Յուշագիրը Յանձնուեցաւ Լիբանանի Մէջ ՄԱԿ-ի Ներկայացուցիչին

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ ատենապետ Սեդա Խտըշեանի եւ բաղկացած անդամներ Ներսէս Պաղտոյեանէ, Անիթա Լիպիարէ եւ Ռաֆայէլ Ումուտեանէ, 25 ապրիլին այցելեցին Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի կեդրոն եւ 24 ապրիլի Նահատակաց հրապարակին վրայ ընթերցուած յուշագիրը յանձնեցին Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութեան աշխատակազմի ղեկավար Կուանկ Սոնքի: Վերջինս հաստատեց, որ իր ղեկավարին ճամբով յուշագիրը պիտի յղուի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES