Պոսթընի Պայթումներուն Առնչութեամբ Հայկական Կապին Մասին Կեղծ Մեղադրանքը Պէտք Է Դատապարտուի

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Անցեալ շաբաթ Պոսթընի մարաթոնի բարբարոսական պայթումներուն առնչութեամբ շատ անպատասխան հարցեր կը մնան:

Հաստատուած փաստերու բացակայութեան պայմաններուն մէջ դժուար է հիմնաւորուած եզրակացութեան յանգիլ եւ գտնել Ցարնայեւ եղբայրներու (Թամերլան` 26 տարեկան  եւ Ճոհար` 19 տարեկան) արիւնահեղ գործողութիւններուն շարժառիթը:

Հետաքրքրական է նշել, որ Թամերլան կը կրէ 14-րդ դարու միջինասիական արիւնարբու զօրապետին (Լենկթիմուր) անունը, որ հողին հաւասարեցուցած է ամբողջ քաղաքներ եւ կոտորած Է միլիոնաւոր անմեղ մարդիկ:

Նախընտրելի է չեչեններու, մահմետականներու եւ Ցարնայեւ ընտանիքին մասին անհիմն եզրակացութիւններ եւ ընդհանրացումներ ընելու փոխարէն, արծարծել շարք մը կարեւոր հարցեր.

– Դեռ 2011-ին, երբ Ռուսիոյ յատուկ ծառայութիւնները խնդրեցին Միացեալ Նահանգներու Հետաքննութիւններու դաշնակցային պիւրոյէն (ՀԴՊ) հետաքննել Թամերլանի արմատական իսլամական կապերն ու ընդյատակեայ խումբերուն միանալու մտադրութիւնները, ՀԴՊ-ն որքանո՞վ լաւագոյնս իրականացուց այդ առաջադրանքը: Եթէ ՀԴՊ-ի գործակալները մանրազնին աշխատանք կատարեցին եւ կասկածելի բան չգտան, ինչո՞ւ քանի մը ամիս ետք չհետեւեցան Թամերլանին, երբ վերջինս 2012-ին վերադարձաւ Միացեալ Նահանգներ` վեց ամիս անցընելով Չեչենիոյ եւ Տաղստանի խռովութեան մէջ գտնուող հանրապետութիւններէն ներս: Եւ ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներու իրաւապահ մարմինները չհետաքննեցին Թամերլանի համակարգիչին մէջ յայտնաբերուած ժիհատական տեսահոլովակներն ու արմատական իսլամական կայքերուն յղումները:

– Եթէ ռուսական նախազգուշացումը լրջութեամբ չհետապնդուեցաւ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաներու կողմէ, արդեօք անոնց որոշումը հիմնուած էր քաղաքական նկատառումներո՞ւ, թէ՞ ահաբեկչութեան վտանգի պատշաճ գնահատման վրայ: Արդեօք Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատարները գերադասեցին չմիջամտե՞լ Ռուսիոյ ներքին հակամարտութեան, քանի որ չեչեն ապստամբները կը մարտնչէին Ռուսիոյ դէմ իրենց անկախութեան համար: Արդեօք Միացեալ Նահանգները չեչեն «ահաբեկիչները» կը դիտեն իբրեւ «ազատութեան մարտիկնե՞ր», եզրակացնելով, որ անոնք վտանգ չեն ներկայացներ Միացեալ Նահանգներուն համար: Առաւել կարեւոր է, որ ի՞նչ դեր խաղացած են հակառուսական դիրքորոշում ունեցող ազդեցիկ նոր պահպանողական ամերիկեան շրջանակները Թամերլանի վերաբերեալ զգուշացումները գնահատելու ընթացքին:

– Արդեօք Ռուսիոյ յատուկ ծառայութիւնները մանրամասն հետապնդա՞ծ են Թամերլանը, երբ ան յայտնուած էր անոնց տեսադաշտին մէջ` Տաղստան եւ Չեչենիա կատարած վեցամսեայ այցին ընթացքին, մանաւանդ, երբ անոնք դժգոհ մնացած էին, որովհետեւ իրենց ՀԴՊ-ին տուած հարցադրումները անպատասխան մնացած էին:

– Արդեօք այս ահաբեկչութիւնը, որուն պատճառով զոհուեցան չորս եւ վիրաւորուեցան մօտ 200 ամերիկացիներ, Միացեալ Նահանգներու յատուկ ծառայութիւնները կը մղէ՞ աւելի սերտ համագործակցութեան` իրենց ռուս գործընկերներուն հետ, որպէսզի միացեալ ուժերով պայքարին ահաբեկչութեան դէմ, անկախ միջազգային քաղաքական նկատառումներէն:

– Արդեօք Միացեալ Նահանգները պիտի հետաքննե՞ն 2003-ին Թամերլանի եւ անոր ընտանիքի երեք անդամներուն Թուրքիա կատարած տասնօրեայ այցը, ինչպէս բացայայտած էր Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Մուամմար Կիւլեր: Ի՞նչ նպատակով Ցարնայեւները այցելած էին Թուրքիա եւ որո՞ւ հետ հաղորդակցած էին այնտեղ:

Անդրադառնալով Ցարնայեւ եղբայրներու շատախօս հօրեղբայր Ռուսլան Ցարնիին` նշենք, որ ան ըրաւ վիճայարոյց եւ հակասական մեկնաբանութիւններ, որոնք տարածուեցան ամբողջ աշխարհի մէջ` Սի. Էն. Էն.-ի, Էն. Պի. Սի.-ի, «Ուոլ սթրիթ Ճըռնըլ»-ի, «Ռոյթըրզ»-ի, «Թայմ» շաբաթաթերթի եւ այլոց կողմէ: Հօրեղբայր Ցարնին մեղադրեց Քեմպրիճէն իսլամացած կրօնափոխ անանուն հայ մը` Թամերլանը արմատական դարձնելուն համար:

Մերիլենտի բնակիչ Ցարնին «Էն. Պի. Սի. Թուտէյ»-ին պատմեց, որ իր հայ ծանօթներէն մէկը յայտնած է Թամերլանի վրայ «արտաքին ազդեցութեան» մասին. «Ան (ծանօթը) ըսաւ, թէ անոր ուղեղը (Թամերլանի) կը լուայ մէկը, որ նոր իսլամութիւնը ընդունած է: Ես կ՛ուզեմ շեշտել, որ ան (ծանօթը) հայկական ծագում ունէր»:

Սակայն հօրեղբայր Ցարնին բոլորովին այլ բացատրութիւն տուաւ Սի.Էն. Էն.-ին` իր զարմիկներու քստմնելի արարքներուն համար: Ան մեղադրած է զանոնք իբրեւ «ձախողածներ»` պնդելով, որ անոնք խայտառակած են իրենց ընտանիքին եւ չեչեն ժողովուրդին պատիւը: Սակայն հետագային ան «Էն. Պի. Սի. Թուտէյ»-ին ըսաւ, որ իր զարմիկները «ձախողածներ» անուանած է զայրոյթի պահուն եւ ան հիմա վստահ է, որ անոնց յանցագործութիւնը կապ չունի Ռուսիոյ կամ Չեչենիոյ հետ: Նաեւ, Ցարնին հակասեց ինքզինք` պնդելով, որ «վերջերս իսլամացած հայկական ծագում ունեցող» անձը ան է, որ Թամերլանի «ուղեղը լուացած է» եւ ոչ թէ իր ծանօթը:

Հարց կը ծագի, թէ ո՞վ է Ցարնին եւ ինչո՞ւ կը մեղադրէ հայերը: Համացանցային թեթեւ որոնումէ մը պարզ դարձաւ, որ ան անմիջական կապեր ունի կասպեան տարածաշրջանին մէջ ներգրաւուած արեւմտեան ուժանիւթի ընկերութիւններու հետ: Ան աշխատած է «Պիկ սքայ էնըրժի կոլտըն իկըլ փարթնըրզ» եւ «Նելսըն ռիսորսըզ Ltd.» ընկերութիւններուն մէջ. երեքն ալ ուղղակի ներդրում ունին Կասպից ծովու ուժանիւթի նախագիծերուն մէջ:

Կարելի՞ է արդեօք ուժանիւթի այս ընկերութիւններուն հետ Ցարնիի ունեցած կապերով բացատրել անոր մեղադրանքները ընդդէմ հայու մը:

Վերջապէս, ինչո՞ւ ոչ մէկ հայկական կազմակերպութիւն կամ հայ պաշտօնեայ չբողոքեց լրատուամիջոցներուն, որոնք տարածեցին Ցարնիի անհիմն ու զրպարտչական յայտարարութիւնները` մեղադրելով հայ մը Թամերլանը արմատական դարձնելուն մէջ: Նման իրավիճակ մը ստեղծուած էր տարիներ առաջ, երբ աւստրալիական «Տը Քանպերա Թայմզ» թերթը հաղորդեց, որ` «Հռոմի պապին վրայ կրակած է հայ մարդասպան մը»: Իրականութեան մէջ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին վրայ կրակած էր թուրք Մեհմետ Ալի Աքչան:

Ժամանակն է, որ հայերը հիմնեն հակազրպարտչական կազմակերպութիւն մը, որ աշխուժօրէն պիտի հետապնդէ բոլոր անոնք, որոնք կը զրպարտեն եւ կ՛անուանարկեն հայերը ամբողջ աշխարհի մէջ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»
թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )