«Ետիոթ Ահրոնոթ» Կը Հաղորդէ. Հայֆայի Նաւահանգիստին Մէջ Խարիսխ Նետող Թրքական Առեւտրական Նաւերուն Ընկերութեան Սեփականատէրը Էրտողանի Որդին Է
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ ընդդիմադիր շրջանակներ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը նեղի մատնելու նպատակով բացայայտած են, որ հակառակ Թուրքիա-Իսրայէլ լարուածութեան, Իսրայէլի մէջ խարիսխ նետած թրքական առեւտրական նաւերը կը պատկանին թրքական առեւտրական ընկերութեան մը, որուն սեփականատէրը Էրտողանի որդին է:
Ըստ թրքական «Վան» օրաթերթին, Էրտողանի որդին միակը չէ, որովհետեւ Իսրայէլ հինգ ամիսէ ի վեր Յորդանան ուղղուող թրքական ապրանքներուն իբրեւ ցամաքային կամուրջ կը ծառայէ, իսկ յորդանանեան ապրանքները իրենց կարգին Իսրայէլի ճամբով Թուրքիա, ապա այլուր կ՛ուղղուին:
CATEGORIES Միջազգային