Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակի Ոգեկոչումներ Սփիւռքի Մէջ

Ամբողջ աշխարհի հայութիւնը տարբեր ձեւերով եւ ձեռնարկներով ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակը, վերանորոգեց իր ուխտը մէկուկէս միլիոն անմեղ նահատակներուն կտակին, ինչպէս նաեւ եկաւ անգամ մը եւս բարձրագոռ յայտարարելու, որ տէրն է իր դատին, պահանջատէր է ու պիտի շարունակէ պայքարը մինչեւ հատուցում:

Մեր այսօրուան էջերուն մեծամասնութիւնը կը տրամադրենք տարբեր գաղութներու մէջ տեղի ունեցած ոգեկոչման ձեռնարկներուն, որոնք հասած են մեզի: Բնականաբար, բոլոր ոգեկոչումներուն անդրադարձը միանգամայն կարելի չէ ընել, ուստի յառաջիկային եւս պիտի շարունակենք հրատարակել գաղութային ոգեկոչման լրատուութիւններ:

 

Իրան

Բազմահազար Իրանահայեր Բողոքի
Քայլարշաւներով Եւ Ցոյցերով Դատապարտեցին
Թուրքիոյ Քաղաքականութիւնը

24 ապրիլին հազարաւոր պահանջատէր հայորդիներ համախմբուեցան Թեհրանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակին եւ յարակից պողոտային մէջ: Մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որուն ընթացքին քարոզեց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան: Առաջնորդ սրբազանը կարդաց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի միացեալ յայտարարութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, ապա սկսաւ ժողովրդային լուռ քայլարշաւը` դէպի Թուրքիոյ դեսպանատուն: Բազմահազար թեհրանահայեր բռունցքները ուղղած դէպի դեսպանատուն կը վանկարկէին «Մահ Թուրքիոյ ֆաշական կառավարութեան» կարգախօսը:

Նոյն օրը Թեհրանի «Արարատ» մարզամշակութային համալիրի «Սասունցի Դաւիթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ապա բեմ բարձրացաւ օրուան բանախօսը` լիբանանահայ ազգային-հասարակական գործիչ, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէն, ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վիգէն Աւագեան` փոխանցելու օրուան պատգամը:

23 ապրիլին Նոր Ջուղայի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեանի, տեղի ունեցաւ հսկումի արարողութիւն:

Այնուհետեւ խորհրդաւոր լռութեան եւ լոյսերու ներքեւ տեղի ունեցաւ մոմերով երթը եւ ներկաները քալեցին դէպի Ս. Ամենափրկիչ վանք, ուր տեղի ունեցաւ բողոքի հանրահաւաք: 24 ապրիլի առաւօտեան Ս. Ամենափրկիչ վանքի շրջափակին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ ծաղկեպսակներու զետեղում, ապա սկիզբ առաւ բողոքի քայլարշաւը:

 

Թաւրիզ

Ծաղիկներու Զետեղում Եւ Երկու Վեհափառ
Հայրապետներու Կոչի Ընթերցում

Հայոց ցեղասպանութեան 98-րդ տարելիցին առիթով, չորեքշաբթի, 24 ապրիլ 2013-ին Ատրպատականի հայոց թեմի հայաշատ երկու քաղաքներուն մէջ` Թաւրիզ եւ Ուրմիա մատուցուեցան Ս. պատարագներ, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցան հոգեհանգստեան պաշտօններ ու ծաղկեմատոյց, նահատակաց յիշատակին կանգնեցուած զոյգ յուշարձաններուն առջեւ:

Թաւրիզի Լիլաւա թաղի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց, քարոզեց ու ապա հոգեհանգստեան արարողութեան նախագահեց Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեան: Իսկ Ուրմիոյ մէջ Ս. պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց շրջանի ծխատէր Ներսէս քհնյ. Պասիլեան:

Հաւատացեալներուն բազմութիւնը կանուխ ժամերէն լեցուցած էր եկեղեցիները եւ անոնց շրջափակերը` աղօթքով, մոմավառութեամբ եւ Ս. պատարագին մասնակցութեամբ իր յարգանքի տուրքը ընծայելու մեր անմեղ նահատակներուն:

«Հայր մեր»-էն առաջ թեմակալ առաջնորդը փոխանցեց իր պատգամը` հայ ժողովուրդին տառապանքի կարմիր ճանապարհը ներկայացնելով պատմութեան ընթացքին, որ ուղղակի շարունակութիւնը եղաւ Քրիստոսի ապրած Գողգոթային` խաչի ճանապարհին: Առաջնորդը յանձնարարեց երբեք չմոռնալ, որ մեր նահատակները անապատներու մէջ, կիզիչ արեւի տակ անտանելի չարչարանքներու ու խողխողման ենթարկուելէ ետք մնացին անթաղ, ու գիշատիչներու եւ գազաններու կողմէ յօշոտուեցան: Ան յայտնեց, որ անոնք այսօր երկինքի բնակիչներ են, սուրբերուն դասակից եւ ուրախակից, որովհետեւ յանուն Քրիստոսի իրենց արիւնը թափող սուրբերն ալ իրենց հաւատքին համար նահատակուեցան: «Պիտի շարունակենք ո՛չ միայն աղօթել, ո՛չ միայն յիշել ու յարգել զանոնք, ապրիլ 24-ի յիշատակի այս ոգեկոչման օրուան ընթացքին, այլեւ պիտի շարունակենք պահանջել անոնց արդար արեան գինը, պահանջել արդարութիւն անոնց բռնաբարուած կեանքին համար, պահանջել մեր կորսուած հայրենիքը, որուն հողը սրբագործուած է մեր հայրերու սուրբ արիւնով»,  ըսաւ առաջնորդը:

Ս. պատարագէն ետք, թեմակալ առաջնորդին գլխաւորութեամբ, թափօրը յառաջացաւ դէպի նահատակաց յուշարձան, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: Հոգեհանգստեան արարողութեան ու ոգեկոչման աւարտին թեմակալ առաջնորդը կարդաց Հայ եկեղեցւոյ զոյգ վեհափառ հայրապետներ`  Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին ու Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին ստորագրած կոչը` Հայոց ցեղասպանութեան 98-րդ տարելիցին նուիրուած:

Եկեղեցիներու Խնամակալ մարմինին պատրաստութեամբ, ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին անմեղ նահատակաց յուշարձանին առջեւ:

Ուրմիոյ մէջ նոյն օրը Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կանգնած Ապրիլեան նահատակաց յուշարձանին առջեւ կատարուեցաւ ծաղկեմատոյց, եւ ապա «Արամ Մանուկեան» սրահին մէջ` ոգեկոչման ձեռնարկ: Սոյն յայտագրի ընթացքին Ներսէս քհնյ. Պասիլեան կարդաց զոյգ վեհափառ հայրապետներուն ստորագրած կոչը` ուղղուած համայն հայ ժողովուրդին:

 

Սպանիա

Հայոց Ցեղասպանութեան 98-րդ Տարելիցին
Ոգեկոչումը Պարսելոնայի Մէջ

Պարսելոնայի հայկական համայնքը չորեքշաբթի, 24 ապրիլ 2013-ին ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 98-րդ տարելիցը:

Սոյն ձեռնարկը տեղի ունեցաւ կազմակերպութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, Քաթալոնիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոսութեան, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ խորհուրդին եւ Պարսելոնայի Հայկական մշակութային միութեան:

Երեկոյին բացումը կատարեցին Նունէ Գրիգորեանն ու Սահակ Մանուկեանը: Աւելի քան մէկուկէս միլիոն անթաղ հայ նահատակներուն յիշատակը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելէ ետք բեմ բարձրացաւ Սասուն ծ. վրդ. Զմրուխտեան. ան հայերէն ու սպաներէն լեզուներով կարդաց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսներուն ստորագրութիւններով յայտարարութիւնը, որ ունէր հետեւեալ վերնագիրը. «Թուրքիան պէտք է վերադարձնէ հայկական բռնագրաւուած եկեղեցիներն ու եկեղեցապատկան կալուածները»:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Սպանիոյ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գործերու  հաւատարմատար Խորէն Տէրտէրեան: Ան ներկայացուց Ցեղասպանութեան մասին պատմական որոշ տեղեկութիւններ, խօսեցաւ երիտ թուրքերու քաղաքականութեան մասին եւ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին:

Խօսք առաւ Քաթալոնիոյ ներգաղթի եւ ընտանիքներու բարեկեցութեան միջգերատեսչական յարաբերութիւններու վարչութեան քարտուղար Մարիա Ռոսա Ֆորտունի: Ան նաեւ կարդաց Դանիէլ Վարուժանի բանաստեղծութիւններէն քանի մը ստեղծագործութիւններ:

Խօսք առին նաեւ Քաթալոնիոյ մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Խուան Սանմարթին Խիլ եւ Քաթալոնիոյ աստուածաբանութեան բաժանմունքի ղեկավար Արմանտ Պուճ:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Պարսելոնայի Հայկական մշակութային միութեան անդամ Տաթեւ Սուլեան: Ան իր խօսքը կեդրոնացուց պահանջատիրութեան ու հատուցման հանգրուանին վրայ: Անդրադարձ կատարեց նաեւ Թուրքիոյ մէջ ընթացող ու զարգացող ժողովրդավարական շարժումներուն: «Յիշելն ու յիշեցնելը բաւարար չեն, անհրաժեշտ է իրաւական հանգրուանին անցնիլ: Պատմութեան մակարդակով կարելի է ըսել, թէ մենք արդէն յաղթած ենք, կը մնայ խնդիրը իրաւաբանական մակարդակով ու եզրերով ապացուցել:

«Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ կան մեծաթիւ հայեր, որոնք Թուրքիոյ մէջ սեփական ինչքերու փաստաթուղթեր ունին: Կան շատեր, որոնք դրամատնային հաշիւներ ունին. այդ հաշիւները  մինչեւ այսօր անգործութեան մատնուած են:  Կարելի է 2015 թուականին 1,5 միլիոն յայտ ներկայացնել Թուրքիոյ դէմ` թէ՛ Եւրոպական մարդու իրաւունքներու դատարանին մէջ, թէ՛ քրէական դատարանին մէջ: Մեծապէս կարեւոր է հայախօսութեան անհրաժեշտութիւնը` որպէս մեր գոյապայքարի հիմնական զէնք»: Տ. Սուլեան իր խօսքի աւարտին անդրադարձաւ սպիտակ ջարդին. «Պահանջատիրութեան ու հատուցման վճռակամութիւնը աւելիով կը զօրանայ, երբ չենթարկուինք սպիտակ ջարդին»:

Պաշտօնական բաժինէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

98-րդ Ամեակի Ոգեկոչում Պարսելոնայի
Հայկական
Մշակութային Միութեան
Միօրեայ
Դպրոցին Մէջ

Պարսելոնայի Հայկական մշակութային միութեան միօրեայ դպրոցը կիրակի, 21 ապրիլ 2013-ին ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 98-րդ տարելիցը «Հայ տուն»-ին մէջ:

Ձեռնարկի ընթացքին, ներկաները դիտեցին Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող վաւերագրական շարժապատկեր. ունկնդրեցին նաեւ բարձր դասարանի աշակերտներուն կողմէ արտասանուած բանաստեղծութիւններ:

Հայոց ցեղասպանութեան պատմական տուեալներու, միջազգային ճանաչումի ներկայ հանգրուանին եւ պահանջատիրութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց  միօրեայ դպրոցի ուսուցիչներէն Տաթեւ Սուլեան: Ան խօսեցաւ պատմական դէպքերու, հայկական մշակութային կոթողներու ոչնչացման ու նիւթական կորուստներու մասին: Ներկաները հարցումներով իրենց մասնակցութիւնը բերին:

Ձեռնարկի աւարտէն ետք վարժարանը աշակերտներն ու անոնց ծնողները Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Պարսելոնայի մէջ զետեղուած հայկական խաչքարին մօտ:

Ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն` հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեց  Սասուն ծ. վրդ. Զմրուխտեան. արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ ծաղիկներու զետեղում:

Ներկաներուն իրենց ողջոյնի խօսքը փոխանցեցին Քաթալոնիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Խուան Սանմարթին Խիլ եւ Քաթալոնիոյ ներգաղթի եւ ընտանիքներու բարեկեցութեան միջգերատեսչական յարաբերութիւններու վարչութեան քարտուղար Մարիա Ռոսա Ֆորտունի:

 

Փարիզ

Յիշատակի Աւանդական Ձեռնարկ
Եւ Ս. Պատարագ

24 ապրիլին Փարիզի քաղաքապետարանի հանդիսութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած աւանդական ձեռնարկը: Քաղաքապետ Պերթրան Տըլանոյէ արտասանեց բացման խօսքը, որուն մէջ նշեց կարեւորութիւնը ժխտողականութեան դէմ պայքարի յաջողութեան: Ան ընդգծեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը պէտք է վերջապէս ընդունուի: Քաղաքապետը նաեւ շեշտեց ֆրանսահայերու ունեցած անգնահատելի ներդրումը Փարիզի պատմութեան ընթացքին, մասնաւորաբար` Փարիզի ազատագրման համար պայքար մղած Միսաք Մանուշեանի խումբին ներդրումը` իբրեւ հայ-ֆրանսական եղբայրութեան պատմական դրսեւորումներէն մէկը: Յաջորդաբար խօսք առին ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի համանախագահները եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանը: Յիշատակի ձեռնարկին մասնակցեցան Ֆրանսայի մայրաքաղաքի քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, երեսփոխաններ, ծերակուտականներ, բազմաթիւ քաղաքական եւ մշակութային գործիչներ, յայտնի անհատներ, հարիւրաւոր ֆրանսացիներ եւ ֆրանսահայեր:

23 ապրիլին Փարիզի հանրահռչակ Աստուածամօր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ` Ֆրանսայի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի նախագահութեամբ:

 

 

Ուքրանիա

Կլոր Սեղան` «1915 Թուականի
Հայոց Ցեղասպանութիւնը.
Առանց Մոռացութեան Իրաւունքի» Նիւթով

Ուքրանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, Ուքրանիոյ հայերու միութեան եւ Քիեւի հայ համայնքի նախաձեռնութեամբ 22 ապրիլին Ուքրանիոյ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի քաղաքագիտութեան եւ ազգագրական հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղան` «1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութիւնը. առանց մոռացութեան իրաւունքի» նիւթով:

Կլոր սեղանին մասնակցեցան Ուքրանիոյ խորհրդարանի վեց երեսփոխաններ` իշխող եւ ընդդիմադիր խմբակցութիւններէն, գիտական, ակադեմական հաստատութիւններու, քաղաքական, հասարակական, մշակութային կազմակերպութիւններու, զանգուածային լրատուամիջոցներու, հայ համայնքի, ազգային փոքրամասնութիւններու, ցեղասպանութեան, միջազգային եւ մարդկային իրաւունքներու նշանաւոր մասնագէտներ եւ այլ մարզերու ներկայացուցիչներ:

Ուքրանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Անդրանիկ Մանուկեան իր ուղերձին մէջ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն մռայլ էջին եւ նշեց, որ ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ ստեղծուած կառավարական յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ Հայաստանը սփիւռքի հետ միասին պիտի շարունակեն աշխատանքները` հասնելու պատմական արդարութեան: Հայաստանի դեսպանը իր խոր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ուքրանիոյ եւ ուքրանացիներուն` ցեղասպանութենէն վերապրածներէն մաս մը հիւրընկալելու համար: Կլոր սեղանին մասնակիցները շեշտեցին, որ Ցեղասպանութիւնը սարսափելի ոճիր մըն է ոչ միայն հայ ժողովուրդի, այլեւ ամբողջ մարդկութեան նկատմամբ, եւ անոր միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը նոր հաւանական ցեղասպանութիւններու լաւագոյն միջոցներէն մէկն է:

 

Ռումանիա

Ռումանահայութիւնը Այլազան Ձեռնարկներով
Ոգեկոչեց Ցեղասպանութեան 98-Ամեակը

Ապրիլեան այս օրերուն Ռումանիոյ շարք մը քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցան Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկներ, որոնց մասնակցեցան հարիւրաւոր ռումանահայեր, ռումանացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ եւ ուսանողներ:

24 ապրիլին Պուքրէշի Միքայէլ եւ Գաբրիէլ Սուրբ Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ յիշատակի հոգեհանգիստ, ուր Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեանի կողքին ներկայ էին ռումանացի ուղղափառ, կաթողիկէ, ղպտի ուղղափառ եւ քալվինական բողոքական եկեղեցիներուն ներկայացուցիչները: Հոգեհանգիստի աւարտին ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքար-յուշարձանին առջեւ: Կարդացուեցաւ նաեւ Հայաստանի դեսպանին խօսքը, որուն մէջ ան շնորհակալութիւն կը յայտնէր բոլոր այն կառավարութիւններուն եւ խորհրդարաններուն, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կը շարունակեն պայքար մղել մարդատեացութեան ու ցեղային խտրականութեան դրսեւորումներուն դէմ: Ան նաեւ ողջունեց բոլոր այն մտաւորականները, որոնք արդարութիւն կը պահանջեն, ինչպէս նաեւ թուրք հասարակութիւնը, որ օրէ օր կը բարձրացնէ իր բողոքի ձայնը` իշխանութիւններէն պահանջելով վերատեսութեան ենթարկել երկրին սեփական պատմութիւնը: Արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ արտօնուած երթ, որուն ընթացքին ռումանահայերը Հայաստանի դրօշներով եւ ցեղասպանութիւնը դատապարտող պաստառներով ուղղուեցան դէպի Պուքրէշի կեդրոն Յեղափոխութեան հրապարակ, հաւաքուածներուն եւ անցորդներուն բաժնելով ցեղասպանութեան մասին պատմող թռուցիկներ: Իսկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ` Հայոց միութեան մշակոյթի կեդրոնին կազմակերպութեամբ:

23 ապրիլին Ռումանիոյ խորհրդարանի Երեսփոխաններու տան մէջ երեսփոխան, Ռումանիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու խումբի ղեկավար Վարուժան Փամբուքճեան կատարեց Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող յայտարարութիւն մը, որուն յաջորդեց նիստը վարող Երեսփոխաններու տան փոխնախագահ Էդուարտ Հելվիկի դրական արձագանգը:

Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ձեռնարկներ տեղի ունեցան նաեւ հայաբնակ Քոսթանցա, Սուչավա, Պոթոշան, Պաքաու, Եաշ, Քլուժ, Կեռլա եւ Տումպրաւէն քաղաքներուն մէջ, ուր կատարուեցան գիրքի շնորհահանդէսներ, ցուցահանդէսներ եւ ժապաւէնի ցուցադրութիւններ:

 

Պուլկարիա

Եկեղեցական Արարողութիւններ Եւ
«Աղէտ» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին առիթով` Պուլկարիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արսէն Սհոյեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդական տեղապահ Աբգար քհնյ. Յովակիմեան, դեսպանութեան անձնակազմը եւ պուլկարահայ համայնքի ներկայացուցիչներ ծաղկեպսակներ զետեղեցին Սոֆիոյ հայկական գերեզմանատան` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին: Այս արարողութեան յաջորդեց հոգեհանգստեան սուրբ պատարագ, որ մատուցուեցաւ Սոֆիոյ Ս.  Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

19 ապրիլին Վառնայի քաղաքապետարանի նիստերու սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած գերմանացի վաւերագրող Էրիք Ֆրիտլերի «Աղէտ» ժապաւէնը:

24 ապրիլին Վառնայի Ս. Սարգիս հայկական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ Վառնայի հոգեւոր հովիւ արժանապատիւ  Բարթուղիմէոս քհնյ. Յակոբեանի ձեռամբ: Իսկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ, որմէ ետք Վառնայի հայ երիտասարդները ներկայացուցին իրենց պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրը: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ սուգի երթ դէպի Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողը:

 

Բրիտանիա

Ցեղասպանութեան 98-ամեակին
Նուիրուած Տարեկան Քայլարշաւ

Կազմակերպութեամբ Բրիտանահայ համայնքային եւ եկեղեցական խորհուրդի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կոմիտէի,  20 ապրիլին Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին նուիրուած տարեկան քայլարշաւը:

Քայլարշաւին մասնակիցները անցան Լոնտոնի կեդրոնական փողոցներէն եւ հասան  Համաշխարհային Ա. պատերազմի զոհերու յուշարձանին մօտ, ուր ծաղկեպսակներ զետեղուեցան: Քայլարշաւի աւարտին կազմակերպիչները բրիտանահայ համայնքին անունով Ցեղասպանութեան ճանաչման կոչ-նամակ յանձնեցին Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետի գրասենեակին:

 

Հունգարիա

Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած
Յուշարձանի Բացում

22 ապրիլին Հունգարիոյ Սեկետ քաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձանին: Անիկա զետեղուած է Սեկետի Մայր տաճարին մօտ` Քրիստոնէական համերաշխութեան այգիին մէջ: Բացման ներկայ Բարի կամքի դեսպան Լեւոն Սարգսեան ողջունեց այս երեւոյթը եւ յայտնեց, որ հակառակ Հայաստանի եւ Հունգարիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու խզման` ժողովուրդներու բարեկամութիւնը դարաւոր պատմութիւն ունի: Այս առիթով նամակ յղեց նաեւ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Եանոշ Մարթոնին, որ ըսաւ, թէ երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան հիմքին մէջ ընդհանուր քրիստոնէական հաւատքն է եւ նշանակալից ձեռքբերումները, զորս Հունգարիոյ մէջ ունեցած են հայերը:

 

Գերմանիա

Պերլինի Մէջ Գեղարուեստական Երեկոյ`
«Կոչեմ Ապրողաց» Խորագիրով

20 ապրիլին Պերլինի Վիլհելմ կայսեր անուան Յիշատակի եկեղեցւոյ մատուռին մէջ` Պերլինի Հայկական դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը «Կոչեմ ապրողաց» խորագիրով` նուիրուած Մեծ եղեռնի զոհերուն:

Հանդիսութեան ներկայ էին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմի առաջնորդ Գարեգին արք. Պեքճեան, Գերմանիոյ մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յարութիւն Գրիգորեան, Պերլինի մշակութային միութեան ատենապետ Վարդգէս Ալիանաք, Պերլինի եկեղեցական եւ մշակութային միութեան վարչութեան անդամներ եւ ծնողներ:

 

Հոլանտա

Ոգեկոչման Ձեռնարկներ Եւ Հոգեհանգիստ`
Ամսթերտամի Մէջ

Ամսթերտամի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վարչութեան նախաձեռնութեամբ, 21 ապրիլին Ամսթերտամի «Նիուվէ Օսթեր» յուշայգիին մէջ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին մօտ տեղի ունեցաւ Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակի ոգեկոչման արարողութիւն: Արարողութեան սկիզբը ծաղկեպսակներ զետեղուեցան յուշակոթողին առջեւ, ապա Ամսթերտամի հոգեւոր հովիւ Տարօն քհնյ. Թադեւոսեան կատարեց հոգեհանգստեան կարգ: Ներկաներուն իր խօսքը ուղղեց Հոլանտայի մէջ Հայաստանի դեսպան Ձիւնիկ Աղաջանեան:

Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու մարմինի «Ապրիլ 24» յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ 19 ապրիլին Լա Հէյի Մենոնական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման երեկոյ:

Բացման խօսքը արտասանեց «Ապրիլ 24» յանձնախումբին նախագահ Նուպար Սիփան:  Խօսքեր առին նաեւ Հոլանտայի մէջ Հայաստանի դեսպանը, Հոլանտայի խորհրդարանի անդամներ, Իսրայէլական տեղեկատուութեան կեդրոնի նախագահը, որոնք կարեւոր նկատեցին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը, պատմական արդարութեան հաստատման ուղղութեամբ պայքարի շարունակման կենսունակութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծեցին թրքական մերժողական քաղաքականութեան անընդունելիութիւնը:

Ոգեկոչման երեկոն եզրափակուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրով:

 

Քարտիֆ

Յիշատակի Ձեռնարկ` Ցեղասպանութեան
98-ամեակին Առիթով

Քարտիֆի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդին կազմակերպութեամբ, 22 ապրիլին Քարտիֆի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկ մը: Ձեռնարկը տեղի կ՛ունենար Քարտիֆի Խաղաղութեան տաճարին մէջ եւ առաջինն էր` Կալեսի եկեղեցւոյ կողմէ 24 ապրիլը իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր ճանչնալէն ի վեր:

Ձեռնարկին մասնակցեցան եւ խօսք առին Իրլանտայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, օտար թէ հայ հոգեւորականներ եւ այլ հիւրեր:

Երեկոյի աւարտին մասնակիցները ծաղկեպսակներ զետեղեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին Քարտիֆի մէջ կառուցուած խաչքարին մօտ:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES