Մարուան Շարպել Պարգեւատրեց Ապպաս Իպրահիմը
Հրաժարեալ կառավարութեան մէջ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ պարգեւատրեց ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը` բարձր գնահատելով անոր ծառայութիւններն ու ջանքերը` երկրին եւ քաղաքացիին անվտանգութեան ի խնդիր:
Պարգեւատրումին ներկայ գտնուեցան ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատի, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի ներկայացուցիչ զօր. Սամի Տիրանի, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան զինուորականներ:
Պարգեւատրումին ընթացքին Շարպել շեշտեց, որ հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի պաշտօնավարութեան ընթացքին Լիբանան լուրջ տագնապներ դիմագրաւեց, սակայն բոլոր այդ տագնապները կարելի եղաւ յաղթահարել երկխօսութեամբ եւ համախոհութեամբ:
Շարպել բարձր գնահատեց Լիբանանի ապահովական կառոյցներուն միասնականութիւնը, որոնք պահպանեցին երկրին ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող բազմազանութիւնը, ինչ ալ ըլլային Լիբանանի դիմագրաւած դժուարութիւնները: Շարպել ընդգծեց, որ ինչ ալ ըլլան Լիբանանի դէմ ցցուող մարտահրաւէրները, կարելի պիտի ըլլայ դիմակայել զանոնք երկրին շահերը գերիվեր դասելու ընդմէջէն:
Ապա Շարպել պարգեւատրեց հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը ներքին գործոց նախարարութեան մետալով:
Իր կարգին, Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ իրենք պիտի շարունակեն իրենց վստահուած պարտականութիւնները ստանձնել` ըստ օրէնքի:


