Նշմար. Քերրի Կամ Խաղող Ուտելու Արուեստը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին յորդորած է Կազա իր այցելութիւնը յետաձգել: Սուլթան Էրտողանի Կազա «յաղթական» մուտքը, նոր օսմանականութեան համար կարեւոր քայլ մը ըլլալու կողքին, այլ կողմերու մօտ տարբեր ընկալումներու դուռ կը բանայ:

Մայիսին նախատեսուած այդ այցելութիւնը Համասի համար Կազայի շրջափակման վերացման յոյսերու կողքին նաեւ օրինականութեան ապահովման ու միջազգային ընտանիքին կողմէ երկարատեւ մեկուսացումէն դուրս գալու առիթ կ՛ընծայէ: Իսկ Պաղեստինեան իշխանութիւնը այդ այցելութեան բուռն կերպով կ՛ընդդիմանայ, որովհետեւ Ֆաթհ-Համաս զերօ գումարով այս խաղին մէջ իսլամական շարժումի դիրքերու որեւէ ամրապնդում Ֆաթհի դիրքերու տկարացում կը նշանակէ: Այդ այցելութիւնը օրինականութիւն կը պարգեւէ Կազայի մէջ գործող եւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի կողմէ լուծարուած  կառավարութեան, ինչ որ Ֆաթհի համար անընդունելի է:

Միւս կողմէ, ամերիկեան տեսանկիւնէն դիտուած, Թուրքիոյ վարչապետի այցելութեան թայմինկը անյարմար է, որովհետեւ կու գայ յաջորդելու Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կողմէ Էրտողանէն «Մաւի Մարմարա»-ի դէմ իսրայէլեան յարձակումին հարցով ներում հայցելուն: Մինչ Կազայէն կամ այդտեղէն եկած զինեալներու կողմէ Սինայէն Իսրայէլի դէմ մերթ ընդ մերթ հրթիռներ կ՛արձակուին, Էրտողանի Կազա այցելութիւնը Իսրայէլի մէջ ժխտական հակազդեցութիւն պիտի յառաջացնէ, ինչ որ իսրայէլեան կառավարութեան կրնայ ստիպել շրջադարձ կատարելով Թուրքիոյ դէմ կարծր կեցուածք մը որդեգրելու: Այդպիսի զարգացում մը պիտի խանգարէ Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան քաղաքականութեան համար այդքան կարեւոր թուրք-իսրայէլեան գործակցութեան լիակատար վերականգնման ջանքերը: Աւելի՛ն, այդ այցելութիւնը պիտի տկարացնէ «չափաւորական» Ապպասի դիրքերը եւ փոխարէնը ամրապնդէ «ծայրայեղական» Համասի դիրքերը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի 20 ապրիլին Էրտողանի հետ իր հանդիպումին մասին խօսելու ընթացքին խոհեմաբար այդ ընդդիմութիւնը կը ներկայացնէր իբրեւ յորդոր մը` աւելցնելով, որ «անշուշտ Թուրքիոյ վարչապետը իր ուզած ժամանակ իր ուզած տեղը երթալու ազատ է, սակայն մենք կ՛ուզենք, որ ատոր համար պայմաններ ստեղծուին»:  Ան այդպիսով թրքական ազգայնական հակազդեցութեան դուռ բացող թրքական ազգային արժանապատուութիւնը վիրաւորելէ  զգուշանալով` Էրտողանի կողմէ Ամերիկայի թելադրանքը կատարելու որոշումի որդեգրումը կը դիւրացնէր: Ինչ որ ցոյց կու տայ, որ ներկայ հանգրուանին Ուաշինկթընի ուզածը խաղող ուտել է եւ ոչ թէ պարտիզպան ծեծել:

Էրտողան արդէն այցելութեան յետաձգումը բացառեց, սակայն նոյն ատեն նշեց, որ այցելութեան թուականը 16 մայիսին Ուաշինկթըն իր կատարելիք այցելութենէն ետք պիտի ճշդուի: Կը մնայ տեսնել, թէ ուաշինկթընեան այցելութիւնը այս հարցով ի՛նչ նորութիւն պիտի բերէ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES