Սերպիոյ Նախագահը Սրեպրենիչայի Ջարդին Համար Ներում Կը Հայցէ

Թոմիսլաւ Նիքոլիչ

«Ժազիրա» կը հաղորդէ, որ Սերպիոյ ազգայնական նախագահ Թոմիսլաւ Նիքոլիչ անձնապէս ներում հայցած է 1995-ին Սրեպրենիչայի մէջ 8 հազար իսլամներու ջարդին համար, սակայն զայն ցեղասպանութիւն չէ անուանած:

«Յանուն Սերպիոյ ծունկի կու գամ եւ ներում կը հայցեմ Սրեպրենիչայի մէջ գործուած ոճիրին համար», ըսած է ան հարցազրոյցի մը մէջ, որ պիտի սփռուի պոսնիական պատկերասփիւռի կայանէն եւ որմէ բաժիններ զետեղուած են «Եու Թիուպ»-ի վրայ:

«Ներում կը հայցեմ ոեւէ անձի կողմէ յանուն մեր պետութեան եւ ժողովուրդին գործած ոճիրներուն համար», ըսած է ան:

Պոսնիոյ եռանդամ նախագահութեան խրուաթ անդամ Զելժքօ Քոմսիչ պոսնիական պետական ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ ինք «դրական անակնկալ»-ի մատնուած է Նիքոլիչի հայցէն եւ ըսաւ, որ այդ մէկը պէտք է նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց բարելաւման:

 

Share this Article
CATEGORIES