Զօր. Սերրա Շեշտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութիւնը Շարունակելու Կարեւորութիւնը
Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա երէկ ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ:
ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ շեշտուեցաւ, որ զօր. Սերրա նախագահ Սլէյմանի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ քննարկած է Լիբանանի մէջ թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի տարած գործունէութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ լիբանանեան բանակին գործակցութեամբ հարաւի մէջ խաղաղութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

