«Մնայուն Փորձեր Կը Կատարուին Լիբանանը Պարպելու Իր Ստեղծագործ Երիտասարդութենէն» Մտահոգութիւն Յայտնեց Նախարար Սապունճեան
Հրաժարեալ կառավարութեան մէջ ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի հովանաւորութեամբ երէկ Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ երրորդ գիտական օրը, որ նուիրուած էր հետազօտութիւններուն ու բարգաւաճման, երբ գիտութիւնը կը հանդիպի գործարարական մարզի առաջնորդութեան:
Վ. Սապունճեան իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ մնայուն փորձեր կը կատարուին Լիբանանը պարպելու իր ստեղծագործ երիտասարդութենէն` օգտագործելով ժխտական երեւոյթները, յուսալքումն ու անձնատուութիւնը` Լիբանանի փայլուն դէմքը լուսարձակի տակ առնելու փոխարէն:
«Լիբանան իր մարդուժով պիտի մնայ ստեղծագործութեան, գերազանցութեան, գործարարութեան եւ ներդրումի կեդրոն մը», շեշտեց ան:
Ան կոչ ուղղեց երիտասարդութեան եւ ուսանողներուն համացանցէն բացի կառչած մնալու ուղղակի հաղորդակցութեան:
CATEGORIES Լիբանանեան


