Հարիւր Հազարաւոր Հայորդիներ Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր

24 ապրիլի առաւօտեան Ծիծեռնակաբերդ այցելեցին բարձրաստիճան պաշտօնատարներ` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ եւ հոգեւորականներ` Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի առաջնորդութեամբ:

Անոնք ծաղկեպսակ զետեղեցին Ծիծեռնակաբերդի անշէջ կրակին մօտ եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին անմեղ զոհերու յիշատակին: Գարեգին Բ. կաթողիկոսը մատուցեց հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք լրագրողներուն հետ զրոյց ունեցաւ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով եւ վստահեցուց, որ աշխարհի եւ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան փաստի ճանաչումը անխուսափելի է:

«Հայաստանը, Արցախը եւ սփիւռքը պէտք չէ կեդրոնանան միայն 2015 թուականին վրայ. պայքարը պէտք է ըլլայ յանուն եւ ոչ թէ ընդդէմ: Պէտք է պայքարիլ յանուն մարդկային իրաւունքներու, որպէսզի այսպիսի ոճիրներ չկրկնուին: Սակայն այսօրուան Թուրքիոյ տարածքը ինծի լաւատեսութիւն չի ներշնչեր: Ան կը կարծէ, որ երկու տարի ետք Թուրքիոյ քաղաքական վերնախաւի մտածողութեան մէջ դժուար է որոշ փոփոխութիւն ակնկալել: Թուրքիոյ պետական գործիչները պէտք է օրինակ առնեն թուրք մտաւորականներէն, որոնք ձեռնարկած են ներողութեան շարժումին եւ որոնք կրցան հաշտուիլ իրենց պատմութեան մութ էջերուն հետ», յայտնեց Շարմազանով: Յայտնենք, որ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելեցին նաեւ հարիւր հազարաւոր հայորդիներ:

Եւրոպական Պատուիրակութիւն Մը`
Ծիծեռնակաբերդի
Մէջ

24 ապրիլի առաւօտեան, Եւրոպական միութեան խորհրդարան – Հայաստան բարեկամութեան խումբի անդամներէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը` նախագահութեամբ եւրոպացի երեսփոխան Էլենի Թէոխարուսի, այցելեց Ծիծեռնակաբերդ` իր յարգանքի տուրքը մատուցելու հայութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին:

Պատուիրակութեան նաեւ ընկերակցեցան Ֆրանսայի Ազգային ժողովի անդամ, Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի զեկուցաբեր, Ֆրանսա – Լեռնային Ղարաբաղ բարեկամութեան խումբի հիմնադիրներէն Վալերի Պուայէ, Եւրոպական Միութեան մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Աւետ Ադոնց եւ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան:

Ծիծեռնակաբերդ այցելութենէն եւ ծաղկեպսակներու զետեղումէն ետք, պատուիրակութեան անդամները ուղղուեցան դէպի Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ուր իրենց մտածումները արձանագրեցին մատեանին մէջ եւ հայ ժողովուրդին յայտնեցին իրենց զօրակցութիւնը:

Դոկտ. Էլենի Թէոխարուս արձանագրեց հետեւեալը. «Այսօր Երեւանի մէջ յարգեցինք 1915-ի թրքական վայրագութեան զոհերուն յիշատակը հարիւր հազարաւոր հայորդիներու, որոնք ջարդերէն գրեթէ դար մը ետք տակաւին կը յիշեն իրենց զոհերը»:

Վալերի Պուայէ իր կարգին յայտնեց, որ պէտք է միշտ յիշել Հայոց ցեղասպանութեան իրականութիւնը, որ առաջինն է իր տեսակին մէջ` շեշտելով, որ Եւրոպական Միութիւնը հետեւելով Ֆրանսայի եւ կարգ մը այլ երկիրներու օրինակին, ոչ միայն պէտք է ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ որդեգրէ ժխտումը քրէականացնող օրէնք մը: Իր կարգին, Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան նշեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ եւ ուրախութիւն է Հայաստան գտնուիլը Վալերի Պուայէի հետ, եւ մաս կազմել Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ձեռնարկներուն:

Յունուար 2013-ին կազմուած բարեկամութեան խումբին առաջին այցելութիւնն է ասիկա դէպի Հայաստան: Այցելութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ 27 ապրիլ:

 

Share this Article
CATEGORIES