարձր կը դիտարկուին Արցախի մէջ, ինչ որ ողջունելի է:

