Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ նախագահ Սլէյման կը զօրակցի կառավարութեան մը, որուն մէջ տարբեր նախարարութիւններ կը ստանձնեն կառավարութեան մէջ ներկայացուող քաղաքական կողմերը, առանց այս կամ այն քաղաքական կողմին համար յստակ նախարարութիւններ ճշդելու:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ պիտի հսկէ, որ կառավարութեան մէջ բոլոր կողմերը հաւասարակշռուած կերպով ներկայացուին:
ՍՈՒՐԻ մէջ երէկ գտնուեցաւ ռումբ մը, որ չէր լարուած պայթելու համար: Լիբանանեան բանակի սակրաւորները հետաքննութիւն բացին այդ հարցով եւ աշխատեցան զայն փոխադրել այլ վայրեր:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կրնայ կազմուիլ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին:
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ որեւէ կառավարութեան կազմութեան պարագային անհրաժեշտ է համաձայնութիւն գոյացնել եւ խորհրդակցիլ անոր շուրջ:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նեպիլ տը Ֆրէյժ շեշտեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը ընտրարշաւ մըն է, որուն ընդմէջէն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յաւելեալ երեք երեսփոխան կ՛ապահովէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կը մերժէ Սուրիոյ տագնապին մէջ ապահովական որեւէ միջամտութիւն, ո՛վ որ ալ ըլլայ միջամտող կողմը:
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան մէջ կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրի յայտնեց, որ Հըզպալլա Լիբանանը միջամուխ դարձուցած է Սուրիոյ տագնապին մէջ, եւ պահանջեց գործադրել նախագահ Ասատին նկատմամբ չէզոք քաղաքականութիւն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու նպատակով օրէնքի մը մշակումը հաւանական է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ անկարելի է Լիբանանի մէջ կառավարութիւն մը կազմել` երկրին խորհրդարանը բաղկացնող քաղաքական հոսանքներէն դուրս:

