Պըրրի Ընդունեց Ժոմպլաթը

Ժոմպլաթ եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը իր դիմագրաւած քաղաքական տագնապներէն դուրս բերելու կարելիութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ շեշտեց Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացման անհրաժեշտութիւնը:

Ան նշեց, որ ինք ընտրական նոր օրինագիծերու կարելիութիւնը պիտի սերտէ եւ յառաջիկայ 24 ժամուան ընթացքին պատասխան մը պիտի տայ այդ մասին:

Ժոմպլաթ ընդգծեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է կազմել կառավարութիւն մը, որ գոհ պահէ բոլոր կողմերը եւ ըլլայ ազգային շահերու ու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն:

Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրան, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ին միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:

 

Share this Article
CATEGORIES