Իտալիոյ Վարչապետի Գրասենեակին Առջեւ Հրացանաձգութիւն
Հռոմի մէջ, մինչ Իտալիոյ վարչապետի գրասենեակին մէջ իտալական նոր կառավարութեան երդման արարողութիւնը տեղի կ՛ունենար, գրասենեակին առջեւ տեղի ունեցաւ հրացանաձգութիւն մը: Իտալիոյ նոր ներքին գործոց նախարար Անճելինօ Ալֆանօ յայտնեց, որ դէպքը կը թուի անջատ դէպք մը ըլլալ` աւելցնելով, որ յաւելեալ հետաքննութիւն տեղի կ՛ունենայ:
Երկու ոստիկաններ եւ անցորդ մը վիրաւորած հրացանաձգութենէն ետք շուրջ 40 տարեկան անգործ տղամարդ մը ձերբակալուեցաւ: Հռոմի քաղաքապետ Ճիաննի Ալիմանօ յայտնեց, որ դէպքը ահաբեկչական արարք մը կարելի չէ նկատել:
CATEGORIES Միջազգային

