Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում Թուրքիոյ Մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցը այս տարի նախորդ տարիներէն աւելի բարձր աղմուկ յառաջացուց Թուրքիոյ մէջ, ուր այլեւս կը բարձրանայ թիւը այն անձերուն կամ կազմակերպութիւններուն, որոնք ապրիլ 24-ին հրապարակ կ՛իջնեն յիշեցնելու համար 1915-ի պատահածները եւ բաժնելու համար հայ ժողովուրդին հարիւր տարիէ ի վեր կոտտացող ցաւը:

Բայց, հայոց ի նպաստ գործող այս անձերն ու կազմակերպութիւնները միշտ իրենց դիմաց կը գտնեն հակառակորդներ, որոնք դեռ կը շարունակեն Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրանալ ու անոր առջեւ «սէօզտէ» («այսպէս կոչուած») կամ «եալան» («սուտ») որակականները զետեղել եւ պաշտպան կանգնիլ այն տեսակէտին, որ պետութեան պաշտօնական քաղաքականութիւնը կը կազմէ, հակառակ որ այդ քաղաքականութիւնը այլեւս չունի նախկին ամբողջական ժխտումի բնոյթը:

Չորեքշաբթի, 24 ապրիլին ոգեկոչումներ կատարուեցան Պոլսոյ, Տիգրանակերտի, Տերսիմի, Անգարայի, Ատանայի եւ Իզմիրի մէջ: Իզմիրի ցոյցը պատճառ դարձաւ, որ հակառակ տեսակէտ պաշտպանող խմբակ մը հակացոյց ընէ ու ստեղծէ կարճատեւ իրարանցում եւ բախումի մթնոլորտ:

Ոգեկոչումին համար բազմութիւն մը հաւաքուած էր Իզմիրի տօնավաճառի դաշտի դրան առջեւ: Ցուցարարները կը կրէին վերտառութիւններ, ուր գրուած էր. «Մի՛ մոռնար 24 ապրիլ 1915-ը», եւ ցուցարարները հայերու ի նպաստ լոզունգներ կ՛արձակէին:

Այդ միջոցին տօնավաճառի դաշտին ուրիշ մէկ դրան առջեւ հաւաքուեցան Ժողովուրդի փրկութեան կուսակցութիւն կոչուած կազմակերպութեան անդամներ, որոնք «Հայոց ցեղասպանութեան սուտը» գրութեամբ վերտառութիւններ պարզեցին: Խմբակները դէմ դիմաց եկան ու բանավէճ սկսաւ: Ոստիկանական ուժերը անմիջապէս միջամտեցին ու իրարմէ անջատեցին երկու խմբակները եւ ո՛չ մէկը հսկողութեան տակ առնուեցաւ: Ցուցարարները դաշտէն հեռացան առանց այլ միջադէպի:

Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած հանրահաւաքներուն կարեւորագոյնն էր Սուլթանահմետի մէջ կայացած հաւաքոյթը, որուն ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան կողքին յիշատակուեցաւ նաեւ ասորիներու նկատմամբ գործադրուած ցեղասպանութիւնը:

Թուրքիոյ Իսլամական գործերու թանգարանի շէնքին առջեւ պարզուած էին վերտառութիւններ, ուր կ՛ըսուէր, թէ 1915-ի իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն են եւ ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն է: Հոն տեղադրուած էին նաեւ 24 ապրիլ 1915-ին ձերբակալուած հայերու լուսանկարները եւ անունները այն հայաբնակ գիւղերուն, որոնք գոյութիւն ունէին 1915-էն առաջ եւ որոնց անունները փոխուեցան հետագային: Հաւաքոյթը կազմակերպուած էր Մարդկային իրաւունքներու միութեան, «Տուր-Տէ» կազմակերպութեան, Շուէտի ասորի երիտասարդական դաշնակցութեան, «Նոր Զարթօնք» հայ երիտասարդական խմբաւորումին, Ընկերվարական կուսակցութեան եւ այլ կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ:

Մասնակիցները դիտել կու տային, որ ապրիլ 24-ի գիշերը ձերբակալուածները այս շէնքին մէջ բանտարկուեցան եւ հոնկէ ճամբայ հանուեցան դէպի մահ:

Ազդեցիկ ելոյթ ունեցաւ Մարդկային իրաւունքներու միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղի առաջնորդներէն Էրեն Քեսքին, որ պահանջեց վերջ տալ Ցեղասպանութեան ուրացման, որպէսզի արդարութիւն հաստատուի: Ան ըսաւ, որ այս Ցեղասպանութիւնը վերջ տուաւ Անատոլուի մէջ բոլոր քրիստոնեայ ժողովուրդներու կեանքին: Ան ըսաւ, որ հայերու եւ ոչ իսլամներու նկատմամբ ատելութիւնն ու թշնամութիւնը այսօր ալ կը շարունակուի. «Հայերը կեանքի ապահովութիւն չունին, զինուոր Սեւակ Պալըքճըն այս մասին փաստ մըն է. հակառակ անոր որ ան վայրագօրէն սպաննուեցաւ, դատարանը այդ սպանութիւնը արկած նկատեց»:

Քեսքին հրապարակաւ պահանջեց, որ ոչ միայն Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցուի, այլ նաեւ բռնագրաւուած կալուածները վերադարձուին, նիւթական եւ բարոյական վնասները հատուցուին եւ հայերուն վերադարձը արտօնուի դէպի իրենց մայր հայրենիքը: «Այնքա՛ն ատեն  որ Ցեղասպանութիւնը չի ճանչցուիր եւ մենք դէմ յանդիման չենք գար յանցագործութիւններուն հետ, այս հողերուն վրայ խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն գոյութիւն պիտի չունենայ», ըսաւ ան:

Մինչ Է. Քեսքին կը խօսէր, ներկայ մը պոռաց. «Սուտ կը խօսիք: Թուրք ժողովուրդը ցեղասպանութիւն չի գործեր»: Այս միջամտութեան վրայ կարճատեւ խառնակութիւն մը ստեղծուեցաւ, ապա հանրահաւաքը շարունակուեցաւ:

Քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան Պոլսոյ նահանգային նախագահ Ալի Ռըզա Պիլկիլի ելոյթ ունեցաւ եւ ըսաւ, որ Թուրքիոյ պատմութիւնը դժբախտաբար սպանդներով լեցուն է, եւ ցաւ յայտնեց, որ այդ սպանդներուն մասնակցած են նաեւ քիւրտեր. «Հիմա պարտաւոր ենք երես առ երես գալու այս սպանդներուն հետ: Մենք, ներկայացնելով քիւրտ ժողովուրդը` կ՛անիծենք այդ սպանդներուն պատասխանատուները եւ ներում կը հայցենք հայ եւ ասորի ժողովուրդներէն»:

«Փերի» հրատարակչատան տէր Ահմետ Էօնալ իր կարգին եւս ըսաւ, որ Միջին Արեւելքի շարք մը ժողովուրդներ ոչնչացուեցան, որպէսզի ձեւաւորուի թուրք ազգային պետութիւնը: «Ասիկա ծրագրուած քաղաքականութիւն էր: Ժողովուրդները իրարու դէմ գործածուեցան: Ես կը պախարակեմ նաեւ այն քիւրտերը, որոնք մասնակցեցան հայկական սպանդներուն», ըսաւ ան:

Ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ «Նոր Զարթօնք» խմբակին անունով Առնօ Գալայճը, որ ըսաւ, թէ հայերու դէմ կատարուած զանգուածային սպանդները սկսած էին արդէն 1894 թուականներուն: Ան նշեց, թէ ուրացման քաղաքականութիւնը շարունակուեցաւ հանրապետութեան շրջանին եւս եւ փոքրամասնութիւններու ինչքերուն մասին այլեւս ժամանակավրէպ դարձած օրէնք մը գործադրուեցաւ: Այս քաղաքականութեան պատճառով, Անատոլուի աշխարհագրութիւնը մշակութային ոչնչացումի ենթարկուեցաւ, բազմաթիւ լեզուներ եւ մշակոյթներ մահուան դատապարտուեցան: «Այսօր, եթէ հայերու, քիւրտերու եւ թուրքերու միջեւ հաշտութիւն մը պիտի կայանայ, ատիկա պիտի չիրականանայ Ցեղասպանութեան ուրացումով, այլ` ժողովուրդներու հասարակաց պայքարով», ըսաւ ան եւ պահանջեց, որ Թուրքիա-Հայաստան սահմանը բացուի, սփիւռքի հայերուն հայրենակցական իրաւունք տրուի, ընդունուի, որ պատահածը Ցեղասպանութիւն էր եւ ներում հայցուի, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան հեղինակներուն անունները հրապարակուին դասագիրքերու մէջ եւ Թուրքիոյ քաղքենիութիւնը հաշիւ տայ 1915-ին յաջորդող բռնագրաւումներուն համար:

Պոլսոյ մէջ ոգեկոչում մը տեղի ունեցաւ նաեւ Թաքսիմի հրապարակին վրայ: «Պիա» լրատու կեդրոնէն տրուած տեղեկութեան համաձայն, հազարաւոր մարդիկ Թաքսիմի վրայ սգացին անհետացած հայերը: Ցուցարարները կրեցին նաեւ Հրանդ Տինքի եւ Սեւակ Պալըքճըի լուսանկարները:

Փրոֆ. Կենչայ Կիւրսոյ իր ելոյթին մէջ ըսաւ, որ Ցեղասպանութիւնը առաջին անգամ սկսաւ հայ մտաւորականներու ձերբակալութեամբ: Այս կերպով, լռութեան մատնուեցան հայ մտաւորականները, որպէսզի անոնք ոչնչացման պատահարները չիմացնեն արեւմտեան աշխարհին: Քանի մը օրուան մէջ 2945 հայ ձերբակալուեցաւ: Անոնց միջեւ կային երեսփոխաններ, բանաստեղծներ. այլ խօսքով` ձերբակալուեցաւ հայ հաւաքականութեան «ուղեղ»-ը: Անոնք աքսորուեցան դէպի Այաշ եւ Չանքըրը, ուր առանց դատավարութեան` ձերբակալուածներէն 761 հոգի սպաննուեցաւ: Հարիւր հազարաւոր հայեր, իրենց տունն ու գործը ձգելով` աքսորուեցան դէպի անապատ: Ճամբուն վրայ ոճրագործները սպանդներ իրականացուցին աքսորեալներուն նկատմամբ: Ընտանիքներ բաժան-բաժան եղան, զաւակներ որբ մնացին ու չկրցան գտնել իրենց ընտանիքները: Տասնեակ հազարաւորներ հիւանդութեան պատճառով մեռան, շատեր ալ իրենց աքսորավայրերուն մէջ սուրէ անցուեցան: 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը իրականացաւ այս հողերուն վրայ: 98 տարի անցաւ, բայց ուրացումը կը շարունակուի: Կը շարունակուի նաեւ հայերու դէմ թշնամանքը: «Իթթիհատականներու հետքէն քալողները 2007-ին Հրանդը սպաննեցին, 2011-ին ալ` երիտասարդ Սեւակը: Այս սպանդները ծրագրողները ազատ են եւ ասիկա Ցեղասպանութեան ուրացումին բնական մէկ հետեւանքն է», ըսաւ Կիւրսոյ եւ յիշեցուց, որ կային նաեւ թուրքեր, որոնք իրենց կեանքը վտանգելով` հայեր պաշտպանեցին, թէեւ` անոնց թիւը քիչ էր:

Հաւաքին դարձեալ ներկայ էին Ժողովուրդի փրկութեան կուսակցութենէն մօտաւորապէս 20 անդամներ, որոնք լոզունգներ արձակեցին` «Հայոց ցեղասպանութեան «սուտ»-ը դատապարտելու եւ անիծելու համար Ամերիկայի կայսերապաշտութիւնը»:

Ոստիկանական ուժեր անջատեցին այս խանգարիչ տարրերը:

Ոգեկոչման Ձեռնարկներ` Տիգրանակերտի Մէջ

Ծաղիկ կը նետեն Տիգրիս գետին մէջ

Չորեքշաբթի, 24 ապրիլին Ցեղասպանութեան տարելիցի ոգեկոչման միջոցառումներ տեղի ունեցան նաեւ Տիգրանակերտի մէջ: Հոն նախ կայացաւ Ցեղասպանութեան նուիրուած համաժողով մը, որմէ ետք մասնակիցները գացին դէպի Տիգրիս գետ եւ տասը կամար ունեցող կամուրջէն վարդեր նետեցին դէպի Տիգրիս, որ արիւնով ողողուած էր 1915-ի կոտորածի օրերուն:

«Պիյանեթ»-ի կայքէջը կը գրէ, թէ Տիգրանակերտի համաժողովը կազմակերպուած էր քաղաքի փաստաբաններու միութեան եւ քաղաքապետարանին աջակցութեամբ: Համաժողովի գլխաւոր նիւթն էր` «Տիգրանակերտցի հայեր` տեղահանութեան տարելիցին»: Մասնակիցներու կարգին էր Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկի տնօրէն Արա Սարաֆեան, որ ելոյթ մը ունենալով` ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս պատահած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Սարաֆեան նշեց, որ միայն Տիգրանակերտի մէջ 80 հազար հայեր կ՛ապրէին 1915-էն առաջ եւ շեշտեց, թէ Ցեղասպանութեան գաղափարական նպատակն էր կայսրութեան իսլամացումն ու թրքացումը:

Նաեւ, քիւրտ լրագրող Էրթուշ Պոզքուրթ, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան ի նպաստ գործելու «յանցանք»-ով մեղադրեալներէն մէկն է, ապրիլ 24-ին կայացած դատական նիստի մը ընթացքին յայտարարեց, որ այդ օրը հայերու կոտորածներու տարելիցն է, եւ ինք ու իր ընկերները կը բաժնեն հայերու վիշտը:

«Սի.Էն.Էն. Թիւրք» հաղորդելով այս լուրը` նշեց, որ Պոզքուրթ իր յայտարարութիւնը կատարեց 46 ամբաստանեալներու անունով: Բոլոր մեղադրեալները սեւ տարազներով եկած էին դատարան ու ըսած, թէ սեւ հագած են` հայերու կոտորածի տարելիցին առթիւ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )