Միքաթի Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Հայութեան

Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին առիթով հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ ինք այս առիթով խորապէս կը զօրակցի հայութեան եւ կը կիսէ անոր ցաւերը, որոնք կու գան անոր պահած հաւաքական վառ յիշողութենէն:

Միքաթի բարձր գնահատեց հայութեան կողմէ կազմակերպուած ու կատարուած բոլոր ձեռնարկները եւ ոգեկոչումները, որոնք կը ծառայեն հայութեան իրաւունքներուն, արժանապատուութեան եւ արդարութեան պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ հայութեան կատարուելիք նիւթական ու բարոյական հատուցումին ապահովումին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES