ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հրայր Դժոխք» Մասնաճիւղ. Ցեղասպանութեան 98-ամեակին Նուիրուած Քայլարշաւ

24 ապրիլի առաւօտեան ժամը 8:45-ին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հրայր դժոխք» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ Հայաշէնի ժողովրդային տունէն սկիզբ առաւ Էշրեֆիէի հայութեան քայլարշաւը դէպի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան: ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը կ՛առաջնորդէր հարիւրաւոր հայորդիներ` վերանորոգելով իրենց ուխտը կարչած մնալու Հայ դատին եւ պահանջելով ճանաչում, հատուցում եւ արդարութիւն: Զգալի էր նաեւ տեղացի արաբ բնակչութեան յարգանքը Ցեղասպանութեան ոգեկոչման առիթով:

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ԼԵՄ-ի «Հրայր դժոխք» մասնաճիւղին անունով խօսք առաւ Մեղրի Պապիքեան, որ յիշեցուց բազմութեան, որ 24 ապրիլը սուգի եւ լացի օր մը չէ` օգտագործելով Աւետիս Ահարոնեանի խօսքը. «Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք, թող ողջ աշխարհ հայուն կարդայ նախատինք»:

Ան կոչ ուղղեց ժողովուրդին, որ չմոռնայ իր արմատները եւ արիւնով ողողուած մեր քաղաքները:

Ան շեշտը դրաւ նաեւ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի գաղափարին կառչած մնալու երեւոյթին վրայ, մինչեւ այն օրը, երբ թշնամին ծունկի գայ հայ ժողովուրդին առջեւ:

Ապա պատրիարքարանին կողմէ խօսք առաւ վարդապետ մը, որ շեշտեց եւ պահանջեց, որ Թուրքիա ընդունի իր ոճիրը եւ ներում հայցէ հայ ժողվուրդէն: Յայտագիրի աւարտին բազմութիւնը ուղղուեցաւ Ս. Յակոբ եկեղեցի, ուր հոգեհանգիստ կատարուեցաւ Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակին:

 

Share this Article
CATEGORIES