Մարզական Կարճ Լուրեր
Ռէալ Մատրիտ Աշխարհի
Ամէնէն Սուղ Ակումբը
« Ֆորպզ» հռչակաւոր ամսաթերթը պատրաստած է աշխարհի ամէնէն սուղ ֆութպոլային ակումբներու ցանկը: Ռէալ Մատրիտ կը գլխաւորէ աշխարհի ամէնէն սուղ ակումբներու ցանկը: Երկրորդ դիրքին վրայ կու գայ Մանչեսթըր Եունայթըտը: Անցեալ տարուան հետ համեմատելով, Ռէալի արժէքը արձանագրած է 76 առ հարիւրի աճ մը: Այսօրուան դրութեամբ, սպանական ակումբը կ՛արժէ 3.3 միլիառ տոլար: Մանչեսթըր Եունայթըտ «սղած» է միայն 42 առ հարիւր: Ան կ՛արժէ 3.2 միլիառ տոլար: Երրորդ դիրքը կը գրաւէ Պարսելոնան, չորրորդը` Արսենալը: Պայերն Միւնիխ կը գրաւէ 5-րդ դիրքը:
Տելպոսքէ Պիտի Լքէ Սպանիան
Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Վիչենթէ Տել Պոսքէ յայտարարեց, որ 2014-ի Մոնտիալէն ետք պիտի լքէ իր պաշտօնը: 62-ամեայ մարզիչը կը փափաքի, որ նոր անձնաւորութիւն մը ստանձնէ հաւաքականին ղեկը: Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը նշեց, որ Տել Պոսքէ պատճառ մը չունի հեռանալու ազգային խումբէն: Տել Պոսքէի գլխաւորութեամբ Սպանիա շահեցաւ Եւրոպայի ազգային խումբերու ախոյեանութեան եւ Մոնտիալ 2010-ի տիտղոսները:
Քարտիֆ Սիթի Բարձրացաւ Փրըմիյէրշիփ
Կալեսի Քարտիֆ Սիթի խումբը յառաջիկայ մարզական տարեշրջանին հանդէս պիտի գայ Անգլիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ի ախոյեանութեան մրցումներուն: Առաջին դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներէն երեք հանգրուան առաջ Քարտիֆ Սիթի ապահովեց «Փրեմիեր Լիկ»-ի ախոյեանութեան մասնակցելու իր ուղեգիրը: Քարտիֆ Սիթի, վերջին անգամ 51 տարի առաջ մասնակցած է Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն:
Պարսելոնա Կը Քննարկէ Յառաջիկայ
Տարուան Հարցերը
Պարսելոնա ակումբին ղեկավարութիւնը քննարկեց յառաջիկայ մարզական տարեշրջանի ծրագիրները: Երեք ժամ տեւող հանդիպման մասնակցեցան ակումբի փոխնախագահ Խոսէ Մարիա Պարթոմիուն, մարզական տնօրէն Անթոնի Զուպիզարեթան, գլխաւոր մարզիչ Թիթօ Վիլանովան, մարզիչի օգնական Խորտի Ռոուրան: Նիստէն կը բացակայէր ակումբի նախագահ Սանտրօ Ռոսել:
Պարսելոնա Նոր Պայմանագրութիւն
Պիտի Կնքէ Վիլանովայի Հետ
Սպանական մարզաթերթերը կը գրեն, թէ Պարսելոնայի պատասխանատուները կը փափաքին երկարաձգել գլխաւոր մարզիչ Թիթօ Վիլանովայի հետ պայմանագրութիւնը: Նշենք, որ 44-ամեայ մասնագէտը ենթարկուեցաւ թոքագեղձի քաղցկեղային ուռուցքի հեռացման վիրահատութեան, ապա` երկու ամիս վերականգնողական բուժման հետեւելէ ետք վերադարձաւ Սպանիա:
Ինթեր Միլան 90 Միլիոն Եւրօ Պիտի Ծախսէ
Յառաջիկայ Տարուան Համար
Իտալական Ինթեր Միլան ակումբը ամառնային փոխանցումներու շրջանին որոշած է 90 միլիոն եւրօ գումար մը ծախսել` նոր ֆութպոլիստներ ձեռք բերելու նպատակով: Ինթերի գլխաւոր թիրախները պիտի ըլլան Պարսելոնայի չիլիցի յարձակող Ալեքսիս Սանչեզը եւ Մալաքայի կիսապաշտպան Իսկոն: Ինթերը ընթացիկ մարզաշրջանին անյաջող ելոյթներ ունեցաւ: Ներկայիս ան կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 8-րդ դիրքը: Նշենք, թէ Եուվենթուս նոյնպէս կը հետապնդէ չիլիցի յարձակողը:
Վալենսիա 30 Միլիոն Եւրօ
Կը Գնահատէ Գուայիթան
Սպանական Վալենսիա ակումբը որոշեց բերդապահ Վիչենթէ Գուայիթայի փոխանցման սակը: 26-ամեայ բերդապահը գնելու համար պէտք է վճարել 30 միլիոն եւրօ գումար մը: Գուայիթան ձեռք ձգելու գլխաւոր յաւակնորդը Պարսելոնան է: Ան փոխարինող մը կը փնտռէ Վիքթոր Վալտեսին:
Մոնաքոյի Առաջարկը Ժոզէ Մուրինիոյին
Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ փայլուն առաջարկ մը ստացաւ ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան երկրորդ դասակարգի Մոնաքօ խումբին տնօրէնութենէն: Բրիտանական «Տը Միրըր» օրաթերթին համաձայն, Մոնաքոյի սեփականատէր Տիմիթրի Ռիպոլովլեւ պատրաստ է տարեկան 12 միլիոն սթերլինկ աշխատավարձ վճարելու Մուրինիոյին: Նման աշխատավարձ ոչ մէկ մարզիչ կը ստանայ աշխարհի մէջ: Նախապէս կ՛ըսուէր, թէ Մուրինիօ պիտի վերամիանայ Չելսիին:
Դաւիթ Մանոյեան Դարձեալ
Մեկնեցաւ Գերմանիա
Երեւանի Փիւնիկ խումբի խմբապետ Դաւիթ Մանոյեան դարձեալ մեկնեցաւ Գերմանիա ` բժշկական քննութեան ենթարկուելու նպատակով: Ծունկի վնասուածքը դարձեալ կը մտահոգէ 22-ամեայ ֆութպոլիստը: Մանոյեան բժշկական քննութեան պիտի ենթարկուի Գերմանիոյ մէջ, որմէ ետք պարզ պիտի դառնայ անոր բուժման ընթացքը:

