Լիբանանահայ Գործօնի Ուժականութիւնը` 50.000 Հայորդիներու Քայլարշաւ-Բողոքը
Լիբանանահայութեան այս տարուան ապրիլ 24-ը յատկանշուեցաւ բազմաթիւ իմաստներով: Ապրիլ 24-ի առաւօտուն Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին միացեալ յայտարարութիւնը կոչուած է նոր էջ բանալու համահայկական մեր պահանջատիրութեան կարեւոր մէկ բաժնին` եկեղեցիներու, վանքերու եւ եկեղեցապատկան կալուածներու բուն իրաւատիրոջ անյապաղ վերադարձի պահանջով: Պահանջատիրական մեր պայքարի տակաւ առարկայացման եւ դէպի իրաւականացում ճանապարհի մեկնարկային կարեւորագոյն քայլերէն պէտք է համարել այս յայտարարութիւնը, որուն մեր մամուլը պիտի անդրադառնայ տակաւին:
Պահանջատիրական շարժումին վառ ապացոյցը հանդիսացաւ Պուրճ Համուտէն Պուրճի Նահատակաց հրապարակ 50.000 հայորդիներու քայլրաշաւ-բողոքը, որուն մարդաշատութիւնը գնահատող 50.000 թիւը հրապարակուեցաւ լիբանանեան մամուլի նշանաւոր ներկայացուցիչներուն կողմէ: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին կողմէ հաւաքի վայրի ընտրութիւնը` Նահատակաց հրապարակ, կը թուէր յաւակնոտ քայլ ըլլալ` նկատի ունենալով, որ երկրի ամէնէն մեծաթիւ հաւաքներու եւ ցոյցերու վայրն էր անիկա: Մեր ժողովուրդը փաստե՛ց, իր կուսակցութիւններով, յարանուանութիւններով, միութիւններով, հասարակական կազմակերպութիւններով եւ երիտասարդով, տարեցով, պատանիով ու երեխայով, որ ի՛նք կ՛ողողէ Պուրճ Համուտէն Պէյրութ տանող ճանապարհը, կը յաջողի անդամալուծել քաղաքը ի յիշատակ ցեղասպանութեան զոհերուն, Պէյրութի սրտին վրայ փոխանցել իր պահանջատիրական ուղերձներն ու պատգամները եւ համայն Լիբանանին զգուշացնել թրքական գործօնի վտանգներէն:
Քայլարշաւ-բողոքին տարերային հանգամանքը, փոխանցած ուղերձներն ու դասերը ինչպէս ներազգային, այնպէս նաեւ արտաքին մակարդակներու վրայ կը մնան քննարկելի լիբանանահայութեան համար, որ փաստե՛ց հայկական գործօնի ուժականութիւնը:
«Ա.»

