Ի՞նչ Կ’ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ճամբորդութեան հարց մը ունիք եւ կը մտածէք յարմար գինով տոմս մը ունենալու մասին: Ձեր բախտը յաջող ճամբայ մը ցոյց պիտի տայ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ինչ գործի որ ձեռնարկէք, պիտի յաջողիք: Ճիշդ արեւելում մը ձեզի ցոյց պիտի տայ ձեր որդեգրելիք ճամբան: Օրը հիանալի է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պիտի կարենաք ունենալ այն, ինչ որ կը փափաքէիք: Ձեր ծրագրած որոշումները ինկած են ճիշդ հողի վրայ եւ պիտի պտղաբերին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր աշխատանքին մէջ պիտի ձեռնարկէք ձեր փափաքին համաձայն աշխատանքի: Օրը բախտաբեր է, հետեւաբար անվախ աշխատեցէք, կը յաջողիք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր գործունէութեան կարգ ու կանոն դրէք, դուք ձեզի հետ ճշդապահ եղէք: Նոյնպէս եթէ մարզանքի հետեւող էք, կիրարկեցէք կանոնաւոր կերպով:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Աշխատանքային ձեր գործունէութիւնը պիտի գնահատուի, որովհետեւ ձեր շրջապատը մօտէն կը տեղեկանայ ձեր ծրագրած աշխատանքին: Այս ձեւով կրնաք գտնել ձեր իրական եւ արդար տեղը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Տեսակցութիւններ պիտի ունենաք ձեր նախընտրած շրջանակին մէջ: Շարունակեցէք ձեր ծրագրած աշխատանքին կիրարկումը` առանց դժգոհութեան:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պիտի կատարէք լաւ, օգտաշատ աշխատանք եւ պիտի արժանանաք քաջալերանքի: Շարունակեցէք ձեր ընթացքը առանց ազդուելու ուրիշներու ըրածէն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր ճակատագրին տէրն էք: Զօրաւոր անձի մը տրամադրութեամբ պիտի աշխատիք: Օրը պիտի ըլլայ բացառիկ յաջողութեամբ յորդուն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մի՛ աճապարէք գործ մը աւարտելու: Կամաց կամաց յառաջացէք, որպէսզի կարենաք ձեր նպատակին հասնիլ ժամանակի օգնութեամբ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր որոշած ծրագիրներուն վստահութիւն ունեցէք եւ մի՛ տարուիք ուրիշներու խօսքերէն: Ո՛ւր որ ալ ըլլաք, պաշտպանեցէք ձեր ներկայացուցած թեզը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Աշխատանքը ձեզի պիտի ներշնչէ գոհունակութիւն: Այսօր պիտի հաստատէք, թէ առանց աշխատանքի կեանքը անիմաստ է, նաեւ կորուստ` նիւթական եւ բարոյական: Աշխատանքը նաեւ աղօթք է:

