«ՀՅԴ-ն Երեւանի Աւագանիին Մէջ Ընդդիմադիր Քաղաքական Ուժի Դերակատարութեան Բարձրացման Կողմնակից Է» Կ՛ըսէ Ռուզաննա Առաքելեան

«Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները Դաշնակցութեան համար բացառիկ են եւ այդ մասին կը վկայէ նաեւ մեր կարգախօսը: Մեր քարոզարշաւը բաւական յաջող կ՛ընթանայ, իսկ մեր ընտրազանգուածը մեր կողքին է», 25 ապրիլին «Զարկերակ» ակումբին մէջ լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ յայտնեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Ռուզաննա Առաքելեան:

Ան նաեւ ընդգծեց, որ Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրը կ՛առանձնանայ յատկապէս երկու կէտերով. առաջին` Դաշնակցութիւնը կ՛առաջարկէ աւագանիի կազմին մէջ ստեղծել յանձնախումբ մը, որ պէտք է վերահսկէ Երեւանի քաղաքի պիւտճէն: Ընդդիմութիւնը պէտք է ղեկավարէ այդ յանձնախումբը: Երկրորդ` պէտք է աւագանիին մէջ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու միաւորում ըլլայ եւ միասնական թեկնածուն պէտք է քաղաքապետ դառնայ:

Նախկին պատգամաւորը շեշտեց, որ անուրանալի է այն աշխատանքը, որ կատարուած է վերջին երկու տարիներուն ընթացքին ծայրամասերու կանաչապատման եւ բարեկարգման համար: Սակայն ան աւելցուց, որ կարեւոր հարցը Երեւանի համաչափ զարգացումն է, որուն մասին մշտապէս խօսած է Դաշնակցութիւնը:

Առաքելեան շեշտեց, որ Դաշնակցութեան համար կարեւոր է նաեւ Երեւանէն արտագաղթի կանխումը եւ լուծում գտնելը աշխատանքի հարցին, որ մեծ նշանակութիւն ունի երեւանցիին համար:

Ըստ դաշնակցական նախկին պատգամաւորին, այսօր Երեւանը կանգնած է շարք մը խնդիրներու առջեւ, ինչպէս` բնապահպանման, ընկերային եւ այլ, բայց բնապահպանումը առաջնային կը նկատուի:

Անդրադառնալով աւագանիի ընտրութիւններուն իշխանութեան որդեգրած քաղաքականութեան` Առաքելեան նշեց, որ արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով գործող իշխանութիւնները Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւնը կը վերագրեն անձի ընտրութեան եւ ամէնուրեք վախի մթնոլորտ կը տիրէ:

Ռուզաննա Առաքելեան նաեւ նշեց, որ իրենց համար սկզբունքօրէն մերժելի է որեւէ ձեւով ժողովուրդը գաղթակղելը: Ըստ անոր, կեանքը ցոյց տուաւ, որ բոլոր ընտրութիւնները, որոնք կատարուած են, կաշառքով խեղած են մեր ժողովուրդին ճակատագիրը: Ան յայտարարեց, որ Դաշնակցութեան համար կարեւոր է քաղաքացիներէն իւրաքանչիւրին ճակատագիրը:

Share this Article
CATEGORIES