Աւելի Քան 50 Հազար Լիբանանահայերու Պատգամ Փոխանցող Եւ Յարգանք Պարտադրող Քայլարշաւ-Պահանջատիրական Երթ` Լիբանանահայութեան Սիրտը Հանդիսացող Պուրճ Համուտէն Լիբանանի Սիրտը` Նահատակաց Հրապարակ

Պուրճ Համուտի հրապարակէն` լիբանանահայութեան սրտէն, մինչեւ Նահատակաց հրապարակ` Լիբանանի սիրտը երկարող ճամբան նախանցեալ օր` 24 ապրիլ 2013-ին ողողուած էր աւելի քան 50 հազար լիբանանահայութեամբ, որոնք խիտ շարքերով, վճռական կեցուածքով եւ պահանջատիրական երթով անգամ մը եւս եկան փաստելու, որ իրենք արժանի յաջորդներն են իրենց պապենական հողերէն տեղահանուած, ջարդուած եւ Տէր Զօրի անապատները քշուած իրենց պապերուն: Քայլարշաւի «գլուխը» երբ արդէն իսկ հասած էր Նահատակաց հրապարակ, անոր «պոչը» տակաւին Պուրճ Համուտի մուտքին էր. արդարեւ, լիբանանահայութիւնը անխտիր` գաւազանի օգնութեամբ կամ շարժական աթոռներով յառաջացող Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրածներուն անմիջական յաջորդները եղող երէցներէն մինչեւ իրենց ծնողներուն գիրկը գտնուող, հայութեան ապագան արտացոլող մանուկները հո՛ն էին. հոն էին բոլորը, ոմանք` պատգամելու, ուրիշներ` դասեր քաղելու:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի կազմակերպած քայլարշաւը ընթացք առաւ Պուրճ Համուտի հրապարակէն` կէսօրուան ժամը 12:30-ին, ապա անցաւ Նոր Հաճընէն, Մար Մխայէլէն, Ժըմմէյզիէն` հասնելու համար Կեդրոնական Պէյրութ. քայլարշաւին մասնակիցները եռագոյններուն կողքին բարձրացուցած էին պաստառներ` ոչ միայն հայութեան, այլ նաեւ համայն մարդկութեան դէմ  Թուրքիոյ գործած ահաւոր ոճիրը  դատապարտող, անոր ժխտողական քաղաքականութիւնը մերժող, Մուշը, Կարինը, Արտահանը եւ Արեւմտահայաստանի իւրաքանչիւր թիզ հողը պահանջող, լիբանանցիներուն յիշեցնող, որ ոճրագործ թուրքին եաթաղանը նաեւ հասած էր Լիբանան, նաեւ կոտորած էր լիբանանցիներ…

Կը քալէր լիբանանահայութիւնը, կը հնչէին շեփորախումբերուն առոյգ եղանակները, լիբանանահայութեան սիրտը լիբանանեան սրտին կապող ճամբուն վրայ լիբանանահայ ծերունիին ու երիտասարդին քայլերը նոյնքան դղրդացնող էին, անոնց երթը մեծապէս պատգամաբեր, անոնց թիւը` խօսուն, անոնց պատկերը` յարգանք ու ակնածանք պարտադրող:

Քայլարշաւին մասնակցեցան երեք յարանուանութիւններու հոգեւոր ներկայացուցիչներ, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հայ նախարարներ եւ երեսփոխաններ, որոնց կողքին ներկայ էին երեսփոխաններ Էմիլ Ռահմէ, Ղասսան Մուխայպեր, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ նախարար Նիքոլա Սահնաուի, երեսփոխաններ Նեպիլ Նիքոլա եւ Իպրահիմ Քանաան, ինչպէս նաեւ հոսանքի դիւանագիտական հարցերու պատասխանատու Միշել տը Շատարեւեան, Թոնի Խէյրալլա եւ Զիատ Ապս, Հըզպալլայի կողմէ ներկայացան Ղալեպ Ապու Զէյնապ եւ Ամին Շըրրի, Ամալ շարժումի ներկայացուցիչներ Մոհամետ Խաուաժա եւ Հայտար Սէյիտ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի ներկայացուցիչ Ալպեր Կոստանեան, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ռիշար Գույումճեան, Ղովմի կուսակցութեան ներկայացուցիչ Քասեմ Սալեհ, Իթթիհատ կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ապտել Ֆաթթահ Սալեհ, Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Մեհտի Մուսթաֆա, Մուրապիթուն շարժումի մէկ պատուիրակութիւնը, նախկին երեսփոխան

Հիւսէյն Եթիմ, Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ եւ Մեսուտ Աշքար, Աշխատաւորներու լիկայի մէկ պատուիրակութիւնը, քաղաքական ուժերու, խորհուրդներու եւ լիբանանեան քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը:

Շուրջ ժամ մը ետք լիբանանահայութեան քայլարշաւ-պահանջատիրական երթը հասաւ Նահատակաց հրապարակ, ուր ընթացք առաւ Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակի ոգեկոչման պաշտօնական բաժինը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք հնչած մահերգի կշռոյթով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին կողմէ ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ Նահատակաց յուշարձանին առջեւ:

Վազգէն Ժամկոչեան

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին անունով բացման խօսքը արտասանեց Վազգէն Ժամկոչեան, որ դիտել տուաւ, թէ հակառակ 98 տարիներ առաջ կազմակերպուած բնաջնջման ծրագիրին եւ Ցեղասպանութեան, վերապրողները արհամարհելով ամէն տեսակի դժուարութիւն շարունակեցին հայութեան գոյերթը: Ան հաստատեց, որ լիբանանահայութիւնը համախմբուած է ո՛չ թէ ողբալու, այլ գիտակից յանձնառութեամբ վերանորոգելու իր հաւատարմութիւնը` հայ ժողովուրդի սրբազան կտակին նկատմամբ:

Վ. Ժամկոչեան նշեց, որ բազմահազարներու մասնակցութիւնը Պուրճ Համուտի հրապարակէն Կեդրոնական Պէյրութ կատարուած քայլարշաւին մեծագոյն ապացոյցն է հայ ժողովուրդի վճռակամութեան, իր դատին նկատմամբ հաւատարմութեան, պայքարի ճամբուն վրայ իր ճիգին ու ներդրումին ամրագրման: Ան հաստատեց, որ այսօր թուրքը կը սոսկայ Ցեղասպանութիւն բառէն, որովհետեւ գիտէ, թէ ճանաչման պիտի յաջորդէ հատուցումը, նաեւ լաւապէս կը գիտակցի, որ դատը հետապնդողներ ունի:

Նահատակաց հրապարակին վրայ լիբանանահայութեան ներկայութեան անդրադառնալով` Վ. Ժամկոչեան նշեց, որ անիկա կը զգենու յատկանշական իմաստ, որովհետեւ հայութիւնը այս առիթով կը յիշէ նաեւ Լիբանանի նահատակները, նաեւ կը յուշէ, որ մեր պատմութիւնը պէտք է դասագիրք ըլլայ բոլոր այն պետութիւններուն, որոնք կարմիր գորգեր կը փռեն Թուրքիոյ առջեւ: Իր խօսքը եզրափակելով` ան հաստատեց, որ հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր պայքարը` անքակտելի միասնականութեամբ եւ անսասան վճռականութեամբ:

Ալեքսան Քէօշկերեան

Ապա խօսք առաւ ՍԴՀԿ-ի Լիբանանի Վարիչ մարմինի ատենապետ Ալեքսան Քէօշկերեան, որ դիտել տուաւ, թէ լիբանանահայութեան քայլարշաւը եւ համախմբումը Նահատակաց հրապարակին վրայ խորհրդանշական է, որովհետեւ փաստ է, որ երկու ժողովուրդներն ալ զոհ գացած են թրքական ոճրագործութեան: Ան դիտել տուաւ, որ թէեւ թուրքը փորձեց բնաջնջել հայութիւնը, սակայն 98 տարի ետք հայութիւնը անգամ մը եւս` 98-րդ անգամն ըլլալով կու գայ բարձրագոռ յայտարարելու, որ թէեւ մեծ կորուստներ ունեցաւ, սակայն չմահացաւ, տակաւին կ՛ընթանայ ճանաչման, ներումի հայցման եւ հատուցման պահանջատիրական ուղիէն:

Ա. Քէօշկերեան դիտել տուաւ, որ թէեւ այսօր Թուրքիա շրջանին մէջ սկսած է որոշ կարողութիւններ ունենալ, բայց եւ այնպէս ան կը մնայ նոյն պետութիւնը, որ կառուցուած է Օսմանեան կայսրութեան փլատակներուն եւ իրեն չպատկանող հողատարածքներու վրայ, որոնք իւրացուեցան, թրքացուեցան, իսկ ճշմարտութիւնները ջնջուեցան թրքական պատմութեան դասագիրքերէն: Սակայն հակառակ այս բոլորին իրականութիւնը կը մնայ պարզ ու վճիտ, յայտնեց ան:

Իր խօսքը եզրափակելով ՍԴՀԿ-ի ներկայացուցիչը հաստատեց, որ հայութիւնը կը շարունակէ կառչած մնալ իր դատին եւ պահանջներուն, ո՛ւր ալ գտնուի:

Յարութիւն Երկանեան

Յաջորդ խօսք առնողը եղաւ ՌԱԿ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յարութիւն Երկանեան, որ դիտել տուաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին համայն հայութեան պարտականութիւնն է համախմբել իր ամբողջ կարողականութիւնն ու ուժականութիւնը` հայկական պահանջատիրութեան նոր լիցք եւ նպատակասլաց ուղղուածութիւն տալու, մանաւանդ որ թուրքը տակաւին կը շարունակէ ուրանալ իրականութիւնը եւ բռնագրաւուած պահել մեր պապենական հողերը: Ան յատուկ կերպով շեշտեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ համախորհուրդ պէտք է յաւելեալ կարեւորութիւն տալ քաղաքական, դիւանագիտական եւ օրէնսգիտական գործօններուն` հիմնուած վաւերագրական, փաստաթղթային եւ արխիւային թղթածրարներու վրայ:

Յ. Երկանեան անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ տիրող անկայուն պայմաններուն մէջ Թուրքիոյ ունեցած խանգարիչ եւ ժխտական դերակատարութեան` անգամ մը եւս  ցոյց տալով այդ պետութեան յարձակողական, խափանարարական ու գազանական նկրտումները: Ան նաեւ լուսարձակի տակ առաւ Լիբանանի մէջ գործօն ներկայութիւն հանդիսանալու թրքական փորձերը` հաստատելով, որ բացառուած չէ անպարկեշտ դիտաւորութիւններու առկայութիւնը: Այս առիթով Յ. Երկանեան յիշեց ինը լիբանանցիներուն առեւանգումը, որուն մէջ դերակատար է նաեւ Թուրքիան:

ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ հաւաքը պէտք չէ մնայ միօրեայ պարունակին մէջ, այլեւ յարաճուն, նոյնիսկ ամէնօրեայ երթ պէտք է ունենայ` Հայ դատի հետապնդման եւ արդիւնաւէտութեան բարձրացման առնչութեամբ: Ան հաստատեց, որ պէտք է պատրաստել եւ գործի լծել երիտասարդութիւնը, որ տէրը պէտք է ըլլայ հայկական պահանջատիրութեան:

Յովիկ Մխիթարեան

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան խօսք առնելով դիտել տուաւ, թէ 98 տարի ետք թուրքը տակաւին անպատիժ կը շարունակէ մնալ, հակառակ իր գործած ահաւոր ոճիրին, որ գործադրուեցաւ աչքին առջեւ արաբ դրացի ժողովուրդներու, որոնք իրենց ձեռքերը երկարեցին ու օժանդակեցին Ցեղասպանութենէն ճողոպրածներուն` օժանդակելով անոնց իրենց գոյապայքարին ընթացքին: Ան աւելցուց, որ լիբանանցիներն ու սուրիացիները եւս տակաւին չեն մոռցած այն սեւ յիշատակները, զորս թողած են թուրքերը, յատկապէս քանի մը օր ետք յիշատակուելիք 6 մայիսի ոճիրները, որոնց ճչացող վկան է Կեդրոնական Պէյրութի Նահատակաց յուշարձանը:

Յ. Մխիթարեան հաստատեց, որ 98 տարի ետք հայութիւնը չէ մոռցած իր մէկուկէս միլիոն նահատակները, նաեւ չէ մոռցած իր բռնագրաւուած սեփականութիւնները եւ պիտի շարունակէ իր պահանջատիրութիւնն ու Հայ դատի հետապնդումը` Թուրքիոյ դիմակը պատռելով եւ անոր իսկական դէմքը երեւան հանելով: Ան նշեց, որ լիբանանահայութիւնը միշտ ալ զգուշացուցած է Թուրքիոյ կեղծաւոր ըլլալէն, միշտ ալ նշած է, որ Թուրքիա կը փորձէ Միջին Արեւելք մուտք գործել եւ քօղարկել անոր մշակութային, տնտեսական եւ ազգային ինքնութիւնը: Յ. Մխիթարեան շեշտեց, որ այս բոլորը անտեսելով սեփական եւ հանրային հաստատութիւններուն կողմէ թրքական ներկայութեան ու դերակատարութեան ողջունումը կրնայ ունենալ չակնկալուած վտանգաւոր հետեւանքներ, որովհետեւ թրքական բառարանին մէջ գոյութիւն չունին հաւատարմութիւն, յանձնառութիւն բառերը:

Վիգէն Չերչեան

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը հաստատեց, որ Հայոց ցեղասպանութենէն Լիբանան հասած եւ հաւատարիմ քաղաքացիներ հանդիսացած հայերուն զգացումները արժեւորելով, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ թրքական տիրապետութեան հանգրուանին արձանագրուած նահատակներուն իբրեւ յարգանք պէտք է վերատեսութեան ենթարկել Թուրքիոյ մերձենալու քաղաքականութիւնը: Ան հաստատեց, որ այսօր լիբանանահայութիւնը աւելի քան երբեք կառչած է Լիբանանին, ինչպէս նաեւ անոր թշնամիներուն, յատկապէս Թուրքիոյ դէմ պայքարին:

Իր խօսքը աւարտելով` Յովիկ Մխիթարեան կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանին Անգարայի իշխանութիւններուն տեղեկացնելու, որ հայութիւնը պիտի շարունակէ իր պայքարը մինչեւ հասնի իր նպատակներուն` ճանաչում, ներումի հայցում, հատուցում, շարունակուող ցեղասպանութեան կասեցում:

Աւարտին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան ընթերցեց այն յուշագիրը, որ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի ճամբով յղուեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի: Յուշագիրը կը հրահարակենք առանձին:

Քայլարշաւ-ոգեկոչման հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )