«ԱԶԴԱԿ» ԲԱՐԻ ԱՊԱՔԻՆՈՒՄ ՄԱՂԹԵՑ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՐԱՐ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱԹՈՍԵԱՆԻ
Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած փլէյ-օֆի մրցումը, կիրակի, 15 մայիսին, իրարու դէմ հանեց Խըյուլը եւ Ահլի Սայտան:
Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ այս մրցումը նկատուեցաւ շատ զգայուն` նկատի ունենալով, որ յաղթական կազմը պիտի գրաւէր դասաւորման երկրորդ դիրքը եւ բնականաբար պիտի ապահովէր Ա. դասակարգին իր տոմսը:
Այս իսկ պատճառով, ֆետերասիոնը մրցումին գլխաւոր իրաւարար նշանակեց փորձառու եւ անկողմնակալ իրաւարար Վարդան Մաթոսեանը:
1998-ին իբրեւ ֆետերասիոնի իրաւարար իր արհեստավարժ ասպարէզը սկսած Մաթոսեան, տարիներով տեղական մրցումներու իրաւարարի պաշտօնը ստանձնելէ ետք, 2010-ին իբրեւ միջազգային իրաւարար սկսաւ իր պաշտօնը շարունակել` ՖԻՖԱ-ին մօտ ճանաչում գտնելէ ետք:
Սակայն վերոնշեալ մրցումին Խըյուլ իր ամէն կարելին ի գործ կը դնէր, որպէսզի ինք ըլլայ Ա. դասակարգ բարձրացողը: Ատկէ մեկնելով` անոր մարզիկները մրցումը կը կատարէին քիչ մը ջղային եւ պրկուած մթնոլորտի մէջ:
Այնպէս կը թուի, որ անոնք իրենց այդ ձախողութեան պատճառը պէտք էր բեռցնէին ուրիշի մը ուսերուն վրայ` նկատի ունենալով, որ վայրկեանները աւարտիլ սկսած էին եւ Ա. դասակարգ բարձրանալու անոնց յոյսերը սկսած էին շոգիանալ:
Անոնց այդ ձախողութեան «զոհը» դժբախտաբար դարձաւ իրաւարար Վարդան Մաթոսեան, որովհետեւ Խըյուլի կարգ մը մարզիկներ սպառնացած էին անոր կեանքին:
«ԱԶԴԱԿ» երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենալով Մաթոսեանի հետ` տեղեակ եղաւ անոր առողջապահական վիճակին եւ հայ իրաւարարին մաղթեց բարի ապաքինում` նկատի ունենալով, որ ան իր գլուխէն հարուածներ ստանալով փոխադրուած էր հիւանդանոց` բուժումի ենթարկուելու համար:
Նախանցեալ օր իր գումարած ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը առկախեց այդ մրցումին արդիւնքը եւ ընդարձակածաւալ քննութիւններու սկսաւ` միջադէպին յանցաւորները գտնելու համար:
Իր ժողովին, ֆետերասիոնը մէկական տարիով կախակայեց Խըյուլի մարզիկներէն Համզէ Համմուտը եւ Հետի Ռըմմալը:
Իսկ Խըյուլի մարզիչ Ժամալ Հաժ այդ մրցումէն ետք պաշտօնապէս յայտարարեց, որ ամբողջութեամբ կը հեռանայ ֆութպոլի աշխարհէն:
Կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկային նմանօրինակ դէպքեր չկրկնուին լիբանանեան դաշտերուն վրայ, ինչ ալ ըլլան պայմանները: