Լալու Առեղծուածային Հոգեբանութիւնը. Արցունքի Կաթիլներ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՎԻՇՏԻ ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐ, ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆ ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐ, ՏԿԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐ ԿԱՄ ԵՐԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐ: ՎՍՏԱՀԱԲԱՐ ԲԱՆ ՄԸ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԱՐՏԱՍՈՒԵԼԸ: ՍԱԿԱՅՆ, Ի՞ՆՉ: ԼՈՆՏՈՆԻ ՔՈՒԻՆ ՄԵՐԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՏՆՕՐԷՆ ԹՈՄԸՍ ՏԻՔՍԸՆ «ԻԸՆ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՄԱՐԴԱԲԱՆԱԿԱՆ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆԷՆ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ԳՏՆԵԼ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ՀԱՐՑՈՒՄԻ ՄԸ, ՈՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ՄՏԱԾԱԾ ԵՆ ՏԱՐՈՒԻՆ ԵՒ ՖՐՈՅՏ: ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՐԲԵՄՆ ԱՅՆՔԱ՛Ն ՑՆՑԻՉ ԵՆ, ՈՐ ԹԵՐԵՒՍ ԼԱԼՈՒ ԿԸ ՄՂԵՆ…
Արցունքի կաթիլը տիեզերական նշան մըն է: Հնադարեան ժամանակներէն ի վեր փիլիսոփաներ եւ գիտնականներ փորձած են արտասուելը բացատրել իբրեւ զգացական արտայայտութեան հասարակաց լեզու մը: Սակայն, իրականութեան մէջ արցունքի առանձին կաթիլ մը ոչ մէկ նշանակութիւն ունի: Մինչ արցունքը կը լեցուի մեր աչքերուն մէջ եւ կը գլորի մեր այտերէն վար, անդին` աղի ջուրի այս կաթիլները աղօտ կարծիք մը կու տան մեզի, եւ միայն, երբ որոշ գաղափար մը ունինք անոնց ծնունդ տուող մտային, ընկերային եւ դէպքերու պարունակներուն մասին:
Կ՛արտասուենք, երբ տխուր ենք, վշտահար ենք կամ կը սգանք, սակայն նաեւ, երբ ուրախ ենք եւ կը խնդանք: Ոմանց աչքերը կը լեցուին, գթալով` ի տես մարդկային տառապանքին, ուրիշներ կը թափեն ճնշուած ապրողի ցասկոտ արցունքներ: Այտի մը վրայ արցունքի կաթիլ մը կրնայ վազել յօրանջելու պատճառով, կամ` սոխ ջարդելու: Վիքթորեան ժամանակներու լրագրող Հարիեթ Մարթինուի այտերէն մտաւորական երջանկութեան արցունքներ կը հոսէին, երբ ան կը թարգմանէր ֆրանսացի ընկերաբան Օկիւսթ Քոնթի ստուար հատորները: Բարեկամներէս մէկը, որ շոգիով աշխատող գնացքներու սիրահար է, կ՛ըսէ, թէ լացած է, երբ առաջին անգամ տեսած է մրցանակ կոտրած Մալարտ շոգեկառքը` Երկաթուղիի ազգային թանգարանին մէջ: Արցունքը տիեզերական նշան մըն է, ոչ այն առումով, որ նոյն իմաստը կը պարունակէ բոլոր ժամանակներու եւ բոլոր վայրերու մէջ, այլ տիեզերական նշան մըն է, որովհետեւ կրնայ խորհրդանշել գրեթէ որեւէ բան:
Եթէ լացը միայն մէկ իմաստ պարունակող արտայայտութիւն մը ըլլար, զգացումի տիեզերական լեզու մը, ապա վստահաբար պիտի խորհրդանշէր վիշտը: Անիկա ամէնէն աւելի յաճախ առնչուած է այս վիճակին հետ: Այսուհանդերձ, անցեալ ամառ, Լոնտոնի մէջ անընդհատ ուրախութեան արցունքներ հոսեցան: Անոնք դոյլերով հոսեցան Ողիմպիական խաղերուն առիթով: Երբ ազգային քայլերգները կը հնչէին, մրցանակակիրներու պատուանդանին վրայ արցունքի գեղձերը կը լեցուէին: Հպարտութիւնն ու ուրախութիւնը կ՛արտայայտուէին առատ արցունքով: Լոնտոնի քաղաքապետ Պորիս Ճոնսըն կը հպարտանար Ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսութեան ժամանակ թափած իր «ազգային հպարտութեան ջերմ արցունքներով» եւ խաղերուն աւարտը կը նկարագրէր իբրեւ «արտասուաբեր զգայացունց գագաթնակէտ մը»: Երբ 1872-ին Չարլզ Տարուին գրեց «Մարդոց եւ անասուններուն քով զգացումներու արտայայտութիւնը» վերնագիրով իր գիրքը, հաւանաբար ճիշդ էր, որ «անգլիացի տղամարդիկը հազուադէպօրէն կ՛արտասուէին», սակայն 2012-ին քաղաքապետը եւ ուրիշներ իրենց լաւագոյնը ի գործ դրին` ի վերջոյ շրջելու համար այս գաղափարը:
Կրնամ աւելցնել նաեւ իմ անձնական օրինակս. երբ մանչ զաւակս ծնաւ Ս. Թոմըս հիւանդանոցին մէջ, նոյն պահուն թագուհիին ադամանդեայ տարեդարձին առիթով հազար նաւերէ բաղկացած նաւատորմի մը շքերթը տեղի կ՛ունենար Թեմզ գետին երկայնքին: Ուրախութեան եւ փրկութեան արցունքներ թափեցի, որովհետեւ ծննդաբերութեան ստիպողական կեսարեան վիրահատութիւնը աւարտած էր յաջողութեամբ:
Զգացումները Զսպելու Անկարողութիւն
Արցունքի վերաբերող տեսութիւնները միշտ ալ փորձած են ներառել անոնց երեք մակարդակի բնոյթը` իբրեւ արտածորում, ախտանշան եւ խորհրդանշան: Ինչպէ՞ս պէտք է վարուիլ արցունքի նկատմամբ. զայն պէտք է նկատի ունենալ իբրեւ մէ՞զ, պղպջա՞կ, թէ՞ արուեստի գործ: Արդեօք անոնց մեկնաբանութիւնը կը կարօտի կազմախօսաբանի՞ն, բժիշկի՞ն, թէ՞ բնազանցագէտին մասնագիտութեան:
Անոնք, որոնք կ՛առարկեն հրապարակաւ արտասուելու դէմ, յաճախ զայն կը նկատեն «զգացումները զսպելու անկարողութիւն». գաղափար մը, որուն արմատները կը գտնուին 19-րդ դարու վերջերու հոգեվերլուծական գրականութեան մէջ, ինչ որ մտածել կու տայ, թէ արցունքի հոսք մը նոյնքան ամօթալի է, որքան` հանրութեան մէջ միզելը: 2011-ին կատակաբան Ճօ Պրանտ «Պի. Պի. Սի. Ֆոր» կայանէն ներկայացուց վաւերագրական ժապաւէն մը` հանրութեան մէջ արտասուելու մասին: Ան համաձայն չէր արցունք թափելու երեւոյթին եւ կ՛ըսէր, թէ արցունքը պէտք էր վերապահել միայն հազուադէպ առիթներու եւ` հանրութեան աչքերէն հեռու: Համացանցի վրայ յայտագիրին հակազդողներուն կարծիքները ցոյց կու տային, թէ ան միակը չէր, որ այսպէս կը մտածէր: Ինքզինք իբրեւ Ալկոլ60 ներկայացուցած անձ մը, որուն սեռը յայտնի չէր, եւ որուն անունը, ի դէպ, համակարգիչի յատուկ լեզուի տեսակի մը անունն է, կը գրէր.
«Եթէ կ՛ուզես լալ ու ողբալ, գնա՛ զուգարան եւ հոն առանձին լաց: Թերեւս սպասելի է, որ փոքրիկ մանուկներ եւ օտար կնամարդիկ տարբեր վարուին, սակայն 8 տարեկանէն վեր ոեւէ բրիտանացի պէտք է կարենայ հակակշռել ինքզինք»:
Կը թուի, թէ այս տեսակի կարծիք մը այնքան ալ չի համապատասխաներ 21-րդ դարու մօտեցումներուն, սակայն սուր կերպով կը յիշեցնէ բրիտանական «զուսպ վերնախաւի» մտայնութիւնը, որ սկսած էր արմատանալ, երբ Տարուին կը գրէր իր գիրքը զգացումներու մասին, եւ իր գագաթնակէտին կը հասնէր երկու աշխարհամարտերուն ընթացքին: Լալը իբրեւ տկարութեան փոխաբերական պատկեր մտածել կու տար, թէ արցունքը զզուելի եւ ամօթալի բան մըն էր: 20-րդ դարու կէսերուն տասնամեակներու վրայ կատարուած է «Զանգուածները դիտելու» պետական ուսումնասիրութիւն մը, որուն նպատակն էր հետաքննել բրիտանացիներուն առօրեայ կեանքը: Այս ծրագիրին հարցարանները 1950-ական տարիներուն կը միտէին հաւաքել կարծիքներ` տարբեր բաներու մասին, մարկարինի գործածութենէ` մինչեւ օտարներու: Անոնցմէ մէկը նաեւ կը պարունակէր հետեւեալ հարցումները. «Կ՛արտասուէ՞ք շարժապատկերի սրահին մէջ: Ո՞ր ժապաւէնները լացուցած են ձեզ (եթէ երբեւիցէ լացուցած են), որքա՞ն լացուցած են, եւ եթէ կը յիշէք, ժապաւէնին ո՞ր մասը: Որքա՞ն ամօթ զգացած էք (կամ չէք զգացած) նման առիթներով»:
Հարցարանին պատասխանողներէն շատերը ժխտած են ամօթի որեւէ զգացում: Սակայն յայտնապէս կոպիտ անձ մը (40-ական տարիքի տղամարդ մը), հարցումին բուն էութիւնը հասկնալով` պատասխանած է. «Երբեմն միզած եմ: Այո՛, «ամօթ» զգացած եմ, որ դրամս վատնած եմ»: Իսկ նոյն տարիքի ամուրի տղամարդ մը գրած է. «Ոչ մէկ ամօթ կը զգամ զգացումներուս համար, այլ շնորհակալ եմ, որ տակաւին կը յուզուիմ այն տարողութեամբ, որ կը նկարագրուի այստեղ: Հաւանաբար մեզմէ շատերը սրահի մը մթութեան մէջ քիչ մը զգացականութեան իրաւունք կու տան իրենք իրենց, հակազդելու այն ձեւով, որ կը հակազդեն խոր վիշտի, սեփական սենեակի մը լռութեան մէջ»: Սակայն անոնք, որոնք ամօթ չեն զգացած եւ անոնք, որոնք զգացած են, արտասուելը համեմատած են միզելու հետ կամ մարմնական այլ արտածորումներու:
Մարմնական Արտածորում
Թէեւ կը թուի, թէ այս կապը ինքնաբերաբար հաստատուած է 20-րդ դարուն, սակայն անիկա նորութիւն չէր: 1586-ին անգլիացի կրօնաւոր եւ բժիշկ Թիմոթի Պրայթ գրած էր իր ազդեցիկ «Մելամաղձոտութեան ճառ»-ը, որուն մէջ արցունքը կը նկարագրէր իբրեւ «տեսակ մը մարմնական արտադրութիւն, որ այնքան ալ տարբեր չէ մէզէն»: Ալեքսանտըր Փոփ գրած է «Տիկինը, որ մ-եց Քաթոյի ողբերգութեան ներկայացումին ժամանակ» վերնագիրով բանաստեղծութիւն մը, որուն մէջ կը ձաղկէ ժոզեֆ Էտիսընի սիրուած մէկ թատերախաղը` «Քաթօ. ողբերգութիւն մը» (գրուած` 1712-ին): Փոփ իր բանաստեղծութեան մէջ կը նկարագրէ, թէ կին մը ինչպէ՛ս կը հակազդէ թատերախաղին, լալու փոխարէն` միզելով, որովհետեւ իր հպարտութիւնը կ՛արգիլէ իրեն արցունք թափել:
Ապա կայ նաեւ եբրայական արածը լալու մասին, որուն տառացի թարգմանութիւնը կ՛ըսէ. «Աչքերէն միզել»:
Այս հին գաղափարը աւելի եւս հաստատուած է վերջին մէկուկէս դարուն ընթացքին: Վերջին տասնամեակներուն ամէնէն աւելի մէջբերուած է ամերիկացի կենսաքիմիագէտ Ուլիըմ Հ. Ֆրէյ Բ., որ 1980-ական տարիներէն ի վեր կը վիճի, թէ լալու եւ միզելու փոխաբերութիւնը պէտք է ընդունիլ տառացիօրէն: 1982-ին «Տը Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին հետ հարցազրոյցի մը առիթով ան ըսած է, թէ լալը արտաշնչելու, միզելու եւ քրտնելու պէս մարմինը կը մաքրէ թունաւոր նիւթերէն, այս պարագային` «լարուածութեան պատասխանատու գեղձերու արտադրութենէն»:
Սակայն լալը մէզը զսպելու անկարողութեան հետ համեմատելու Ֆէյի կենսաքիմիական տարբերակը պարզապէս շարունակութիւնն է անոր հիմը կազմող շարք մը գաղափարներուն, որոնցմէ մէկը ծնունդ առած է 19-րդ դարուն, ուղեղին հոգեվերլուծական մէկ բացատրութեան մէջ:
Ջղագարութեան Ախտանշան
Հոգեվերլուծութեան մէջ կան արցունքի վերաբերող երկու հիմնական գաղափարներ, որոնք 20-րդ դարու կէսերուն ընդունուեցան հոգեբաններու եւ հանրութեան կողմէ: Անոնցմէ մէկը անձկութիւն պատճառող բնազդներու կամ մտածումներու զսպումն է` նախքան անոնց գիտակցական մակարդակ հասնիլը (ռիփրեշըն), իսկ միւսը` իրականութենէ խուսափումը` վերադառնալով նորածինի մակարդակի (ռիկրեշըն): Առաջինը մտածել կու տայ, թէ արցունքները տեսակ մը ժայթքումն են նախապէս զսպուած զգացումներու, իսկ երկրորդը չափահասի մը լալու երեւոյթը կը ներկայացնէ իբրեւ վերադարձ` նորածինի վիճակի, նոյնիսկ` սաղմնային փորձառութիւններու եւ զգացումներու:
Եոսըֆ Պրոյըր եւ Սիկմընտ Ֆրոյտ 1893-ին գրած են «Ջղագարութեան երեւոյթին հոգեբանական մեքանիզմը» վերնագիրով «նախնական հաղորդագրութիւն մը», որուն մէջ կը բացատրեն, թէ ինչպէ՛ս հոգեկան խոց պատճառող դէպքերու զսպուած յիշողութիւնները տարիներ ետք կրնան ծնունդ տալ ջղագարութեան ախտանշաններու: Անոնք կը հաւատային, թէ հիփնոսացումի ճամբով կարելի էր հասողութիւն ունենալ հոգեկան խոցեր պատճառած յիշողութիւններու: Այս հոգեբաններուն կարծիքով` նման յիշողութիւններ «օտար մարմիններ» էին, զորս պէտք էր մաքրել հոգեբանական խորքէն: Ֆրոյտ եւ Պրոյըր կ՛ըսէին, թէ այն պահուն, երբ հիւանդը յաջողէր իր յիշողութիւնը բառերով արտայայտել, ջղագար վիճակի ախտանշանները պիտի անհետանային:
Հոգեբանական այս տեսութեան մէջ արցունքները առողջութեան նշան են, սակայն նաեւ` ախտաբանական: Արցունքները իբրեւ առողջութեան նշան, հոգեկան խոցեր պատճառած դէպքերու գիտակից կամ անգիտակից այլ հակազդեցութիւններու պէս, կը խաղան բուռն զգացումը կամ յուզումը դուրս մղելու դերը: Յուզումը կը նկատուի հոգեկան հեղուկ մը, որ պէտք է դուրս հանել: Լալը զայն դուրս հանելու միջոց մըն է: Պրոյըր եւ Ֆրոյտ անկէ ձերբազատելու այլ միջոց մը կը նկատեն վրիժառութիւնը: Հետեւաբար արցունքները բառերու եւ արարքներու պէս կը կատարեն յուզումը դուրս թափելու դեր` բանալու համար երակները:
Թէեւ արցունքը առողջ մաքրազտումի նշան մըն է Ֆրոյտի դիտանկիւնէն, սակայն տարբեր պայմաններու մէջ անիկա կրնայ դառնալ ախտաբանական նշան մը: Օրինակ, անոր հիւանդներէն մէկը կը տառապէր խանգարուած վիճակէ, անքնութենէ եւ ընդոստ լալու պահերէ, որոնք ժամեր կը տեւէին: Ֆրոյտ մտածած էր, թէ կնոջ արցունքները ջղագարութեան ախտանշան էին: Սակայն այլ հիւանդ մը, որ ամէն տարի կանոնաւոր կերպով կ՛արտասուէր իր ամուսինին հիւանդութեան, անկողին իյնալուն եւ մահուան թուականներուն օրը, պարզապէս անձնական յուզումի պահ մը կ՛ապրէր` «տարելիցի փառատօներու» առիթով: Ֆրոյտ կը շեշտէր, թէ այս պարագային լացը ջղագարութիւն չէր, այլ` «զգացումներու յետաձգուած մաքրազտում», յուզումը առողջ ձեւով դուրս մղելու ուշացած ճիգը, հոգեկան խոց պատճառած օտար մարմնի մը ուշացած արտաքսումը:
Մաքրազտումի Միջոց
Ֆրոյտի տեսութիւններուն մէջ որոշ չափով կ՛արձագանգեն Տարուինի եւ 19-րդ դարու եղափոխութեան տեսաբաններու այլ գաղափարները, որոնց համաձայն, լալը այն բազմաթիւ միջոցներէն է, որոնց միջոցով կրնայ դուրս ժայթքել աւելորդ ջղային ուժը: Տարուինի համար արցունքը պարզապէս կողմնակի մէկ անդրադարձն էր վարուելակերպի օգտակար այլ երեւոյթի մը: Տարուինի համաձայն, արցունքի ընդոստ արտածորումը սկիզբը արդիւնք եղած է «աչքին մէջ որեւէ օտար իրի մը թափանցումին յառաջացուցած գրգռութեան»: Ապա ան զարգացուցած է այն վարկածը, թէ երբ նորածին մը կը ճչայ, աչքերը ամուր կը փակէ, ինչ որ ճնշումի տակ կը դնէ անոր արցունքի գեղձերը, եւ ան կու լայ: Տարուին մտածած է, թէ սերունդներ շարունակ նորածիններու արցունքը անոնց ցաւի եւ անօթութեան ճչոցին առնչելը աստիճանաբար սկսած է առնչուիլ մտային ամէն տեսակ ցաւատանջ վիճակի հետ, այսինքն արցունք կ՛արտադրուէր նոյնիսկ գրգռիչ օտար մարմնի մը կամ ճիչի բացակայութեան: Այսպէս, Տարուինի ներգործութիւնը յստակ է Ֆրոյտի այն կարծիքին վրայ, թէ արցունքը կը մաքրէր հոգիին մէջ մուտք գործած օտար մարմինները, ինչպէս նաեւ` մտային հեղուկներու եւ մարմնական հեղուկներու արտադրութեան փոխաբերական պատկերներուն: Ֆրոյտի կարծիքը նաեւ այլ ձեւով կը յիշեցնէ Տարուինի կարծիքը, երբ կը շեշտէ, թէ լալը «ոչ մէկ նպատակի կը ծառայէ» վարուելակերպի առումով, բացի` «ուղեղային յաւելեալ գրգռութեան»` ձերբազատելու համար անկէ եւ առիթ տալու, որ գրգռութիւնը «դուրս հոսի»:
Մինչ Ֆրոյտ եւ Պոյըր լացը կը հասկնային իբրեւ հիմնականին մէջ մարմնէն բան մը արտաքսելու միջոց, այսինքն` զայն խորհրդանշականօրէն կ՛առնչէին մարմնէն այլ արտաքսումներու հետ, աւելի ուշ հոգեբանութեան տեսաբաններ այս մտածելակերպը կ՛ընդարձակէին տարբեր ուղղութիւններով: Անոնցմէ մէկը արցունքը կ՛առնչէր սաղմնային հեղուկին հետ: Թոմըս Սաշ 1959-ին Նիւ Եորքի մէջ Հոգեվերլուծաբաններու բժշկագիտական միութեան համար տուած էր դասախօսութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսէր, թէ լալը կը ներկայացնէր սաղմնային վիճակի վերադառնալու անգիտակից մղում մը:
Սակայն հոգեվերլուծաբան մը ի՞նչ պիտի ըսէր ուրախութեան եւ հպարտութեան այն արցունքներուն մասին, որոնց ականատես դարձանք 2012-ի Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերուն առիթով: 1956-ին Սանտոր Ֆելտման հրատարակած էր «Լալ` ուրախ աւարտին առիթով» ուսումնասիրութիւն մը: Հակառակ երեւոյթներուն, գոյութիւն չունի ուրախութեան լաց, կ՛ըսէր ան: Անոնք, որոնք կու լան, երբ ժապաւէն մը ուրախ կ՛աւարտի, կամ` իրենց կեանքին մէջ հպարտութեան եւ ուրախութեան պահու մը, ինչպէս` զաւկի մը ծնունդին կամ երբ կը միանան սիրելիի մը հետ, զոր երկար ատենէ ի վեր չեն տեսած, որ կը գտնուէր վտանգաւոր կացութեան մէջ, թերեւս կարելի է նաեւ աւելցնել` Ողիմպիականի ոսկի մետալ մը ստանալու պահուն, կը կարծեն, թէ ուրախութեան արցունքներ կը թափեն: Սակայն, Ֆելտմանի կարծիքով, նման արցունքներ պարզապէս ուշացած կամ սխալ պահու պատահած արտաքսումն են ժխտական յուզումներու:
Ուրախութեան կամ հպարտութեան վայրկեաններու խորքին կը գտնուի կեանքի եւ ուրախութեան անցողակի բնոյթին գիտակցութիւնը, կ՛ըսէր Ֆելտման: Թերեւս մեր աչքերը կը լեցուին, երբ մանուկներ տեսնենք, սակայն պատճառը այն է, որ մենք կը գիտակցինք, թէ անոնք օր մը մեզի պէս պիտի կորսնցնեն իրենց անմեղութիւնը, եւ թէ` նորածինի անոնց հովուերգական կեանքը վերջ պիտի գտնէ եւ պիտի փոխարինուի չափահասներու տգեղ աշխարհով: «Մանուկներ չեն լար ուրախ աւարտներու առիթով,- ըսած է Ֆելտման,- այլ կը ժպտան, որովհետեւ տակաւին չեն ընդունած մահուան իրողութիւնը: Հաւանաբար ուրախ աւարտի առիթով լացը ծայր կու տայ, երբ մահը կ՛ընդունուի իբրեւ անխուսափելի իրողութիւն: Մենք կու լանք, որովհետեւ գիտենք, թէ տխուր աւարտը անխուսափելի է: Գոյութիւն չունին ուրախութեան արցունքներ, այլ միայն` տխրութեան»:
Մէզը զսպելու անկարողութեան հետ կապուած լացի տեսութիւնը ներկայիս մաս չի կազմեր գիտական նորաձեւութեան, հակառակ որ ժողովրդականութիւն կը վայելէ հանրութեան մէջ: Ուլիըմ Հ. Ֆրէյ Բ.ի այն փորձարկութիւնները, որոնք ցոյց կու տան, թէ զգացական արցունքները պարզապէս լարուածութեան պատասխանատու գեղձերու արտադրութիւնը դուրս թափելու միջոցներ են, ցարդ յաջող կերպով չեն կրկնուած: Ֆրոյտի տեսութիւնները եւս գլխաւոր դիրք չեն վայելեր այլեւս: Իսկ լալու գիտութեան վերաբերող նորագոյն տեսութիւնները, որոնք արձանագրուած են ջղաբան Մայքըլ Թրիմպըլի «Ուայ հիւմընզ լայք թու քրայ» (հրատարակուած` 2012-ին) եւ հոգեբան Էտ Վինկըրհոեթցի «Ուայ օնլի հիւմընզ ուիփ» գիրքերուն մէջ, չի պաշտպաներ այն գաղափարը, թէ լալը յուզումի ժայթքումն է, արտաքսում մը կամ մաքրազտում մը:
Այս երկու գիտնականները կ՛ուսումնասիրեն մշակութային երեւոյթներու, ինչպէս` երաժշտութեան, թատրոնի, գրականութեան եւ կրօնական ծէսերու, նաեւ` գիտական ուսմունքներու եղափոխութիւնը, փնտռելով աւելի լաւ բացատրութիւնը մարդկային այս խորհրդաւոր երեւոյթին: Երկուքն ալ կ՛եզրակացնեն, թէ մտային վիճակները, որոնք լալու կը մղեն մարդիկը, տիեզերական են: Սակայն լալու մղող պատճառները, զորս կը դասաւորեն անոնք, բացատրելու համար լացը, այնքա՛ն բազմազան են եւ աղօտ, որ կրնան պարունակել որեւէ բան:
Թիմպըլ շեշտը կը դնէ ողբերգութեան, վիշտի, կարեկցանքի, ուրիշին վիճակը հասկնալու եւ յոյսի վրայ: Սակայն անոր ջղաբանական բացատրութիւնը յենած է հոգեբանութեան մէջ ամէնէն դժուար սահմանելի բառին` «զգացումներու» վրայ: Այժմ, երբ ուղեղը ուսումնասիրող գիտնականներ եզրակացուցած են, թէ հոգեբանական կամ ջղաբանական բաժանում գոյութին չունի իմացական եւ յուզական գործընթացներու մէջ, «զգացում» բառը կրնայ առաւել կամ նուազ չափով նշանակել մտային որեւէ վիճակ:
Վինկըրհոեթց նոյնքան այլազան պատճառներ կը թուէ: Ան կը խօսի անօգնական եւ կորսուած վիճակներու մասին, սակայն նաեւ կը ներառէ անձնական բախումներու, զայրոյթի, մերժուածութեան, ինքզինքին խղճալու, անկարողութեան, ուրախութեան, ինչպէս նաեւ` երաժշտութեան եւ ժապաւէններու ճամբով ստեղծուած զգացումներ: Վինկըրհոեթցի համար զգացական գրեթէ որեւէ վիճակ, որ կը ծնի նորածինի մեկուսացումին, մայրական կապուածութեան, վիպերգական յարաբերութիւններու եւ ընկերային կապուածութիւններու պարունակին մէջ, կրնայ առիթ տալ արցունք թափելու: Այլ խօսքով, արցունքը արդիւնք է զգացական մեկուսացումի կամ զգացական հանդիպումի` կորուստով եւ վիշտով կամ յաջողութեամբ եւ ուրախութեամբ:
Տարուին հպանցիկ ակնարկութիւն մը ըրած է, թէ արցունքը կարելի չէ ուղղակի առնչել մտային միայն մէկ վիճակի հետ: «Անոնք կ՛արտադրուին այնքա՛ն առատ, որ կը գլորին այտերէն վար,- գրած է ան,- ամէնէն հակասական զգացումներուն առիթով, ինչպէս նաեւ` զգացումի բացարձակ բացակայութեան»: Արցունքը առանձինն ոչինչ կը նշանակէ: Մտային, ընկերային եւ դէպքերու պարունակին մէջ թափուած արցունք մը կրնայ որեւէ իմաստ ունենալ: «Արցունքներ, անբան արցունքներ, գիտե՛մ ինչ կը նշանակեն անոնք», գրած է Ալֆրետ Թենիսըն: Այսուհանդերձ, բանաստեղծը եւ մենք կը շարունակենք կարիքը զգալ բացատրելու զանոնք, զտելու` անոնց իմաստը:
(Յապաւուած)


