Ֆանարի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակի Ոգեկոչում Եւ Պայքարի Ուխտի Վերանորոգում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղին, երէկ` ուրբաթ, 26 ապրիլ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ֆանարի մատրան մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին նուիրուած ոգեկոչում` ներկայութեամբ մեծաթիւ բազմութեան:

Ֆանարին մէջ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ հայորդիներուն շրջագայելէն ետք, ապրիլեան յուշարձանին կողքին տեղի ունեցաւ «Է. Ակնունի» կոմիտէութեան եւ միութիւններու ծաղկեպսակներու զետեղում եւ Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեանի կողմէ հոգեհանգստեան արարողութեան մատուցում: Շեփորախումբը նուագեց Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները, ապա մատրան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւնը, որուն բացման խօսքը միութեան անունով արտասանեց Արազ Գազանճեան:

Ան նշեց, թէ 98 տարիներ անցած են եւ հայութիւնը պիտի չդադրի յիշելէ եւ ամբողջ աշխարհին ցոյց տալէ, որ ինք պահանջատէր է եւ պիտի պայքարի իր իրաւունքներուն համար: Գազանճեան ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին սեմին պայքարը պէտք է ունենայ երկու ուղղութիւն, մէկը` ազգային ինքնութեան պահպանում եւ հատուցման պահանջատիրութիւն:

Ապա ներկաները դիտեցին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի պատրաստած Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած տեսերիզը, որմէ ետք Յակոբ Գելուկեան եւ Յարութ Տէր Սարգիսեան տուտուկով նուագեցին, մինչ  Ազգային Սուրէն Խանամիրեան վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին «Հայրենի տուն», «Դերենիկ» խմբային ասմունքը, իսկ Գարոլ Կարապետեան ասմունքեց «Հաշուեյարդար» բանաստեղծութիւնը:

Կարինէ Ներսէսեան երգեց «Մարտիկի երգը», որմէ ետք օրուան պատգամը փոխանցեց Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ ըսաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկները Հայ դատի անցեալի գործունէութիւնները քննարկելու եւ ապագայի ծրագիրները ներկայացնելու շարժառիթ են, ինչպէս նաեւ պայքարի ուխտը վերանորոգելու պահ: Ան յայտնեց, որ ցեղասպանութեան հարցին գծով լռութիւնը համազօր է մեղսակցութեան, եւ այս գծով միջազգային ընտանիքը ունի իր բաժինը:

Տեմիրճեան շեշտեց, որ ճանաչումը Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ միջոցներէն մէկն է, եւ եթէ մեծ պետութիւնները ճանչնան իրողութիւնը, ապագային իրենք իրենց արժանապատուութիւնը պահպանած կ’ըլլան: Ան հաստատեց, որ երիտասարդութիւնը պէտք է քիչ խօսի եւ շատ գործէ եւ ծրագրուած ու կազմակերպուած աշխատանք տանի:

Րաֆֆի Տեմիրճեան ըսաւ, որ հայութեան իրաւունքները անզիջելի են եւ իւրաքանչիւր հայ իր հոգիին մէջ պէտք է ունենայ Արարատին տեսլականը, Արարատին հասնելու ձգտումը եւ Արարատին տէր կանգնելու կամքը:

Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ Նանօր Պէօյիւքեանի «Հայրենիք» երգի կատարողութեամբ, ապա պատանիները ներկայացուցին խմբային պար մը: Լորի Զէքեան երգեց «Պիտի գնանք վաղ թէ ուշ» երգը, Սենտի Թութուշեան ասմունքեց «Հաշուեյարդար» բանաստեղծութիւնը: Կարինէ Ներսէսեան երգեց «Զինուորին երգը», մինչ ԼԵՄ-ականները ներկայացուցին կենդանի պատկեր մը:

Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակի հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

 

Share this Article
CATEGORIES