«Սուրիական Ընդդիմութեան Յաղթանակը Ամբողջ Շրջանին Դէմ Սպառնալիք Մը Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Ահմատիենժատ
Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ Եգիպտոսի նախագահի արտաքին հարցերու խորհրդական Իսամ Հատտատի հետ Թեհրանի մէջ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին զգուշացուց, որ սուրիական ընդդիմութեան յաղթանակը պատճառ պիտի դառնայ անկայունութեան ալիքի մը, որ «ամբողջ շրջանին դէմ սպառնալիք» մը պիտի ըլլայ:
Ան նշեց, որ «խմբակի մը պատերազմի միջոցով իշխանութեան հասնիլը պատերազմի շարունակման եւ երկարատեւ անկայունութեան պիտի յանգեցնէ»` աւելցնելով, որ «Սուրիոյ մէջ անկայունութիւնը շրջանին մէջ այլ երկիրներուն ապահովութիւնը կը վտանգէ եւ ամբողջ շրջանին դէմ սպառնալիք մը պիտի ըլլայ»:
Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի խորհրդականը Թեհրան կ՛այցելէր Սուրիոյ տագնապին լուծման համար Եգիպտոսէն, Թուրքիայէն, Իրանէն եւ Սէուտական Արաբիայէն բաղկացած կապի խմբակի աշխատանքներուն ծիրին մէջ: «Ալամ» պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի յայտարարած է, որ Թեհրան պատրաստ է Սուրիոյ շուրջ կապի խմբակի ժողովը հիւրընկալելու:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով Լիբանան իր այցելութեան աւարտին Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ ռուսական դեսպանատան մէջ հանդիպում մը ունեցած է սուրիական ընդդիմութենէն Սուրիական համակարգումի յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղար Հասան Ապտել Ազիմի գլխաւորութեամբ պատուիրակութեան մը հետ, որ Սուրիայէն յատուկ կերպով եկած էր: Ան նշեց, որ իրենք յանձնախումբը սուրիական ընդդիմութեան մէկ հիմնական մասը կը նկատեն, որովհետեւ անոր Սուրիոյ տագնապի լուծման ծրագիրը կը համընկնի այդ հարցով Ռուսիոյ սկզբունքներուն:
Մինչ այդ, բրիտանական բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Տէյվիտ Ռիչըրտզ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը զգուշացուց, թէ Սուրիոյ մէջ զինուորական ուղղակի որեւէ միջամտութիւն կրնայ բրիտանական ուժերը ներքաշել ամբողջական պատերազմի մը մէջ, որուն հետեւանքները անկանխատեսելի են: Ան բանակի շարք մը հրամանատարներու հետ ունեցած դռնփակ նիստի մը ընթացքին կոչ ուղղեց քննելու, թէ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի սահմանափակ եւ չհաստատուած օգտագործումը սուրիական վարչակարգին դէմ զինուորական ուղղակի գործողութեան մը իսկապէս բաւարար պատճառաբանութի՞ւն է, թէ՞ ոչ:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կառավարութեան անդամ նախարարներուն թելադրեց Սուրիոյ տագնապին շուրջ յայտարարութիւններ չկատարել: Ան այդ ցուցմունքը տուաւ արտաքին գործոց փոխնախարար Զայիֆ Էլքինի այն յայտարարութենէն ետք, որ պէտք է Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւն կատարել, որովհետեւ վարչակարգը ընդդիմութեան դէմ քիմիական զէնք օգտագործած է:
Սուրիական ազատ բանակէն աղբիւրներ իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթին յայտնեցին, որ իսրայէլեան ռմբաձիգներ շաբաթ օր Դամասկոսի մէջ նախագահական պալատին վերեւ թռիչք կատարած են, ապա ռմբակոծած են հետազօտութեան կեդրոն մը, որ քիմիական զէնքերու յատուկ զօրաբաժինին կեդրոնատեղին կը նկատուի:
Մինչ այդ, ամերիկացի ծերակուտական Ճոն ՄքՔէյն երէկ յայտնեց, որ պէտք է Սուրիա ներխուժման միջազգային ուժ մը պատրաստել:


