Յուշագիր
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին ուղղուած նամակ
Լիբանանի հայկական երեք յարանուանութիւններուն, հայկական երեք կուսակցութիւններուն եւ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան անունով, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը ձեզի կը յղէ այս յուշագիրը, որուն ընդմէջէն ան ձեզմէ, իբրեւ գլխաւոր միջազգային հեղինակութիւն, կը պահանջէ իրաւունքը յանձնել իրաւատիրոջ եւ արդարութիւն հաստատել, որովհետեւ ուրացումի քաղաքականութիւնը շարունակուող անիրաւութիւն է:
Քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութեան` Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին, լիբանանահայութիւնը միջազգային ընտանիքին կը հաստատէ, որ իբրեւ հայեր` իրենք կը շարունակեն ոգեկոչել մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերուն յիշատակը, ինչպէս նաեւ կը շարունակեն նպաստել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ջանքերուն:
Կ՛ակնկալենք, որ ՄԱԿ-ը իր պատկան բոլոր մարմիններով եւ խորհուրդներով ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտէ զայն: Նաեւ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ թրքական պետութենէն կը պահանջենք ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտել զայն, ինչպէս նաեւ` ամբողջական հատուցում կատարել հայ ժողովուրդին:
Մենք համոզուած ենք, որ մեր Դատը արդար է, եւ կը հաւատանք, որ այդ Դատին ճանաչումին եւ դատապարտումին ընդմէջէն ՄԱԿ-ը կը կանխարգիլէ յառաջիկային գործուելիք ցեղասպանութիւնները եւ իրականացուցած կ՛ըլլայ արդարութիւնը: Անպատիժ մնացած ցեղասպանութիւն մը կը քաջալերէ ցեղասպանութիւններու կրկնութիւնը եւ մարդկութեան դէմ գործուող ոճիրներն ու բռնարարքները:
Շնորհակալ ենք ձեր հասկացողութեան եւ գործակցութեան համար:
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ
100-ԱՄԵԱԿԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ