Թուրքիա-Իսրայէլ «Դրական» Բանակցութիւններ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու յայտնեց, որ Իսրայէլ եւ Թուրքիա համաձայնութիւն գոյացուցած են յայտարարութեան մը շուրջ, որ կը վերաբերի «Մաւի Մարմարա» նաւուն վրայ սպաննուած 9 թուրքերու ընտանիքներու հատուցման հարցին:

Սինիրլիօղլու Անգարայի մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն իսրայէլացի պաշտօնատարներու հետ պիտի ունենան երկրորդ հանդիպում մը, որուն տեղն ու թուականը տակաւին չէ ճշդուած: «Հատուցման գումարին շուրջ պիտի չբանակցինք», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ «հատուցումը ձեւաւորելիք շրջագիծին շուրջ խօսեցանք»:

Իսրայէլի վարչապետի ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Եաքով Ամիտրորի գլխաւորած իսրայէլեան պատուիրակութիւնը հետագային շուրջ կէս ժամ տեւողութեամբ դռնփակ հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչի հետ: Վերջինս հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ «հանդիպումը ընդհանուր առմամբ դրական էր… հատուցման գումարը չքննարկուեցաւ… եւ չճշդուեցաւ, սակայն հանդիպումին ընթացքին այդ գումարը հաշուելու ձեւերն ու օրէնքները քննարկուեցան»:

Արընչ, որ հատուցման  հարցով համակարգման աշխատանքները կը ղեկավարէ, յայտնեց, որ երկրորդ եւ հաւանաբար երրորդ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ լուծելու համար հարցը, ինչ որ «դիւանագիտական կապերու լիակատար վերականգնման ուղղութեամբ մեծ քայլ մը պիտի ըլլայ»:

Share this Article
CATEGORIES