Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններ. ՀՅԴ-ն Բազմաթիւ Ընտրախախտումներ Արձանագրած Է, Որոնց Մասին Կ՛արձագանգէ Միայն Փաստերով
Անդրադառնալով Գիւմրիի մէջ նախկին քաղաքապետի եղբօրորդիներու վարքագիծին, ինչպէս նաեւ Հայ ազգային քոնկրեսի անդամին եւ ilur.am-ի լրագրողին նկատմամբ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան կարգ մը անդամներու բռնութիւններուն` Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն ՀՅԴ ընտրական գրասենեակի ղեկավար Աղուան Վարդանեան ընդգծեց, որ «չկայ գիւղ մը, ուր շան լակոտներ չկան»: Ըստ Վարդանեանի, օրէնքը շրջանցողներուն մէջ շատ են նաեւ «յարգելի պաշտօնեաներու, յարգուած մարդոց զաւակները»: Աղուան Վարդանեան շեշտեց, որ այսպիսի ոչ օրինական դաշտի վրայ գործողներուն շնորհիւ գործող իշխանութիւնը կրնայ ձայներ հաւաքել, այդ իսկ պատճառով չի կրնար օրէնքով պատիժի ենթարկել:
Վարդանեան հաղորդեց, որ ՀՅԴ-ն բազմաթիւ ընտրախախտումներ արձանագրած է, որոնց մասին կ՛ահազանգէ «առանց վիրաւորելու, միայն փաստերով»: Ըստ դաշնակցական պատգամաւորին, վերջերս մանկապարտէզներէն մէկուն մէջ երեխաները տուն տանելու եկած ծնողները տեսած են նախասրահին մէջ բացուած սեղան մը` առատ ոգելից ըմպելիներով, որ նախատեսուած է նոյն մանկարատէզին մէջ տեղակայուած Հանրապետական կուսակցութեան ընտրական գրասենեակի անդամներու «նիստին» համար: Դաշնակցութիւնը նաեւ տեղեկութիւններ ստացած է, որ այս օրերուն զինուորներուն կը տրուի կարճ արձակուրդ, սակայն փոխարէնը «թաղային հեղինակութիւններէն մէկը պիտի երաշխաւորէ, որ անոր ընտանիքի անդամները քանակով ձայներ բերեն»: Վարդանեան նշեց, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը այդ լուրը հերքած է, սակայն պէտք է նայիլ, թէ ի՛նչ կը կատարուի դպրոցներուն, խանութներուն մէջ եւ ինչպէ՞ս մարդոց կ՛արձանագրեն, կը հաւաքագրեն ու մարզերէն կը բերեն եւ Երեւան կ՛արձանագրեն:
Աղուան Վարդանեան խօսեցաւ նաեւ քաղաքի բազմաթիւ խնդիրներուն մասին: Ան չի գիտեր, թէ ինչո՞ւ այդ հարիւրաւոր խնդիրները ձգելով` համատիրութիւնները կը զբաղին ընտրութիւններով:
Ըստ անոր, Երեւանը արդիւնաւէտ չի կառավարուիր եւ Տարօն Մարգարեան լաւ քաղաքապետ չէ: «Որքան խորանանք մեր քաղաքապետարանի պիւտճէի ծալքերուն մէջ, այնքան վստահ կը դառնանք, որ ատիկա ամէնէն մութ պիւտճէն է»:
Աղուան Վարդանեան կրկնեց, որ Դաշնակցութիւնը պատրաստակամ է պատասխանելու ներկայացուած մեղադրանքներու պատասխաններուն, կամ բանավիճելու իշխող կողմի ներկայացուցիչին հետ, հակառակ անոր որ փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ «դժբախտաբար միշտ կը խուսափին բանավէճերէն»:

