Սամի Ժեմայէլ. «Հայութիւնը Լիբանանեան Հիւսուածքին Անմասնատելի Մէկ Բաժինն Է»
Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին առիթով, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ հայութեան դէմ գործուած բռնարարքները գործուած են նաեւ լիբանանցի ժողովուրդը բաղկացնող մեծ թիւով այլ համայնքներու դէմ: Ան շեշտեց սակայն, որ հայութիւնը բոլոր միւս համայնքներէն տարբեր է իր հաւաքական յիշողութեամբ:
Ժեմայէլ շեշտեց, որ այդ յիշողութեամբ է, որ հայերը ուսանելի դաս մը տուին բոլորին, թէ ինչպէ՛ս հաւաքականութիւն մը հաւատարիմ կը մնայ իր նախահայրերուն զոհողութեան:
Սամի Ժեմայէլ կոչ ուղղեց, որ Հայ դատը մնայուն կերպով մաս կազմէ Լիբանանի արտաքին քաղաքականութեան: Անդրադառնալով Ֆրանսայի` Ժեմայէլ շեշտեց, որ անիկա ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքիայէն կը պահանջէ ճանչնալ այդ ցեղասպանութիւնը, առանց անպայման նշանակելու, որ Ֆրանսա Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական իր յարաբերութիւնները խզած է:
«Եթէ լիբանանեան պետութիւնը քիչ մը օրինակներ քաղէր հայ ժողովուրդէն եւ յատկապէս Լիբանանի հայկական համայնքէն, երկիրը շատ լաւ կ՛ըլլար: Լիբանանցիները ծանօթ են իբրեւ կարճ յիշողութիւն ունեցող ժողովուրդ եւ շուտով կը մոռնան, թէ ո՛վ հալածեց եւ սպաննեց զիրենք, առանց նոյնիսկ ներելու: Մենք կը հաւատանք, որ հայութեան դէմ գործուածը մեծ աղէտ է, եւ հայութիւնը կը նկատենք լիբանանեան հիւսուածքին անմասնատելի մեծ բաժինը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութեան պարտականութիւնը կը նկատենք յարգել այդ համայնքը եւ որդեգրել Հայ դատին ճանաչումը», շեշտեց Սամի Ժեմայէլ:
Ան ընդգծեց, որ Հայ դատը չէ մեռած հայ ժողովուրդին կողմէ իր դատին, պատմութեան եւ արժանապատուութեան կառչած մնալուն պատճառով: Ժեմայէլ նաեւ նշեց, որ այդ կեցուածքը պատուաբեր է` աւելցնելով, որ իր պատմութեան եւ յիշողութեան տէր կանգնող անհատը ոչ ոքի դէմ մարտահրաւէր կը սպառնայ, այլ ինքզինք եւ ուրիշները կը յարգէ, ինչպէս նաեւ ուրիշները կը մղէ ճանչնալու զինք, ինչպէս ինք ուրիշները կը ճանչնայ:
«Երբ մենք մեր պատմութեան կառչած մնանք եւ մեր փոխադարձ զոհողութիւնները եւ տառապանքները ճանչնանք, ապա մենք կը մեծնանք եւ ոչ թէ կը նսեմանանք: Մենք չենք կրնար Լիբանանը կերտել մէկզմէկու յիշողութիւնը ջնջելով, ընդհակառակն` մենք Լիբանանը կրնանք կերտել պահպանելով մեր յիշողութիւնը, յարգելով, ճանչնալով եւ պաշտպանելով զայն ու անոր հետ վարուելով իբրեւ գոյութիւն ունեցող մնայուն իրողութիւն, զոր կարելի չէ ջնջել:

