Վարչապետ Սալամ Շարունակեց Կառավարութեան Կազմութեան Աշխատանքը
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ շարունակեց կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը` ընդգծելով, որ ինք անշեղ կը մնայ բոլոր լիբանանցիներէն նոյն հեռաւորութեան վրայ մնալու իր կեցուածքէն:
Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Տերեք Փլամպլիի հետ, որ յաջողութիւն մաղթեց Սալամի ստանձնած պարտականութեան` նշելով, որ միջազգային ընտանիքը կը զօրակցի Փլամպլիի ջանքերուն:
Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Սալամ շեշտեց, որ ինք պիտի հրաժարի կառավարութիւնը կազմելու ջանքերէն, երբ զգայ, թէ իր աշխատանքը դիւրացնելու միտումներ եւ գործակցութիւն չկայ:
CATEGORIES Լիբանանեան

