ՔԱԿ 8 Մայիսին Պիտի Սկսի Թուրքիայէն Հեռանալ

ՔԱԿ-ի զինեալ թեւի ղեկավար Մուրաթ Քարայըլան յայտարարեց, որ ՔԱԿ-ի զինեալները 8 մայիսին պիտի սկսին Թուրքիայէն հեռանալ: «Հեռացումը կը ծրագրուի հանգրուանային ու խմբակ առ խմբակ կատարել եւ զայն ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին աւարտելու նպատակ մը գոյութիւն ունի», ըսաւ Քարայըլան` աւելցնելով, որ «մեր հեռացող ուժերը պիտի գան ու հաստատուին Հարաւային Քիւրտիստանի (հիւսիսային Իրաք) մէջ»:

Ան ըսաւ, որ զինեալները «պիտի հեռանան իրենց նախաձեռնութեամբ եւ օգտագործելով նախապէս իրենց օգտագործած ճամբաները` առանց բախումներու որեւէ առիթ տալու»:

Քարայըլան նաեւ նկարագրեց այն, ինչ որ կոչեց երեք հանգրուանով «ժողովրդավարական լուծումի հոլովոյթ» մը` յայտնելով, որ ՔԱԿ-ի զինեալներուն հեռացումը առաջին հանգրուանն է: Ան նշեց, որ երկրորդ հանգրուանը սահմանադրական բարեփոխումներ պիտի ներառէ, իսկ երրորդը` «բնականոնացման» հանգրուանն է:

Քարայըլան հիւսիսային Իրաքի քրտական կառավարութենէն խնդրեց «անհրաժեշտ հասկացողութիւնը» ցուցաբերել:

Share this Article
CATEGORIES