Նեթանիահու Կը Սպառնայ Կազայէն Հրթիռարձակման Շատ Խիստ Կերպով Հակադարձել

Պենիամին Նեթանիահու

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու սպառնաց շատ խիստ կերպով հակադարձել Կազայէն Հարաւային Իսրայէլի դէմ հրթիռարձակումներուն: Ան իսրայէլեան կառավարութեան հերթական նիստին ընթացքին յայտնեց, որ «մենք մերթ ընդ մերթ Իսրայէլի դէմ արձակուող հրթիռներու «կաթիլ առ կաթիլ» արձակման քաղաքականութիւնը պիտի չարտօնենք եւ անհրաժեշտ ամէն բան պիտի ընենք Իսրայէլի պետութիւնն ու քաղաքացիները պաշտպանելու համար»:

Գործնական գետնի վրայ իսրայէլեան բանակը հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը երէկ հարուածած է Կազան:

Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատը յայտնեց, որ իսրայէլեան օդուժը հարուածած է Ռաֆահի մէջ իրեն պատկանող մարզումի զօրանոց մը, սակայն մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած:

Պաղեստինեան ոչ մէկ խմբակ ստանձնած էր Իսրայէլի դէմ հրթիռարձակման պատասխանատուութիւնը: Իսրայէլեան բանակը յայտնեց, որ արձակուած հրթիռը ինկած է բաց դաշտի մը մէջ եւ մարդկային կամ նիւթական վնասներ չէ պատճառած:

Յիշեցնենք, որ նոյեմբեր 2012-ին 8 օր տեւած տագնապէ ետք Համասի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարի համաձայնութիւն կնքուած էր:

 

Share this Article
CATEGORIES