Ռաատ. «Յանձնառու Ենք Սալամի Պարտականութիւնը Դիւրացնելու Եւ Կը Մերժենք Անիրաւութիւնը»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ նշեց, որ իրենք ընդհանրապէս չէզոք կեցուածքի տէր են, սակայն երբ թշնամի Իսրայէլ միջամուխ կը դառնայ երկրին տագնապներուն, ապա իրենք ձեռնածալ չեն կրնար մնալ եւ կը ջանան ձախողութեան մատնել թշնամիին ծրագիրներն ու թիրախները:

Ռաատ յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն դիւրացնելու համար վարչապետ Թամմամ Սալամի թափած կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը` աւելցնելով, որ իրենք կը մերժեն ամէն տեսակի անիրաւութիւն:

Ռաատ մաղթեց, որ լիբանանեան քաղաքական մնացեալ կողմերը եւս կառչած մնան երկրին սահմանադրութեան եւ ազգային ուխտին:

Ան ընդգծեց, որ պահանջուած է կառավարութեան մէջ քաղաքական բոլոր կողմերուն տրամադրել արդար ներկայացուցչութիւն, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ հաւասարակշռութիւն եւ համախոհութիւն պարտադրել:

Share this Article
CATEGORIES