«Չեմփիընզ Լիկ»-ի Մրցաշարք. Գերմանական Երկու Խումբերը Առաւելութեան Հասան Սպանիոյ Հսկաներուն Դէմ
Եւրոպայի ախոյեանութեան` «Չեմփիընզ Լիկ»-ի մրցաշարքի կիսաւարտականի երկու մրցումները աւարտեցան գերմանական խումբերու տպաւորիչ յաղթանակով: Կիսաւարտականի առաջին հանդիպումին, Պայերն Միւնիխ ֆութպոլի գեղեցիկ դաս մը տուաւ Պարսելոնային եւ չորս անպատասխան գնդակ զետեղեց անոր բերդին մէջ (կիսախաղ` 2-0): Սպանացիները չկրցան լուծումներ գտնել գերմանական խումբին կիրարկած խաղաոճին եւ գոհ պէտք է ըլլան, որ միայն չորս կոլ ստանալով հեռացան դաշտէն:
Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, Պորուսիա Տորթմունտ 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռէալ Մատրիտը (կիսախաղ` 1-1): Գերմանական խումբին կոլերը նշանակեց Ռոպերթ Լեվանտովսքի: Ռէալի` Քրիսթիանօ Ռոնալտօ: Մրցումէն ետք, Ռէալի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ յայտնեց, որ Տորթմունտի յաղթանակը արդար էր: Դարձի հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Մատրիտի մէջ` 30 ապրիլին: