Սէրուժ Պաղտասարեանի «Պահապան Հրեշտակ» Ձայնասկաւառակի Շնորհահանդէսը

Լիբանանահայ երիտասարդ եւ խոստմնալից երաժշտական արտադրիչ ու յօրինող Սէրուժ Պաղտասարեան երէկ` ուրբաթ, 26 ապրիլի երեկոյեան «Սիթի մոլ»-ի «Վըրճըն մեկասթոր»-ին մէջ ստորագրեց իր երրորդ ձայնասկաւառակը, որ կը կրէ «Պահապան հրեշտակ» խորագիրը: Երաժշտասէրներու ներկայութեամբ ան մակագրեց իր ձայնասկաւառակները, ընդունեց շնորհաւորութիւններ եւ մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելով անդրադարձաւ իր նոր ձայնասկաւառակին:

Ձայնասկաւառակը բաղկացած է 14  երգերէ եւ երաժշտութիւններէ, որոնց մէկ մասին երաժշտութիւնը կը պատկանի Սէրուժ Պաղտասարեանին, իսկ միւս մասը հին հայկական երաժշտական կտորներ են, որոնք վերամշակուած եւ վերագործիքաւորուած են անոր կողմէ: Ձայնասկաւառակին մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերած են Իվոն Այվազեանը, Շաքէ եւ Նայիրա Պաղտասարեանները, որոնք երգեր մեկնաբանած են, Յորդանանէն` Զէյտ Տիրանի, Լիբանանէն Ռաէտ Ապու Քամալ, որ արաբական շուիի նման նայ գործիքով կը մասնակցի, Մազեն Սալհա` ուտի նուագակցութեամբ, Հայաստանէն կան նուագողներ ու երգիչներ, որոնցմէ է Լեւոն Թաւանեանը:

Ս. Պաղտասարեանին համար շատ կարեւոր եւ հիմնական է, որ հայկականը միշտ տիրական ըլլայ իր երաժշտութիւններուն եւ երգերուն մէջ, ան նախանձախնդիր է, որ հինը արդիականացնելով հայկական արժէքները մատչելի դարձնէ նոր սերունդներուն: Մէկ խօսքով` երիտասարդ երաժիշտը երիտասարդութեան ակնկալութիւններուն լաւատեղեակ ըլլալով` կը փորձէ հինին եւ նորին միջեւ կամուրջ մը ստեղծել, որպէսզի անոնց միջեւ բախումին պատճառով արժէքները չկորսուին եւ անոնց պահպանումը շարունակուի:

Յատկանշական է ձայնասկաւառակին կողքը, ուր քանի մը տարբեր պատկերներ եւ պատգամներ կը միանան իրարու: Կայ Երեւանը` մեր գեղեցիկ մայրաքաղաքը, Արարատը` մեր պապենական հողերուն խորհրդանիշ վեհութիւնը, հրեշտակը` քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ընդունած հայութեան խորհրդանիշը, որուն ականջին դրուած են լսողական գործիքներ (հետֆոն), որպէսզի անիկա կարենայ ունկնդրել Ս. Պաղտասարեանի երաժշտութիւնը: Ձայնասկաւառակը կարեւոր է իբրեւ ստեղծագործութիւններու ամփոփում եւ արխիւ, որուն ընդմէջէն հեղինակին գործերը մատչելի կը դառնան երաժշտասէր հանրութեան` Լիբանանի մէջ թէ անկէ դուրս:

Ձայնասկաւառակի հովանաւորն է ԳՈՀԱՐ-ը:

«Eternity» եւ «GenoTrancide» ձայնասկաւառակներէն ետք հայկական գեղեցիկ երգերով ու յատկապէս նոր ոճով երաժշտութեամբ յագեցած «Պահապան հրեշտակ»¬ը կու գայ հարստացնելու երիտասարդ երաժիշտին արուեստի կենսագրութիւնը. այս իմաստով անոր ուղին վստահաբար բաւական յարաճուն եւ յաջողութիւններով լի պիտի ըլլայ, որովհետեւ Սէրուժ Պաղտասարեան խոստմնալից երիտասարդ մըն է, որ նաեւ Հայաստանի եւ սփիւռքահայ կեանքին մէջ սիրուած ու ճանչցուած է:

Բարի երթ եւ մնայուն յաջողութիւններ կը մաղթենք Սէրուժ Պաղտասարեանին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )