«Գ. Եւ Հ. Արմէնեան» Սրահին Մէջ Գեղարուեստական Երեկոյ` Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակին Առիթով
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, չորեքշաբթի, 24 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական երեկոյ մը` նշելու համար Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակը:
Գեղարուեստական երեկոն սկիզբ առաւ Յակոբ Քելուկեանի կողմէ տուտուկի վրայ նուագուած «Տէր Ողորմեա» եւ «Ձախորդ օրերը» նուագներով:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ տոքթ. Սեպուհ Մանճեան, որ նշեց, թէ երեկոյին ընթացքին պիտի մատուցուի Մեծ եղեռնի զոհերուն յիշատակը յարգելու նպատակով կազմակերպուած գեղարուեստական յայտագիր մը:
Ան ընդգծեց, որ հայութիւնը իր մշակոյթով գոյատեւեց:
Սրահին մէջ գտնուող մշակութասէր հայորդիներուն համար մատուցուեցան երգ, նուագ եւ ասմունք, որոնք ստեղծեցին հոգեթով մթնոլորտ մը:
Կոմիտասի «Հարսանեկան շարք»-ով, «Ալագեազ»-ով եւ «Խնկի ծառ»-ով ելոյթ ունեցաւ «Գուսան» սենեկային երգչախումբը, որ պարուրեց ներկաներուն հոգիները:
«Ծիրանի ծառ» նուագով բեմ բարձրացան Հրակ Տեմիրճեան` ջութակի վրայ եւ Նարէ Աղասարգիսեան` դաշնակի վրայ:
Ապա հնչեց «Կռունկ»-ը եւ «Հով արէք»-ը` երգեցողութեամբ Շողիկ Թորոսեանի:
Իսկ Արմէն Ճենտերեճեան` ջութակի վրայ եւ Տաթեւիկ Արթինեան` դաշնակի վրայ դարձեալ ներկայացուցին «Կռունկ»-ը:
Ասմունքով հանդէս եկան Իրմա Տէտէեան եւ Անի Եփրեմեան, որոնք իրենց տպաւորիչ կատարումներուն ընդմէջէն հայութեան ապրած տառապանքն ու արհաւիրքները փոխանցեցին ներկաներուն` առանց սակայն յուսալքումի նշոյլն իսկ ձգելու, այլ` իրենց արտասանած բանաստեղծութիւններուն կշռոյթով ներկաներուն կորովը ամրապնդելով:
Գեղարուեստական երեկոն փակուեցաւ Տհոլահարներու համոյթին յանդուգն եւ կեանք ու յոյս ներշնչող ելոյթով: