Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Ընտանիքները 1 Մայիսին Նահատակաց Հրապարակին Վրայ Բողոքի Ցոյց Մը Պիտի Կատարեն
Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները լիբանանցիները հրաւիրեցին մասնակցելու յառաջիկայ 1 մայիսին Նահատակաց հրապարակին վրայ կատարուելիք բողոքի ցոյցին:
Միւս կողմէ, առեւանգուածներուն հարազատները երէկ դարձեալ բողոքի ցոյց մը կատարեցին Կեդրոնական Պէյրութի մէջ` թրքական օդանաւային ընկերութեան գրասենեակին դիմաց:
Երէկուան իրենց նստացոյցին ընթացքին ցուցարարներէն Տանիել Շաայպ յայտնեց, որ իրենք կ՛ուղղուին ամբողջովին փակելու Լիբանանի մէջ գործող թրքական դեսպանատունը, եթէ իրենց հարազատները ազատ չարձակուին:
Իր կարգին, առեւանգուած լիբանանցիներու ընտանիքներու անդամներէն Հայաթ Աուալի շեշտեց, որ յառաջիկայ երկուշաբթի օր Լիբանանի մէջ թրքական այլ շահեր եւս թիրախ պիտի դառնան:
CATEGORIES Լիբանանեան

