Ի՞նչ Կ՛Ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Հանդարտութեան եւ խաղաղ կեցուածքի մարզափորձերով կրնաք փարատել ձեր ունեցած անհանգստութիւնը, գլխացաւը կամ յոգնութիւնը: Օտար բառով` պէտք է ռըլաքս կատարէք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կը կասկածիք ձեր ապագային, հետեւաբար մնացէք եռանդուն: Ունիք նոր փափաք, կրնաք զայն իրագործել ձեր հետեւողական ջանքերով:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Միամիտ մի՛ ըլլաք եւ դիւրահաւան ըլլալէ հեռու մնացէք, որովհետեւ երբ համաձայնագիր մը պիտի ստորագրէք, ուշադիր եղէք: Կրնայ ըլլալ, որ անհասկնալի կամ կեղծ գիր մը ըլլայ հոն գրուած:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Օգտուեցէք օրուան ստեղծած յարմար առիթէ մը եւ կատարեցէք կարեւոր իրագործում մը: Նման պահերը օգտակար անդրադարձ կ՛ունենան:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ կը փափաքիք վերահաստատել ձեր կապը անձի մը հետ, ժամանակ տրամադրեցէք այս կապակցութեամբ, կամաց կամաց կը ջերմանայ այս յարաբերութիւնը, որուն համար կ՛արժէ մտածել:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ընտանիքի հետ հաշտ յարաբերութիւնը կենսական է: Ի մտի ունեցէք այս իրողութիւնը եւ ըստ այնմ որոշում տուէք: Համաձայնութեան եզր մը գտէք ներդաշնակ կեանքի մը սիրոյն:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Դէպի բնութեան գիրկը պտոյտ մը կատարելը իտէալ միտք մըն է: Կրնաք կատարել առանձին, զոյգով կամ ընտանեօք: Կրնաք օգտուիլ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր կատարած ծախսերուն համար մնայուն հսկողութիւն մը այնքան ալ հաճելի չէ, բայց անհրաժեշտ է: Առածը կ՛ըսէ. «Չծածկուած խոտը հովը կը տանի»: Ձեր ծախսածին սահմանը գիտցէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ընդունեցէք ձեզի ուղղուած գովեստները: Ասոնք նկատեցէք նուէրներ` խօսքով արտայայտուած: Ձեր օրը հաճելի է եւ բախտաբեր:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր առողջութեան հետ լուրջ վարուեցէք: Ոչինչ ձգեցէք պատահականութեան, որովհետեւ կրնաք վնասել: Առողջութիւնը կատակ չի շալկեր, ոչ ալ` անտարբերութիւն:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Բարեկամ մը ձեզմէ ծառայութիւն մը պիտի խնդրէ: Դրական պատասխան տուէք, ընդառաջեցէք անոր խնդրանքին: Օրը պարզ է:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կասկածներ ունիք դուք ձեր նկատմամբ, եւ` շատ զօրաւոր. որովհետեւ ուրիշներ եւս կը սկսին կասկածիլ ձեզմէ: Այս տրամադրութիւնը անիմաստ է եւ վնասաբեր: Խելքի եկէք:

Share this Article
CATEGORIES