Քանատա. Հակառակ Թրքական Հակացոյցին, 2000 Հայորդիներ Պահանջատիրութեան Ձայնը Բարձրացուցին Օթթաուայի Թրքական Դեսպանատան Դիմաց
Ապրիլ 24, 2013-ին, Թորոնթոյէն, Քեմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնրէալէն, Համիլթընէն, Սէնթ Քաթրինզէն եւ այլ վայրերէ Օթթաուա ժամանեցին 2000 հայորդիներ եւ Քանատայի խորհրդարանին առջեւ միասնաբար վերանորոգեցին պահանջատիրութեան իրենց ուխտը:
Օրուան հանդիսավար Թալին Ապրաքեան իր բացման խօսքով յայտնեց, թէ Թուրքիա, ուրացման իր քաղաքականութեամբ կը շարունակէ եւ կը կրկնէ Ցեղասպանութեան գործընթացը:
Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած հաւաքին ընթացքին ելոյթ ունեցան Քանատայի խորհրդարանի անդամներ եւ այլ հրաւիրեալներ:
Ազատական կուսակցութեան անդամ Ճիմ Գարիճիանիս ներկաներուն յիշեցուց, որ 20-րդ դարու սկիզբը թուրքերու կողմէ գործադրուած Հայկական ու Պոնտական ցեղասպանութիւններու պատճառով է, որ այսօր Տարֆուրի մէջ կամ այլուր կը շարունակուին ցեղասպանական արարքները:
Ազատական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Պապ Ռէյ իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ Թուրքիոյ հետ հաշտեցման գործընթացը կրնայ յաջողիլ միայն այն պարագային, երբ Թուրքիա կ՛ընդունի պատմական ճշմարտութիւնը եւ վերջ կու տայ ուրացման իր քարոզչութեան:
Ընդդիմադիր նոր դեմոկրատ (NDP) կուսակցութեան անդամ Ալեքսանտր Պուլրիս յայտարարեց, թէ NDP կուսակցութիւնը կը միանայ աշխարհասփիւռ հայութեան ոգեկոչելու 98-րդ տարելիցը Հայոց ցեղասպանութեան եւ իր խօսքը եզրափակեց հայերէնով. «Երբեք չենք մոռնար»:
Քանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախագահ եւ Պահպանողական կուսակցութեան անդամ տոքթ. Հարըլտ Ալպրէխթ յայտնեց, որ Անգարայի իշխանութիւններուն կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման քայլը ճամբայ պիտի հարթէ երկու պետութիւններուն միջեւ քաղաքական յարաբերութիւններու վերահաստատման ու դիւանագիտական մերձեցման:
Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Եգանեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ անընդունելի կը գտնէ Օթթաուայի մօտ Թուրքիոյ դեսպանին այն յայտարարութիւնները, ուր վերջինս, Քանատայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին պատճառով, կը սպառնար քանատական կառավարութեան հետ առեւտրական յարաբերութիւնները զարգացումը կասեցնել:
Պատմաբան Իզապէլ Գաբրիէլեան Չըրչիլ ժամանակագրական կարգով ներկայացուց Եղեռնի եւ անոր յաջորդող հայկական սփիւռքի կազմաւորման շրջանը:
Հայ դատի յանձնախումբի պատգամաբերն էր Թալին Ապրաքեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ հայ նոր սերունդը վճռած է շարունակել պահանջատիրական իր պայքարը, մինչեւ որ Անգարա իսկական իրաւատիրոջ վերադարձնէ հայութենէն խլուած իրաւունքներն ու պատմական ժառանգը:
Բագրատ եպս. Գալստանեանին անգլերէն աղօթքով վերջ գտաւ խորհրդարանի դիմաց հանդիսութիւնը, որմէ ետք 2000 հայորդիներ ուղղուեցան դէպի թրքական դեսպանատուն, ուր 100-120 թուրք ցուցարարներ, հակահայ պաստառներով կանգնած էին: Ոստիկանական շարք մը կը բաժնէր ցուցարար երկու կողմերը: Թրքական դրօշներու կողքին պարզուած էին Ազրպէյճանի եւ Չինաստանի թրքացեղ ուղուրներու դրօշները, ինչպէս նաեւ ազգայնամոլ «Գորշ Գայլեր» կազմակերպութեան խորհրդանշանները: Հակառակ թրքական կողմի գրգռիչ փորձերուն, հայկական կողմը շարունակեց արարողութիւնը, հեգնանքով դիմաւորելով թուրք ցուցարարներու գրգռիչ բացագանչութիւնները: Բողոքի ցոյցի ընթացքին ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ, երգով, ասմունքով եւ թատերական կենդանի պատկերով տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին փոխանցուեցան նաեւ ՀՅԴ ՔԵՄ-ի եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան խօսքերը, որոնց մէջ կը հաստատուէր պահանջատիրական երթը շարունակելու նոր սերունդի պատրաստակամութիւնը:
Հայ դատի երկարամեայ պաշտպան, Օնթարիոյի նահանգային խորհրդարանի նախկին խօսնակ Տէյվիտ Ուորնըր խօսքը ուղղելով թուրք դեսպանին, դեսպանատան պաշտօնատարներուն եւ թուրք ցուցարարներուն, յայտարարեց, թէ հակառակ թրքական փորձերուն Օթթաուայի մէջ կայացող աւանդական ոգեկոչման հանդիսութիւնը ձախողութեան մատնելու, քանատահայութիւնը կուռ շարքերով պիտի շարունակէ իր պահանջատիրութեան ու արդար դատի իրագործման յաղթարշաւը: Խաժակ արք. Յակոբեան իր գօտեպնդիչ պատգամով կոչ ուղղեց` յառաջիկայ տարիներուն աւելի ստուար շարքերով ներկայ ըլլալու Օթթաուայի հանդիսութիւններուն:
Նշենք, որ նոյն օրը առաւօտեան, Հայաստանի դեսպանութիւն այցելեցին ՀՅԴ Քանատայի Պատանեկան միութեան անդամները, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը, ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէն եւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք առաջնորդ սրբազաններ Խաժակ արք. Յակոբեանի, Բագրատ եպս. Գալստանեանի եւ դեսպան Արմէն Եգանեանի հետ, դեսպանատան «Յաւերժական Հայաստան» յուշարձանին մօտ աղօթքով նշեցին Մեծ եղեռնի 98-ամեակը:
Նշենք, որ ապրիլ 23-ին, թրքական դեսպանատան դիմաց, 50 ՔԵՄ-ականներ նստացոյց կատարեցին:
Քանատայի ամէնէն լայն սփռումը ունեցող «Սի.Թի.Վի.» հեռատեսիլի կայանը ապրիլ 24-ին հեռարձակեց Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Մհեր Գարագաշեանի հետ կայացած հարցազրոյց մը, որուն գլխաւոր նիւթը Հայոց ցեղասպանութիւնն էր: Այլ լրատուամիջոցներ անդրադարձան Օթթաուայի թրքական դեսպանատան դիմաց կայացած բողոքի ցոյցին:

